Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գործող օտար որեւէ դեսպանատուն իրաւունք չունի ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութեան միջամուխ դառնալու:
Ֆատլալլա հաստատեց, որ քանի մը օր առաջ այդ դեսպանատուներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները դիւանագիտական կանոններու խախտում կը նկատուին:
«Տեղեկատուութեան մարզը իր ազատութեամբ եւ բազմազանութեամբ պէտք է անդրադառնայ այս երեւոյթին եւ դատապարտէ զայն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենց համար հպարտութիւն է պահպանել Լիբանանի անվտանգութիւնն ու ազատագրումը:
«Շատ հաւանաբար լիբանանցին իր երկրին մէջ աւելի ապահով կը զգայ, քան խուճապ ստեղծող այդ դեսպանատուները ներկայացնող երկիրներուն մայրաքաղաքները», յայտնեց Ֆատլալլա, ընդգծելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուած է բանակին եւ ապահովական կառոյցներուն գործակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան զոհողութիւններով»:


