Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան բանակի Ռայաքի խարիսխին մէջ նախագահեց «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան մասնակցած բանակի զօրամասերը պարգեւատրելու յատուկ ձեռնարկին:
Ներկայ գտնուեցան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաք, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի, տարբեր դեսպանատուներու զինուորական կցորդներ, Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ նահատակուած բանակայիններուն ընտանիքները, «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին վիրաւորուած բանակայինները, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զինուորականներ:
Ձեռնարկը սկսաւ լիբանանեան քայլերգով եւ նահատակ բանակայիններու յիշատակը մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով:
Ապա զօր. Աուն պարգեւատրեց լիբանանեան բարձունքներու ազատագրման զինուորական գործողութեան մասնակցած զօրամասերը:
Զօր. Աուն նահատակ բանակայիններ Ուալիտ Ֆրէյի, Պասեմ Մուսայի, Ապպաս Ժաաֆարի, Արեֆ Տիպի, Էլի Ֆրէյժիի, Օսման Շտիտի եւ Եասեր Հայտար Ահմետի ընտանիքներուն յանձնեց յուշանուէրներ, ինչպէս նաեւ պարգեւատրեց վիրաւորները:
Իր արտասանած խօսքին մէջ զօր. Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ազատագրուած է լիբանանեան բանակի զոհողութիւններուն շնորհիւ: «Դո՛ւք էիք, որ ձեր զոհողութեամբ եւ յաղթանակի կամքով յաջողցուցիք «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը` պարտութեան մատնելով թշնամին: Այդ գործողութիւնը ամէն իմաստով եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ ձեռք բերուած յաջողութիւն մըն է: Սակայն մենք տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք եւ պէտք չէ գինովնանք յաջողութեան ուրախութեամբ», ըսաւ ան:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ ահաբեկչութեան որջերուն եւ ահաբեկչական բջիջներուն հետապնդումը պիտի շարունակուի, ձերբակալութիւնները պիտի շարունակուին` կազմաքանդելու համար այդ բջիջները եւ կանխարգիլելու Լիբանանի մէջ ապահովական որեւէ խախտում կամ ահաբեկչական գործողութիւն:
«Բանակին դէմ նախապէս յարձակած կամ այդ յարձակումներուն մեղսակցած բոլոր յանցագործներուն ձերբակալումները պիտի շարունակուին», ընդգծեց զօր. Աուն:
Ան շեշտեց, որ հայրենիքի հողին պաշտպանութեան համար նահատակուած բանակայիններուն արիւնը յումպէտս պիտի չհոսի, այլ հպարտութիւն պիտի ներշնչէ բանակին, շարունակելու իր առաքելութիւնը` կառչած մնալով իր նշանաբանին:
Նշենք, որ բանակի Ռայաքի խարիսխին մէջ ցուցադրուած էին «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին օգտագործուած հրասայլերը, հրթիռները, ական բացայայտող մեքենաներն ու անօդաչու թռչող սարքերը:
Նահատակ Բանակայիններուն Ընտանիքները
Ցաւակցութիւն Ընդունեցին. Հարիրի Կը Ցաւակցի
Նահատակ բանակայիններ Մոհամետ Եուսեֆի, Իպրահիմ Մղէյթի, Եհիա Խտըրի, Սէյֆ Զըպիանի, Մուսթաֆա Ուեհպէի եւ Հիւսէյն Ամմարի ընտանիքները շաբաթ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի «Մոհամետ Ամին» մզկիթին մէջ ցաւակցութիւններ ընդունեցին:
Վարչապետ Սաատ Հարիրի ուղղուեցաւ մզկիթ, ուր ցաւակցեցաւ նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն:
Ցաւակցութիւն յայտնեցին նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, երեսփոխաններ Ամմար Հուրի եւ Քասեմ Ապտել Ազիզ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի ներկայացուցիչ շէյխ Հասան Մըրհեպ, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ներկայացուցիչ գնդապետ Իմատ Տիմաշքիէ, հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ, Արսալէն պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, ինչպէս նաեւ քաղաքական տարբեր ուժերու ներկայացուցիչներ:
Մեկնումի պահուն Հարիրի ըսաւ, որ Զինուորական ատեանը նահատակ բանակայիններու թղթածրարին շուրջ հետաքննութիւն բացած է` աւելցնելով, որ ինք վստահութիւն ունի այդ ատեանին աշխատանքներուն նկատմամբ:
Ան շեշտեց, որ ոչ ոք կ՛ուզէ այդ հարցին վերաբերող ճշմարտութիւնները ծածկել` յայտնելով, որ ՏԱՀԵՇ ինք բանակայիններուն դէմ գործած է այդ ոճիրը: «Բոլորս գիտենք ՏԱՀԵՇ-ի ինքնութեան մասին, ինչպէս որ գիտենք, թէ բանակայինները առեւանգելու անոր նպատակը լիբանանցիներուն միջեւ համայնքային սադրանքի նախապատրաստութիւնն էր, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, երբ նախագահական աթոռը թափուր էր, իսկ ներքին քաղաքական կեանքը` տարակարծութեան փոթորիկներու ենթակայ: Պէտք է հանդարտիլ եւ սպասել. ես նահատակի զաւակ եմ, եւ 12 տարիէ ի վեր կը սպասեմ հօրս սպանութեան ճշմարտութեան բացայայտումին», ըսաւ Հարիրի:
Իր կարգին, Ռուքոզ ընդգծեց, որ առեւանգուած եւ ապա նահատակուած բանակայիններու թղթածրարին մասին ճշմարտութեան բացայայտումը ազգային պատասխանատուութիւն է: Ան շեշտեց, որ այդ հարցը ազգային բնոյթ ունի` աւելցնելով, որ հետաքննութիւնը պէտք է ըլլայ ամբողջական:
Ցաւակցութիւններուն աւարտին նահատակ բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ շեշտեց, որ իրենց նուազագոյն պահանջը Պիլալ եւ Օմար Միքաթիները մահապատիժի ենթարկելն է: «Ամօ՛թ մեր պետութեան, որ կ՛արտօնէ այդ ոճրագործներուն յայտարարել, թէ իրենց գործած ոճիրին համար չեն զղջար եւ երբ դուրս գան բանտէն, դարձեալ բանակայիններ պիտի գլխատեն», ըսաւ Եուսեֆ:
Ան շեշտեց, որ նահատակ բանակայինները ծնած մայրերուն զգացումներուն հետ խաղալը իր կարգին ամօթ է` աւելցնելով, որ ոմանք կը փորձեն իրենց զաւակներուն թափած արիւնը շահագործել:
Եուսեֆ իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ նահատակ բանակայիններու ընտանիքները կատարեալ վստահութիւն ունին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի նկատմամբ:


