Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հարցազրոյցին Մասին Մեկնաբանութիւններու Շարք Մը
Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ նախանցեալ երեկոյեան կատարուած հարցազրոյցին մեկնաբանութիւնները երէկ ողողեցին լիբանանեան մամուլը, լսատեսողական միջոցները, ընկերային ցանցերն ու ժողովուրդին սմարթ բջիջայինները: Մինչ լիբանանցիները` ըլլան անոնք ղեկավար թէ սովորական քաղաքացի, զբաղած էին վարչապետին կեցուածքները վերլուծելով, Հարիրի Ռիատի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Մըքելի Սերվոն Տորսոն, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ դեսպանները` Տիթըր Ուըլթըր...



















