Լիբանանեան

Հարիրիի Լիբանան Այցելութեան Նախատեսութիւններուն  Զուգահեռ Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Շարունակէ  Իր Հանդիպումները, Որոնց Շարքին  Պիտի Ըլլայ Նաեւ Ռայի Պատրիարքին Հետ Տեսակցութիւնը

Հարիրիի Լիբանան Այցելութեան Նախատեսութիւններուն Զուգահեռ Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Շարունակէ Իր Հանդիպումները, Որոնց Շարքին Պիտի Ըլլայ Նաեւ Ռայի Պատրիարքին Հետ Տեսակցութիւնը

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Պէյրութ վերադարձին գծով յոյսերը կը մնան բարձր, իսկ անպաշտօն տեղեկութիւններ կը շեշտեն, որ ժամերու այցելութեամբ Հարիրի պիտի ուղղուի Պէյրութ` իր հրաժարականը պաշտօնապէս ներկայացնելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Այդ տեղեկութիւններուն շրջագիծին մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին հաղորդուեցաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի անձնական օդանաւը Ռիատէն թռիչք առած էր դէպի Պէյրութ, ուր պիտի հասնէր մէկուկէս ժամ ետք: Օդանաւին...

Պըրրի. «Վարչապետին Հրաժարականը  Պաշտօնական Չէ, Իսկ Կառավարութիւնը  Կը Շարունակէ Լիիրաւ Գործել»

Պըրրի. «Վարչապետին Հրաժարականը Պաշտօնական Չէ, Իսկ Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Լիիրաւ Գործել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, թէ կառավարութիւնը տակաւին կը գործէ` աւելցնելով, որ սահմանադրական կարգով հրաժարական չէ ներկայացուած: «Մենք կը սպասենք վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին, որպէսզի կարելի ըլլայ ըստ այնմ որոշում տալ», ըսաւ Պըրրի: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիները իրենց սպառնացող բոլոր տագնապները դիմագրաւած են` ազգային միասնականութեամբ զինուելով: «Այսօր աւելի...

Միւֆթի Տըրիան Շարունակեց Ընդունիլ  Լիբանանցի Պատասխանատուներ  Եւ Քաղաքական Անձնաւորութիւններ

Միւֆթի Տըրիան Շարունակեց Ընդունիլ Լիբանանցի Պատասխանատուներ Եւ Քաղաքական Անձնաւորութիւններ

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ շարունակեց ընդունիլ լիբանանցի պատասխանատուներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ երկրին մէջ ստեղծուած անորոշութիւնը, հրաժարականին պատճառներն ու այդ տագնապին լուծման կարելիութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ այցելեց միւֆթի Տըրիանի, որուն հետ հանդիպելէ ետք ըսաւ, որ վարչապետի պաշտօնին գծով կառչած...

Վարչապետ Հարիրիի Հրաժարականին  Եւ Անոր Պատճառներուն Մասին  Օտար Պետութիւններու Մեկնաբանութիւններ

Վարչապետ Հարիրիի Հրաժարականին Եւ Անոր Պատճառներուն Մասին Օտար Պետութիւններու Մեկնաբանութիւններ

Former Lebanese prime minister Saad Hariri leaves at the end of a meeting with the French president at the Elysee Palace in Paris on October 7, 2014. AFP PHOTO/ ALAIN JOCARD Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին մասին նախապէս անտեղեակ ըլլալուն մասին կատարած յայտարարութեան զուգահեռ, երէկ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ով հրատարակուած յօդուած մը կը զգուշացնէ, թէ Ռիատի որդեգրած...

Ֆուշէ Պըրրին Հրաւիրեց  Ֆրանսա Եւ Այցելեց Միքաթիի

Ֆուշէ Պըրրին Հրաւիրեց Ֆրանսա Եւ Այցելեց Միքաթիի

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէ երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր յանձնեց Ֆրանսա այցելութեան հրաւէր մը: Ֆուշէ այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք: Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Ֆուշէի այցելութեան հիմնական նպատակը Հարիրիի հրաժարականին քննարկումն էր` աւելցնելով, որ եթէ...

Ռիչըրտ Բանակին 42,9 Միլիոն Տոլարի  Փոխանցում Կը Կատարէ` Շեշտելով Լիբանանի  Կայունութեան Նկատմամբ  Ուաշինկթընի Յանձնառութիւնը

Ռիչըրտ Բանակին 42,9 Միլիոն Տոլարի Փոխանցում Կը Կատարէ` Շեշտելով Լիբանանի Կայունութեան Նկատմամբ Ուաշինկթընի Յանձնառութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը` ընկերակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխնախարար, ամերիկեան օդուժի պետ Հայտի Կրենթի եւ անոր ընկերակցող զինուորական պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս երկու բանակներուն միջեւ յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը: Ռիչըրտ գնահատեց ահաբեկչութեան դէմ լիբանանեան բանակին իրականացուցած նուաճումները` ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ: Ռիչըրտ բանակի հրամանատարին...

Նախագահին Հետ Հանդիպումէն Ետք.  Բագրատունի. «Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Նախագահին Հետ Հանդիպումէն Ետք. Բագրատունի. «Տագնապը Երկարատեւ Պիտի Չըլլայ»

Լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ հանրապետութեան նախագահի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ յետմիջօրէին այցելեց նախագահական պալատ: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ հանդիպելէ ետք Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայիս համբերատար զգուշաւորութիւնը տիրական է, որովհետեւ նման հարցեր ժամանակի կը կարօտին: «Տագնապը քաղաքական է, եւ մենք կարիքը ունինք իմանալու վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին իսկական պատճառները»,...

Նախագահ Աուն Երկրին Քաղաքական Բոլոր  Ղեկավարներուն Հետ Քննարկեց Հարիրիի  Հրաժարականը. Խորհրդակցութիւնները  Այսօր Եւս Կը Շարունակուին

Նախագահ Աուն Երկրին Քաղաքական Բոլոր Ղեկավարներուն Հետ Քննարկեց Հարիրիի Հրաժարականը. Խորհրդակցութիւնները Այսօր Եւս Կը Շարունակուին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ երկրին քաղաքական բոլոր ղեկավարներուն հետ: Ամբողջ օր մը տեւած հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին հետեւանքով ստեղծուած տագնապն ու անոր լուծման հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամուր ու անխախտ պահելու կարեւորութիւնը: Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիէն, որ հաստատեց, որ լիբանանեան...

Հարիրի Այցելեց Ապու Տապի

Հարիրի Այցելեց Ապու Տապի

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Սէուտական Արաբիայէն ուղղուեցաւ Ապու Տապի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ իշխան, զինեալ ուժերու փոխհրամանատար շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Ապու Տապիի երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի վերադարձաւ Ռիատ:

Միւֆթի Տըրիան Մեծ Թիւով  Անձնաւորութիւններու Հետ Շարունակեց  Քննարկել Հարիրիի Հրաժարականին  Վերաբերող Մանրամասնութիւնները

Միւֆթի Տըրիան Մեծ Թիւով Անձնաւորութիւններու Հետ Շարունակեց Քննարկել Հարիրիի Հրաժարականին Վերաբերող Մանրամասնութիւնները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց մեծ թիւով անձնաւորութիւններ, որոնց հետ շարունակեց քննարկել Հարիրիի հրաժարականին վերաբերող մանրամասնութիւններն ու Լիբանանի մէջ ստեղծուած այս տագնապը լուծելու հեռանկարները: Հանդիպումներուն ընթացքին հանրապետութեան միւֆթին բարձր գնահատեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կեցուածքը` հանդարտութեամբ եւ համբերութեամբ լուծելու այս տագնապը: Միւֆթի Տըրիան մաղթեց, որ երկրին քաղաքական բոլոր...

Պասիլ – Սէյիտ Նասրալլա Հանդիպում

Պասիլ – Սէյիտ Նասրալլա Հանդիպում

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ նախանցեալ գիշեր հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային քաղաքական իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ յաջորդ փուլին գծով մտահոգութիւններ չկան:

«Համախմբումը Կ՛ընդգծէ Երեսփոխանական  Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին  Կատարելու Կարեւորութիւնը»  Շեշտեց Խաթիպ

«Համախմբումը Կ՛ընդգծէ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Կատարելու Կարեւորութիւնը» Շեշտեց Խաթիպ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պարտականութիւնն է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին պատճառները իմանալ: Խաթիպ նշեց, որ համախմբումը նիստին ընթացքին ընդգծած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարելու կարեւորութիւնը: Ան կոչ ուղղեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն ու...

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պիտի  Սպասենք Հարիրիի Վերադարձին»

Մուսթաքպալ Պլոք. «Պիտի Սպասենք Հարիրիի Վերադարձին»

Մուսթաքպալ պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի: Նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ Մուսթաքպալ պլոքը շեշտեց, որ իրենք կը հետեւին Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ունեցած հանդիպումներուն եւ պիտի սպասեն անոր վերադարձին: Պլոքը մաղթեց, որ Լիբանան իր դիմագրաւած տագնապէն դուրս գայ, եւ որոշեց իր նիստերը բաց ձգել:  

Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Տեղեկատուական Է  Եւ Ոչ Սահմանադրական. Զայն  Կարելի Է Ձայնային Ռումբ Մը Նկատել»

Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Տեղեկատուական Է Եւ Ոչ Սահմանադրական. Զայն Կարելի Է Ձայնային Ռումբ Մը Նկատել»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերը: Ապու Ֆաուր, որ Պըրրիի մօտ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ, հանդիպումէն ետք մեկնեցաւ առանց մեկնաբանութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ղազի Արիտի, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Այն Թինէի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱն բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ ձերբակալած է ՏԱՀԵՇ-ի երկու պատասխանատուներ, իսկ Քաայի բարձունքներուն վրայ բացայայտած է ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող զէնքի ու զինամթերքի պահեստանոց: ԵԳԻՊՏՈՍԻ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի, անդրադառնալով Սաատ Հարիրիի հրաժարականին, յայտնեց, որ Լիբանանի նախորդ փորձառութիւնները պիտի օժանդակեն փրկելու անոր կայունութիւնը: ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց Յորդանանի մէջ Լիբանանի դեսպան Թրէյսի Շամունը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը...

Պըրրի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Աունի Կեցուածքին`  Չընդունելու Հարիրիի Հրաժարականը

Պըրրի Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Աունի Կեցուածքին` Չընդունելու Հարիրիի Հրաժարականը

Սապհան. «Լիբանանի Կառավարութիւնը Պիտի Նկատենք Պատերազմի Յայտարարութեան Կառավարութիւն` Հըզպալլայի Պատճառով» Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձին շուրջ անորոշութիւնը կը յամենայ, եւ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերը կը պահեն իրենց զսպուածութիւնը` առանց իրարու հասցէին ցեխարձակումներ կատարելու ու մթնոլորտը ելեկտրականացնելու: Ռիատի մէջ Հարիրիի պատանդ դառնալու կասկածները իրենց կարգին կը մնան գերակշիռ, հաւանաբար նաեւ այդ պատճառով, երէկ կէսօրին Հարիրի, որուն մտերիմները հաստատեցին, որ հեռաձայնային...

Նախագահ Աուն – Բագրատունի Հեռաձայնային Խորհրդակցութիւն

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի անակնկալ հրաժարումէն անմիջապէս ետք, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խորհրդակցական հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ լիբանանեան քաղաքական ղեկավարներու հետ: Այս ծիրին մէջ, շաբաթ կէսօրէ ետք, նախագահ Աուն նմանօրինակ խորհրդակցութիւն ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի հետ, որուն ներկայացուց Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակը եւ այդ գծով իր մտահոգութիւններն ու դիմելիք քայլերը: Նախագահ Աուն...

Վարչապետ Հարիրիի Անակնկալ Հրաժարականը Հնչեց Ռիատէն. Քաղաքական Անորոշութիւն Երկրին Մէջ.   Նախագահ Աուն Պիտի Սպասէ Հարիրիի Պէյրութ  Վերադարձին` Ըստ Այնմ Որոշում Տալու

Վարչապետ Հարիրիի Անակնկալ Հրաժարականը Հնչեց Ռիատէն. Քաղաքական Անորոշութիւն Երկրին Մէջ. Նախագահ Աուն Պիտի Սպասէ Հարիրիի Պէյրութ Վերադարձին` Ըստ Այնմ Որոշում Տալու

Սէյիտ Նասրալլա. «Ի՞նչ Պատահեցաւ Վերջին 24 Ժամուան Ընթացքին. Իրաւունք Ունինք Կասկածելու, Թէ Հարիրի Ռիատի Մէջ Պատանդ Է» Լիբանանցիները վարժ են «Դէպի Ռիատ աշխատանքային այցելութիւն» անուանումը կրող վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիա կատարած յաճախակի այցելութիւններուն, սակայն անցեալ ուրբաթ օր կատարուած այցելութիւնը երկրին մէջ ստեղծեց տհաճ, տխուր ու լուռ մթնոլորտ եւ քաղաքական անորոշութիւն, երբ վարչապետը անակնկալօրէն Ռիատէն յայտարարեց, թէ կը հրաժարի իր...

Պէյրութի Մէջ.   «Նախագահ Աունի Օրով Լիբանան Ամէնէն  Ապահով Եւ Կայուն Երկիրներէն Է»   Շեշտեց Վիլայեթի

Պէյրութի Մէջ. «Նախագահ Աունի Օրով Լիբանան Ամէնէն Ապահով Եւ Կայուն Երկիրներէն Է» Շեշտեց Վիլայեթի

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի միջազգային հարցերու խորհրդատու Ալի Աքպար Վիլայեթի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալիի: Երեկոյեան Վիլայեթի այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւնները, Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներու հարցին ունեցած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային զարգացումները: Վիլայեթի ողջունեց Լիբանանի անկախութիւնը...

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Լիբանանի  Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Մշակութային Գործակցութիւնը  Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Նախագահ Աուն Ընդգծեց Լիբանանի Եւ Ֆրանսայի Միջեւ Մշակութային Գործակցութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրանսուազ Նիսենը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշիէի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ֆրանսայի միջեւ յարաբերութիւնները հինէն կու գան եւ ամուր են` աւելցնելով, որ վերջերս Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ համաձայնած է շարք մը հարցերու շուրջ, յատկապէս...

Page 691 of 987 1 … 690 691 692 … 987

Արխիւներ