Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հարցազրոյցին Մասին Մեկնաբանութիւններու Շարք Մը

Նոյեմբեր 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ նախանցեալ երեկոյեան կատարուած հարցազրոյցին մեկնաբանութիւնները երէկ ողողեցին լիբանանեան մամուլը, լսատեսողական միջոցները, ընկերային ցանցերն ու ժողովուրդին սմարթ բջիջայինները:

Մինչ լիբանանցիները` ըլլան անոնք ղեկավար թէ սովորական քաղաքացի, զբաղած էին վարչապետին կեցուածքները վերլուծելով, Հարիրի Ռիատի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Մըքելի Սերվոն Տորսոն, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ դեսպանները` Տիթըր Ուըլթըր Հոլըր եւ Սայմըն Քոլինզ:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընկերային ցանցերուն վրայ կատարուած գրառումի մը ընդմէջէն ընդգծեց, թէ ինք ուրախ կը զգայ մօտիկ ապագային Հարիրիի վերադարձին մասին անոր իսկ կատարած յայտարարութեան համար:

«Հարիրիի վերադարձէն ետք է, որ պիտի իմանանք բոլոր պատճառները, պայմաններն ու մտահոգութիւնները, որոնք լուծման կարիք ունին», նշեց նախագահ Աուն:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի նշեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը յետս կոչելու կամեցողութիւնը արդար է:

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիայէն վարչապետ Հարիրիի ուղիղ հարցազրոյցը հանգստացուցած է լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ լաւատեսութիւն առթած է անոր վերադարձին առումով:

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ յետմիջօրէին գումարեց արտակարգ նիստ մը, որմէ ետք բարձր գնահատեց իր ղեկավարին կեցուածքները, որոնք պետական այրի մը կեցուածքներն են եւ կը փաստեն անոր կշիռը` ազգային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ:

Մուսթաքպալ պլոքը զօրակցութիւն յայտնեց Հարիրիի արտայայտած կեցուածքներուն նկատմամբ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ազգային երկխօսութեան, որուն նպատակն է լուծել լիբանանեան ներքին հարցերն ու անոնց պատճառները:

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաստատեց, որ հակառակ դժուարութիւններուն եւ խոչընդոտներուն, Սաատ Հարիրի կը մնայ համաձայնութիւններու եւ երկխօսութեան այրը, պետական այրը:

Փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի շեշտեց, որ Հարիրիի կեցուածքները կը փաստեն, թէ հանրապետութեան նախագահին շուրջ գոյացած ազգային միասնականութիւնը յաղթած է:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախկին նախագահ Քերիմ Բագրատունի շեշտեց, որ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ կալանքի տակ կը գտնուի եւ անոր բոլոր խօսքերը ճնշումի տակ արտայայտուած են:

Նախկին նախարար Սըժաան Քազզի շեշտեց, որ Հարիրիի կեցուածքները ցուցանիշ են, թէ ան ազատ վարչապետ մը չէ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ընդգծեց, որ կարելի է նախագահական համաձայնութիւնը փրկել, եթէ Լիբանանի կառավարութիւնը կառչած մնայ շրջանային հարցերէն ինքզինք զերծ կացուցելու քաղաքականութեան:

Ազատ Նասըրականներու (Մուրապիթուն) շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի տնային կալանքի ենթարկուած է` աւելցնելով, իրենց համար Լիբանանի արժանապատուութիւնը առաջնահերթ է:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ Իրանի կողմէ լիբանանեան ներքին հարցերուն չմիջամտելը կարեւոր պայման մըն է` շրջանին կայունութիւնը ապահովելու համար:

Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիա իր կարգին պէտք չէ միջամուխ դառնայ Լիբանանի ներքին հարցերուն:

Ան նշեց, որ Ռիատէն Հարիրիի յայտարարած հրաժարականը Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապ ստեղծած է` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապին լուծում մը գտնելու բանալին լիբանանցի քաղաքական բոլոր պատասխանատուներուն ազատ շարժելու իրաւունքն է: Այս իրաւունքին զուգահեռ այլ պետութիւններուն մօտ քաղաքական սկզբունքի պէտք է վերածել Լիբանանի ներքին հարցերուն չմիջամտելը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասիմի յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը կասկածելի էր, անյստակ եւ անակնկալ:

Քասիմի ընդգծեց, որ Իրան Լիբանանի ներքին հարցերուն միջամուխ չի դառնար` մաղթելով, որ Հարիրի ամէնէն մօտիկ ապագային վերադառնայ Լիբանան:

Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ Պաղտատ կը շարունակէ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցիլ` լուծելու համար Լիբանանի տագնապը:

Նախորդը

Նախագահական Պալատը Սկսաւ Ընդունիլ Դպրոցական Պատուիրակութիւնները

Յաջորդը

Պասիլ. «Առաւելագոյնը Չորեքշաբթի Օր Կ՛ակնկալուի Հարիրիի Վերադարձը Պէյրութ»

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?