Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տար Ֆաթուայի Մէջ . «Ոչխարի Հօտ Մը Չենք, Իսկ Լիբանանի Մէջ Քաղաքականութիւնը Ընտրութեան Վրայ Հիմնուած Է Եւ Ոչ Թէ Յորջորջումներու» Շեշտեց Մաշնուք

November 10, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ չորրորդ օրն ըլլալով Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց լիբանանցի պատասխանատուներ եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց հետ քննարկեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին վերաբերող հարցերն ու տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ յայտնեց, թէ Լիբանան կը դիմագրաւէ ազգային լուրջ հարց մը, որուն գծով պէտք է միւֆթի Տըրիանի հետ մնայուն խորհրդակցութիւն կատարուի եւ համաձայնութիւն գոյացուի` իմաստութեամբ եւ հանդարտօրէն գործելու նպատակով:

Մաշնուք նշեց, որ լիբանանցի բոլոր ղեկավարները պատասխանատուութեամբ կը գործեն` հաստատելով, որ պէտք է ըմբռնումի միացեալ կանոնի մը շուրջ համաձայնիլ յաջորդող օրերուն արձանագրուելիք աշխատանքին համար:

Մաշնուք նշեց, որ յաջորդ փուլին իրենց գործելաձեւը կը ճշդէ վարչապետ Սաատ Հարիրին` Լիբանան վերադառնալէ եւ պատասխանատուներուն հետ հանդիպելէ ետք:

Անդրադառնալով իշխանութիւնը Սաատ Հարիրիէն անոր եղբօր` Պահաէտտին Հարիրիին փոխանցելու արտայայտութիւններուն` Մաշնուք ըսաւ, որ նման առաջարկներ եւ վերլուծումներ տգիտութեան ցուցանիշներ են եւ կը հակադրուին Լիբանանի քաղաքական կեանքին: «Մենք ոչխարի հօտ մը չենք, իսկ Լիբանանի մէջ քաղաքականութիւնը ընտրութեան վրայ հիմնուած է եւ ոչ թէ յորջորջումներու», ըսաւ Մաշնուք:

Միւֆթի Տըրիանի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլան:

Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ Հարիրի կը ներկայացնէ ազգային արժանապատուութիւնը, Լիբանանի կառավարութիւնը եւ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէկ մասը:

«Հարիրի ցարդ երկրին լիիրաւ վարչապետն է եւ անոր բացակայութիւնը բոլոր լիբանանցիները կը մտահոգէ` անկախ տիրող քաղաքական տարակարծութիւններէն», ըսաւ Արսլան:

Երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզ իր կարգին այցելեց միւֆթի Տըրիանի, որուն հետ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ Մընիէ-Տըննիէի բնակիչները կը զօրակցին Տըրիանի` սպասելով Հարիրիի վերադարձին:

Տար Ֆաթուայի այցելուներէն եղաւ նաեւ լիբանանեան բանակի հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ:

Միւֆթի Տըրիանի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք Ռուքոզ յայտնեց, որ այս փուլին միւֆթին Լիբանանի խիղճն է` մաղթելով, որ բոլոր հարցերուն լուծումը դիւրաւ կարելի ըլլայ ապահովել:

 

Նախորդը

Զօր. Աուն. «Հարիրիի Հրաժարականէն Ետք Լիբանանի Ապահովութիւնը Կայուն Է` Շնորհիւ Լիբանանցիներուն Գիտակցութեան»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Երկուշաբթի Օր Պիտի Մեկնի Սէուտական Արաբիա` Իր Հետ Ունենալով Նախագահ Աունէն Նամակ Մը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.