ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ շեշտեց. «Կը պահանջենք, որ երկրին վարչապետը` Սաատ Հարիրի վերադառնայ Պէյրութ»: Ան կոչ ուղղեց արտերկրի լիբանանցիներուն արձանագրուելու, որպէսզի անոնք իրենց քուէարկութեամբ կարենան մասնակցիլ երեսփոխանական ընտրութիւններուն:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ. «Սաատ Հարիրիէն բացի այլ վարչապետի մասին մտածել կը նշանակէ Լիբանանը մղել դէպի անորոշութիւն: Պէտք է զգուշանալ»:
ԵԳԻՊՏՈՍԻ նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմի յայտարարութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ կառավարական աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած են, թէ լիբանանեան իշխանութիւններուն կարծիքով` վարչապետ Սաատ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ բանտարկուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի անմիջապէս կրնայ չեղեալ նկատել իր հրաժարականը, եթէ Հըզպալլա դադրի շրջանային տագնապներուն միջամուխ ըլլալէ:
Ժահժահ յայտնեց, որ Հարիրիի հրաժարականին պատճառը զինք չէ զարմացուցած, «բայց եւ այնպէս այս փուլին անոր հրաժարականը անսպասելի էր», ըսաւ ան:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ յայտնեց, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացակայութեան երկարատեւ ըլլալուն պարագային, կոչ կ՛ուղղեն կազմելու կառավարութիւն մը, որուն անդամները երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածուներ չըլլան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը սահմանադրական է, իսկ հրաժարականին պատճառներուն լուծումը` դժուար:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ առաւօտեան թռիչքներ գործեց Նապաթիէի եւ անոր շրջակայքին վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Սելիմ Աուն շեշտեց, որ Սաատ Հարիրի տակաւին վարչապետ կը մնայ, այնքան ատեն որ նախագահական պալատէն անոր հրաժարականը ընդունելու պաշտօնական շրջաբերականը չէ հրապարակուած:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ, իր խօսքը ուղղելով Սէուտական Արաբիոյ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհանին ըսաւ. «Դիմադրութեան երկիր Լիբանանը կը սպասէ ձեր սպառնալիքներուն գործադրութեան»:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի վերադառնայ Լիբանան` նախագահելու համար կառավարութեան մը, որմէ կը պահանջուի քաղաքական, տեղեկատուական եւ հաւանաբար զինուորական «խենթութիւն» մը գլխաւորել Հըզպալլայի դէմ` գործակցութեամբ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի: Սէյիտ նշեց, որ Հարիրիի ներում շնորհելու գրաւը այս է, եւ անոր կը զօրակցին նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղը սղած է 300 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` 200 լ. ոսկիով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի որդեգրած քայլերը պիտի չարտօնեն, որ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի երկար բացակայի Լիբանանէն:
«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականէն ետք, Լիբանան մուտք գործած է շրջանային տագնապին մէջ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ հաստատած են, որ Լիբանանի դիմագրաւած տագնապին լուծումը ապահոված կ՛ըլլան` վարչապետի պաշտօնին համար երեսփոխան Պահիա Հարիրիի թեկնածութիւնը առաջադրելով:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը անկարելի է, որ ընդունի շրջանին մէջ սիւննի-շիի սադրանքներու նախապատրաստութիւնը:
Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ կը հաստատեն, որ առանց Հըզպալլայի կարելի չէ մասնագէտներէ բաղկացած կամ որեւէ նոր կառավարութիւն կազմել:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին թելադրած է յետաձգել Սէուտական Արաբիա կատարելիք իր այցելութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի մօտիկ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնած են, թէ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը մերժէ մաս կազմել այնպիսի կառավարութեան մը, որուն մէջ Հըզպալլան ներկայացուած է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն,Պէյրութի մէջ կը գումարուին միջսիւննիական հանդիպումներ, որոնց նպատակն է վարչապետ Սաատ Հարիրին «ազատ արձակել», այլապէս անոնք կը միտին Սէուտական Արաբիոյ դէմ ըմբոստութեան մը սկսիլ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ իշխան շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիան հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ Էմիրութիւնները կը զօրակցին Լիբանանին` շրջանային մարտահրաւէրներուն եւ միջամտութիւններուն լոյսին տակ:


