Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Պուխարիէն Կը Պահանջէ Հարիրիի Տունդարձը, Իսկ Սէյիտ Նասրալլա Կը Դատապարտէ Վարչապետին Հրաժարականը Պարտադրելու Եւ Զայն Արգելափակուած Պահելու Սէուտական Արարքը

Նոյեմբեր 11, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մէկ շաբթուան բացակայութենէն ետք ան կը մնայ Լիբանանը եւ լիբանանցին յուզող միակ հարցը: Ամէնուրեք Հարիրիի խնդիրն է, որ կը քննարկուի. «Վարչապետը չէ վերադարձած, պիտի վերադառնայ, բանտարկուած է, առեւանգուած է …» եւ նման արտայայտութիւններու շարք մը:

Այս շարքին կը յաջորդէ երկրին մէջ տիրող ընդհանուր մտահոգութիւնը, որուն հիմնական ակնարկութիւնը կ՛երթայ Լիբանանի դէմ պատերազմին եւ տնտեսական արդէն տագնապալի իրավիճակի յաւելեալ վատթարացման:

Միւս կողմէ, ժողովրդային մակարդակի վրայ, Պէյրութի Թարիք Ժտիտէ շրջանին մէջ բարձրացան Հարիրիի որմազդները, որոնք կը կրէին «Բոլորս Սաատ ենք» կարգախօսը:

Ժողովուրդը այդ քայլով պահանջեց իր վարչապետին վերադարձը:

Միւս կողմէ, Թրիփոլիի մէջ նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի բարձրացուց Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին եւ Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ գահաժառանգ իշխանին որմազդները եւ Թաքուա մզկիթին շրջափակէն ողջունեց Սէուտական Արաբիան, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց Մուսթաքպալ հոսանքին` վերադառնալու իր սկզբունքներուն:

Քաղաքական մակարդակի վրայ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շարունակեց իր հանդիպումներն ու խորհրդակցութիւնները, որոնք երէկ կեդրոնացան Լիբանանի մէջ դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումներուն վրայ:

Կրօնական մակարդակի վրայ, հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շարունակեց իր հանդիպումները:

Սակայն այս բոլորին զուգահեռ, ամէնէն ցնցիչը եղան Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի բացայայտած տեղեկութիւններն ու երկրին մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը կատարեալ իրապաշտութեամբ հակակշռելու անոր յանձնառութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա. «Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Արգելափակուած Է, Իսկ Այս Փուլը Կրնանք Դիմագրաւել Մեր Միասնականութեամբ»

Իմամ Հիւսէյնի նահատակութեան քառասունքին եւ Նահատակի օրուան առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի վկայած միամեայ նուաճումներէն ետք` պետական, ապահովական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ, անցեալ շաբաթ Լիբանան մուտք գործեց նոր փուլ մը, որ բաւական լուրջ է, սակայն ոչ վտանգաւոր:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ հանրապետութեան նախագահին ընտրութենէն ետք երկրին մէջ ստեղծուած դրական մթնոլորտը արդիւնք էր երկրին քաղաքական ուժերուն միջեւ գործակցութեան: «Աննախընթաց դրական այդ վիճակը, ինչպէս նաեւ իրարու հետ գործելու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն պատրաստակամութիւնը կրնար շարունակուիլ եւ արդիւնաւորուիլ երեսփոխանական ընտրութիւններով, սակայն այդ իրավիճակը փոխուեցաւ, երբ վարչապետ Հարիրի Սէուտական Արաբիա կանչուեցաւ եւ ճնշումի տակ հրաժարեցաւ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Հարիրիի հրաժարականը պարտադրելով եւ Լիբանանի դէմ սպառնալով Սէուտական Արաբիա կը փաստէ, թէ ինք բացայայտօրէն կը միջամտէ Լիբանանի ներքին հարցերուն: «Բոլոր լիբանանցիներուն եւ աշխարհին համար այսօր յստակ է, որ Հարիրի Սէուտական Արաբիոյ մէջ արգելափակուած է եւ անոր Լիբանան վերադարձը արգիլուած է», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա` աւելցնելով, որ Ռիատ կը փորձէ Մուսթաքպալ հոսանքին նոր ղեկավար, իսկ Լիբանանին նոր վարչապետ պարտադրել:

Ան յայտնեց, որ Ռիատ կը ջանայ նաեւ միջլիբանանեան սադրանքներ հրահրել, իսկ լիբանանցիներուն կողմէ այդ հրահրումներու անտեսումին պարագային լիբանանցիները կ՛ամբաստանէ տկար ըլլալու յանցանքով, քաղաքացիները տուն կանչելով եւ Ծոցի երկիրները Լիբանանի դէմ լարելով:

«Իսկ այս բոլորին մէջ ամէնէն վտանգաւորը կը մնան Իսրայէլը Լիբանանի դէմ տրամադրելու սէուտական ճիգերը, որոնց նպատակն է Իսրայէլը համոզել Լիբանանի դէմ պատերազմելու, ինչ որ իր կարգին Լիբանանի դէմ պատերազմ կը նկատուի», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իրենց հարցեր ունենալու խնդիրը ճիշդ է, սակայն խնդիրները այդպէս չեն լուծուիր:

«Մենք կը դատապարտենք Լիբանանի վարչապետին դէմ Ռիատի վարկաբեկիչ կեցուածքը, որ ամբողջ Լիբանանը վարկաբեկելու համազօր է: Կը դատապարտենք Սէուտական Արաբիոյ կողմէ Հարիրիի վրայ բանեցուած ճնշումը` կարդալու իր չգրած հաղորդագրութիւնը եւ արգիլելու անոր տունդարձը: Կը զօրակցինք  Մուսթաքպալ հոսանքին` վարչապետին վերադարձը սպասելու արդար իրաւունքին առումով, նոյնիսկ եթէ ան Պէյրութ վերադառնալէ ետք որոշէ հրաժարիլ եւ մեկնիլ Լիբանանէն», շեշտեց Նասրալլա:

Ան նշեց, որ առ այդ, վարչապետին հրաժարականը կը նկատուի ապօրինի եւ հակասահմանադրական, հետեւաբար կառավարութիւնը կը գործէ նոյն օրինականութեամբ եւ ընթացիկ աշխատանքի կառավարութեան չի վերածուիր:

Սէյիտ Նասրալլա բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն գիտակցութիւնը, նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խոհեմութիւնն ու իմաստութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային միասնականութեան անոնց կառչածութիւնը` կոչ ուղղելով բոլոր լիբանանցիներուն զօրակցելու իշխանութեան երկու պետերուն կեցուածքներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ պահպանել Լիբանանի անդորրն ու լիբանանցիին անվտանգութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց  նաեւ, որ իրենք տեղեկութիւններ ունին, թէ Սէուտական Արաբիա Իսրայէլէն պահանջած է Լիբանանի դէմ պատերազմ սանձազերծել` խոստանալով այդ պատերազմը տասնեակ միլիառաւոր տոլարներով ֆինանսաւորելու:

«Հոս կ՛ուզեմ զգուշացնել Իսրայէլը, որ Հըզպալլա շատ հզօր է եւ երբեք մտահոգ չէ», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ իսրայէլացիներուն շահերը Լիբանանի դէմ պատերազմ չեն ենթադրեր, հետեւաբար անոնք պատրաստ չեն Սէուտական Արաբիոյ պատերազմը մղելու:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Ռիատ Հըզպալլայէն կ՛ընդվզի, սակայն անոր բուն հարցը Իրանին հետ է: «Մեզմէ ընդվզելու Ռիատի պատճառները կը հասկնանք, սակայն վարկաբեկումը մեզի համար անհասկնալի է», նշեց ան:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը աւելցուց, որ Սէուտական Արաբիա ամէնէն աւելի Հըզպալլայէն ընդվզած է Եմէնի հարցով` աւելցնելով, որ Եմէնի հարցը զուտ մարդկային հարց է, եւ իբրեւ այդպիսին Հըզպալլա պիտի զօրակցի եմէնցի ժողովուրդին, որուն կարողութիւններուն մասին սէուտցին գաղափար իսկ չունի:

Սէյիտ Նասրալլա խորհուրդ տուաւ սէուտցիներուն ատելութեամբ չառաջնորդուելու, որպէսզի Հըզպալլան պատժելու խոհեմ ձեւեր գտնեն` առանց Լիբանանին վնաս հասցնելու: «Հըզպալլան ջնջելը ձեր նպատակը թող չըլլայ, որովհետեւ անիկա բնաւ չի կրնար իրապաշտ նպատակ մը ըլլալ», հաստատեց ան:

Նախագահ Աուն Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Օտար Դիւանագէտները, Որոնց Շարքին` Պուխարին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց իր խորհրդակցութիւնները, որոնց լոյսին տակ ընդունեց Լիբանանի միջազգային օժանդակութեան անդամ երկիրներուն ներկայացուցիչները, շարք մը երկիրներու դեսպաններ, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ Պուխարին:

Նախագահ Աունի հանդիպումներուն ընթացքին բացայայտ էր, որ ան մտահոգ է վարչապետով եւ անոր կացութեամբ` նկատի ունենալով, որ անոնց միջեւ կատարուած հեռաձայնային վերջին հաղորդակցութենէն գրեթէ շաբաթ մը անցած է, եւ ոչինչ յստակ է Հարիրիի վերադարձին մասին:

Նախագահ Աուն ընդունեց Պուխարին, որուն յայտնեց, թէ ինք կը մերժէ այն ոճը, որուն հիման վրայ Հարիրիի հրաժարականը ներկայացուած է:

Նախագահ Աուն մերժեց Հարիրիի հրաժարականը` պահանջելով վարչապետը  վերադարձնել Լիբանան: Ան մաղթեց, որ Պուխարի իր խնդրանքը կը փոխանցէ Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի` կանխարգիլելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտող հետեւանքները:

Նախագահ Աունի պահանջին լոյսին տակ Պուխարի առաջարկեց, որ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ ուղղուի Ռիատ` հանդիպում մը ունենալու Հարիրիի հետ:

Այս առաջարկին մասին արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատումներ կատարեց` շեշտելով, որ այդ առումով Պասիլ յստակ որոշում չէ տուած:

Նախագահ Աուն  Լիբանանի միջազգային օժանդակութեան անդամ երկիրներու ներկայացուցիչներուն ըսաւ, թէ ինք մտահոգ է Հարիրիին կացութեամբ, յատկապէս անորոշութեամբ, եւ ընդգծած է այդ անորոշութիւնը բացայայտելու կարեւորութիւնը:

Ներկաները իրենց կարգին մտահոգութիւն յայտնեցին Լիբանանի վրայ այս տագնապին ունենալիք հետեւանքներէն` միաժամանակ գնահատելով կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու լիբանանցի քաղաքական ղեկավարներուն կարողութիւնը, ինչպէս նաեւ զօրակցութիւն յայտնեցին Հարիրիի վերադարձին գծով նախագահ Աունի ներկայացուցած պահանջին:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Վատիկանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Իրաքի, Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քաթարի եւ Սուրիոյ դեսպանները:

Նախագահ Աուն երէկ աւարտեց քաղաքական թէ դիւանագիտական բոլոր խորհրդակցութիւնները, որոնք կատարուեցան վարչապետի հրաժարականին ստեղծած տագնապին լոյսին տակ: Մէկ շաբթուան հանդիպումներուն արդիւնքը նախագահ Աուն պիտի արժեւորէ եւ ի հարկին պատգամ մը ուղղէ լիբանանցիներուն:

Միւս կողմէ, նախագահական պալատը յստակ պատասխան մը չտուաւ Պուխարիի կողմէ ստացած իր այն առաջարկին, թէ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ կրնայ այցելել Ռիատ եւ հանդիպում մը ունենալ հրաժարեալ վարչապետին հետ:

Նախագահ Աունի ի գործ դրած ճիգերուն զուգահեռ, կան նաեւ ֆրանսական ջանքեր, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի գրասենեակին, ինչպէս նաեւ կան Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի ջանքերը:

Միւֆթի Տըրիան Եւ Սալամ Կ՛ընդգծեն Իմաստութեան Կարիքը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան իր հանդիպումներուն ու խորհրդակցութիւններուն ընթացքին շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ հանդարտ երկխօսութիւնը պէտք է շարունակել, որովհետեւ Լիբանանի դիմագրաւած այս զգայուն փուլին անիկա ազգային անհրաժեշտութիւն է:

Տըրիան յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականը դժուար եւ բարդ պայմաններու ընթացքին արձանագրուած է, հետեւաբար պէտք է զգուշանալ եւ համբերել` նախքան որեւէ կեցուածքի ճշդումը:

Միւֆթի Տըրիան հաստատեց, որ պէտք է պահպանել ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն, յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ Լիբանանի պատմական եւ եղբայրական յարաբերութիւնները:

Միւֆթի Տըրիան երէկ ընդունեց նախկին վարչապետ Թամմամ Սալամը, որ յայտնեց, թէ Լիբանան կը գտնուի հրդեհին գիրկը եւ այդ պատճառով ալ խիստ կարիքը ունի իմաստութեան:

Սալամ կոչ ուղղեց զօրակցութիւն յայտնելու Հարիրիին` աւելցնելով, որ Լիբանան չի կրնար գոյատեւել առանց զինք բաղկացնող բոլոր շերտերուն:

Ան նշեց, որ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կան պատմական յարաբերութիւններ` նկատի ունենալով, որ Ռիատ միշտ նեցուկ կանգնած է Լիբանանին, իսկ Լիբանան իր կարգին յանձնառու մնացած` Սէուտական Արաբիոյ հետ յարաբերութիւնները ամրապնդուած պահելու:

Վարչապետ Սալամ ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը, որպէսզի հարցերը աւելի եւս չբարդանան:

Քեսրուանի Մէջ Սէուտցի Քաղաքացի Մը Կ՛առեւանգուի

Անկախ այս բոլորէն, Քեսրուանի մէջ արձանագրուեցաւ ապահովական խախտում մը, երբ անծանօթներ առեւանգեցին սէուտցի քաղաքացի Ալի Պշըրրաուին եւ աւելի ուշ փրկագին պահանջեցին զայն ազատ արձակելու նպատակով:

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք անմիջապէս կապուեցաւ ապահովական կառոյցներուն եւ ըստ այնմ ցուցմունքներ տուաւ` հետեւելու առեւանգեալը ազատ արձակելու ճիգերուն:

Մաշնուք շեշտեց, որ սէուտցիներուն եւ Լիբանանի մէջ բնակող կամ Լիբանան այցելող ոեւէ այլ քաղաքացիի ապահովութիւնն ու առողջութիւնը լիբանանեան իշխանութիւններուն համար առաջնահերթութիւն է:

Մաշնուք հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութեան խախտումը կարմիր գիծ է` հաստատելով, որ տագնապը պէտք չէ շահագործել եւ երկրին մթնոլորտը ապականել:

Ժոմպլաթ, Ֆրենժիէ Եւ Արսլան Կը Պահանջեն Հարիրիի Վերադարձը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ տագնապներու ընթացքին կարեւորագոյն բանը համբերութիւնն է, հանդարտութիւնն ու լռութիւնը, ինչպէս նաեւ ի հարկին կարծիք յայտնելը` նկատի ունենալով, որ կան շատ մը տեղեկութիւններ, որոնց անծանօթ ենք:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց. «Լիբանան արժանի չէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ պատերազմ սանձազերծած ըլլալու սէուտական ամբաստանութեան»:

Ան նշեց, թէ շատ տխուր է, որ Սէուտական Արաբիա նման վարուելակերպ կը ցուցաբերէ Լիբանանի հանդէպ` նկատի ունենալով տասնեակ տարիներու բարեկամութիւնը:

Ժոմպլաթ ըսաւ. «Ժամանակն է արդէն, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Պէյրութ, որովհետեւ ան անփոխարինելի է»:

Իր կարգին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Լիբանանի արժանապատուութիւնը անոր իշխանութեան պետերուն արժանապատուութենէն է` կոչ ուղղելով բոլորին ծառայելու հայրենիքին:

Ֆրենժիէ պահանջեց Հարիրիի տունդարձը` աւելցնելով, որ իրենք չեն փափաքիր անցեալին վերադառնալ, որովհետեւ անցեալը վատ է բոլորին համար: «Իսկ մենք անցեալին, ներկայիս եւ ապագային պիտի մնանք նոյնը», աւելցուց ան:

Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, նախարար Թալալ Արսլան հաստատեց, որ իրենք կը պահանջեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի անմիջական տունդարձը` շեշտելով, որ անոր բացակայութիւնը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն արժանապատուութեան վարկաբեկումն է:

Օտար Պետութիւններ Եւ Միջազգային Հեղինակութիւններ Կը Հակազդեն

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի տագնապին նկատմամբ` զգուշացնելով շրջանին մէջ ստեղծուելիք նոր տագնապէ մը, որ կրնայ ողբերգական հետեւանքներ ունենալ:

Կութիերես յայտնեց, որ ինք քաղաքական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Լիբանանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու հետ` աւելցնելով, որ իրենց փափաքն է Լիբանանի խաղաղութիւնը եւ ապահովական կայունութիւնը պահպանել:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն շեշտեց, որ Ուաշինկթըն Լիբանանի ներքին ուժերուն եւ արտաքին կողմերուն կոչ ուղղեց յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը եւ օրինական հաստատութիւնները` զգուշացնելով Լիբանանը իրենց տագնապներուն կռուադաշտին վերածելու փորձերէն:

«Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Լիբանանի կայունութեան եւ դէմ են որեւէ արարքի, որ կը քայքայէ անոր կայունութիւնը», ըսաւ ան:

Եգիպտոսի նախագահական պալատի բանբեր Պասսամ Ռատի երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Գահիրէ կը մերժէ լիբանանեան տագնապը պատերազմով լուծելու ընտրանքը:

«Եգիպտոս կը զօրակցի տագնապներուն խաղաղ եւ երկխօսութեան միջոցով լուծման եղանակներուն», շեշտեց Ռատի:

Միւս կողմէ, «Հաարեց» իսրայէլեան օրաթերթը վերլուծելէ ետք Հըզպալլայի կարողութիւններն ու նոր ուժը, գրած է, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմի հաւանականութիւն գրեթէ գոյութիւն չունի:

Նախորդը

Թուլուզի Մէջ Վրայերթ

Յաջորդը

Ազրպէյճան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակէն Գործնական Քայլեր Կ՛ակնկալէ

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?