Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահական Պալատը Սկսաւ Ընդունիլ Դպրոցական Պատուիրակութիւնները

November 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան տօնին նախօրեակին, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ սկսաւ ընդունիլ դպրոցական պատուիրակութիւնները, որոնք շրջեցան պալատին մէջ եւ ծանօթացան անոր պատմութեան, անկախութեան պատմութեան ու Լիբանանի աւանդութիւններուն եւ յատկանիշներուն:

Աշակերտները նաեւ արտայայտեցին Լիբանանի մասին իրենց զգացումներն ու երազները` անդրադառնալով նաեւ երկրին հիմնահարցերը, ի մասնաւորի` ջուրի եւ ելեկտրականութեան տագնապները լուծելու անհրաժեշտութեան:

Նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն, որ հաստատեց, որ Թուրքիա կը զօրակցի նախագահ Աունի ջանքերուն, որոնց նպատակն է երկրին դիմագրաւած տագնապը լուծել:

Էրտողան շեշտեց, որ այս փուլին Թուրքիա Լիբանանի անկախութեան, կայունութեան եւ գերիշխանութեան կողքին կը կանգնի:

Պաապտայի մէջ նախագահ Աուն ընդունեց Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու համար նախագահ Աունի ի գործ դրած ճիգերը:

Նախագահ Աուն գնահատեց Եազիժի պատրիարքին կեցուածքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միասնականութիւնը պահպանելու նպատակով անոր ուղղած կոչերը:

Եազիժի պատրիարքը իր կարգին շեշտեց, որ նախագահ Աունի այցելած է անձամբ զօրակցութիւն յայտնելու անոր կեցուածքներուն` յատկապէս երկրին դիմագրաւած ազգային եւ քաղաքական տագնապներուն շրջագիծին մէջ:

Եազիժի պատրիարքը յայտնեց, որ իրենք կը վստահին լիբանանցիներուն եւ անոնց գիտակցութեան, որուն շնորհիւ կը պահպանուի ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական կայունութիւնը:

Եազիժի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանանի գերիշխանութիւնը բոլոր լիբանանցիներուն համար կարմիր գիծ է:

Պատրիարքը նաեւ մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան:

Նախագահ Աունի այցելեցին նաեւ Յորդանանի մէջ Լիբանանի դեսպան Թրէյսի Շամուն եւ Շուէտի մէջ Լիբանանի դեսպան Հասան Սալեհ:

 

Նախորդը

Յորդանանի Մէջ. Վիճակագրութեան Ու Հետազօտութեան Արաբական Հիմնարկի Ընդհանուր Ժողով

Յաջորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Հարցազրոյցին Մասին Մեկնաբանութիւններու Շարք Մը

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.