Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՄԱՅԱՏԻՆ» պատկերասփիւռի կայանը շաբաթ ուշ գիշերին հաղորդեց, որ Սայտայի մէջ ձերբակալուած է լիբանանցի մը` Մ. Տ., որ իսրայէլեան Մոսատի գործակալ մըն էր եւ կը պատրաստուէր սպանութիւն մը գործել: Մ. Տ. ձերբակալուած է երեսփոխան Պահիա Հարիրիի բնակարանը հետապնդելու ընթացքին:

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կացութիւնը կայուն է, իսկ ապահովութեան ուժերը պատրաստ վիճակի մէջ են: Ան մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան:

ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա շեշտեց, որ պետական անվտանգութեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ երկրին մէջ որեւէ զարգացում չվերածուի սադրանքի:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հովուապետական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Շուֆ, ուր շեշտեց, որ պէտք է համբերել եւ ապա որոշում տալ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականի պատկերին յստականալէն ետք: Ան շեշտեց, որ իրենք կը փափաքին, որ Հարիրի վերադառնայ Լիբանան` փրկելու համար երկրին արժանապատուութիւնը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ ընդգծեց, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը Լիբանանի ներքին միասնականութեան պահպանումն է:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսաւ. «Ժամանակն է արդէն, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Պէյրութ, որպէսզի անոր հետ շարունակենք Լիբանանը կառուցելու եւ կայունութիւնը ամրապնդելու աշխատանքը: Ի միջի այլոց, Սաատ Հարիրի անփոխարինելի է»:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, թէ միայն պատերազմ մը բռնկելու պարագային է, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները կը ջնջուին:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ արտաքին յարձակումները թիրախ կը դարձնեն Լիբանանը եւ լիբանանցիները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին. «Եթէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ճակատագիրին շուրջ անորոշութիւնը շարունակուի, ապա այդ հարցը կրնանք արծարծել Ապահովութեան խորհուրդին մօտ»: Ան նշեց, որ Հարիրիի վերադարձին եւ հարցերը յստակացնելու առումով լիբանանեան համախոհութիւն կայ:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ պատերազմի բռնկումը շատ անհաւանական է: Ան նշեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջած է պատասխանել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ հաստատել, թէ ինք Սէուտական Արաբիոյ մէջ ազատ է:

ԱՆԿԱԽ Նասըրականներու Մուրապիթուն շարժումի ղեկավար խորհուրդի քարտուղար Մուսթաֆա Համտան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը ուղղակիօրէն կապուած է Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի իշխանութեան հասնելուն:

ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ շեշտեց, որ իրենց ընտրանքն է վերադառնալ ազգային միասնականութեան` ամրապնդելով նախագահական համաձայնութիւնը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ ազատ արձակելու վարչապետ Սաատ Հարիրին, որպէսզի ան վերադառնայ Պէյրութ:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի երկիրներու հարցերու պետական նախարար Թամեր Սապհան իր երկիրը առաջնորդած է դէպի լուրջ տագնապ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին հարցով:

Նախորդը

Սէուտական Պահանջով. Կիրակի Օր Արաբ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Արտակարգ Ժողով

Յաջորդը

Միւֆթի Տըրիան – Եազիժի Պատրիարք Հանդիպում

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?