Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք – Ռիֆի Բանավէճ

Նոյեմբեր 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ գիշեր անծանօթներ հրկիզեցին Թրիփոլիի մէջ զետեղուած Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզի որմազդները:

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք խստիւ դատապարտեց այդ արարքը` զայն նկատելով ցաւալի դէպք մը, որ Թրիփոլիի բնակչութեան գործը չէ:

Մաշնուք հրահանգեց վերացնել այդ որմազդները` միաժամանակ թելադրելով ապահովութեան ուժերուն ձերբակալել գահաժառանգ իշխանին լուսանկարը հրկիզող յանցագործները:

Իր կարգին, նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի շեշտեց, որ Մոհամետ պըն Սալման իշխանին լուսանկարները հրկիզողները յայտնի են: Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ գահաժառանգ իշխանին լուսանկարը բարձր պիտի պահուի, որովհետեւ անիկա կը ներկայացնէ Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ պատմական բարեկամութիւնը:

Ռիֆիի այս յայտարարութիւնը բարկացուց Մաշնուքը, որ շեշտեց, թէ Մոհամետ պըն Սալմանի լուսանկարները իրենց կուրծքերուն վրայ կը կրեն եւ ոչ փողոցներուն մէջ, որպէսզի առիթ չտան խուլիկաններուն հրկիզելու զայն:

Այս անգամ Ռիֆի ընդվզեցաւ լուսանկարները վերացնելու ներքին գործոց նախարարին հրահանգէն եւ հետեւեալ խօսքը ուղղեց Մաշնուքի. «Եթէ կը փափաքիս լուսանկարները վերացնել, ապա այդ աշխատանքին սկսիր օդակայանի ճամբէն, եւ երբ Թրիփոլի հասնիս` կը խօսինք»:

Մուսթաքպալ հոսանքը խստիւ դատապարտեց սէուտցի ղեկավարներուն որմազդները հրկիզելու արարքը` հաստատելով, որ անիկա բնաւ վայել չէ Թրիփոլիի բնակչութեան:

Մուսթաքպալ հոսանքը ընդգծեց նաեւ, որ Թրիփոլի բարձր կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ եւ սէուտցի իշխանաւորներուն պատմական դերակատարութիւնը` Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն զօրակցութեան առումով:

Միւս կողմէ, շաբաթ գիշեր նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի արտակարգ նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Սէուտական Արաբիան եւ անոր ղեկավարներն ու հեղինակութիւնները թիրախ դարձնելը երկրին ապահովական կայունութիւնը քանդելու փորձ մըն է:

Մուսթաքպալ պլոքը բոլորէն պահանջեց յարգել Սէուտական Արաբիոյ պատմական դերակատարութիւնը` վերահաստատելով, որ ինք կը հետեւի իր ղեկավարին` Սաատ Հարիրիի քայլերուն եւ անհամբեր կը սպասէ անոր տունդարձին, որպէսզի ան վերստանձնէ իր պարտականութիւնները եւ Լիբանանը փրկէ վտանգներէն:

Ցոյց` Սոտեքոյի Մէջ

Շաբաթ գիշեր Սոտեքոյի մէջ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան ուսանողական թեւը կազմակերպեց բողոքի ցոյց մը` մերժելով լիբանանեան ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւնները, եւ կոչ ուղղելով Ծոցի երկիրներուն մէջ լիբանանցիներու շահերուն պահպանումին:

Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ մեծ թիւով երիտասարդներ, որոնք նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆիի հետեւորդներ էին, եւ չէին գիտեր, թէ ինչո՛ւ հոն կը գտնուէին:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Հարիրիի Հրաժարականը Ընդունելի Կը Դառնայ Միայն, Երբ Ան Լիբանանեան Հողերուն Վրայ Կը Ներկայացնէ Զայն»

Յաջորդը

Մինչ Նախագահ Աուն Կը Մերժէ Վարչապետին Կատարելիք Յայտարարութիւնները, Հարիրի Կը Հաստատէ Լիբանան Իր Վերադարձի Լուրը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?