Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը քաղաքական բոլոր ընտրանքներուն եւ լուծումներուն բանալին է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանը կ՛ուզէ Քաթարի վերածել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքները ամրապնդած են Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի դուռը բացած է, իսկ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի լուծումը ունին:

ՀԱՆԳՍՏԵԱՆ կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ հաստատեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի արժանապատուութիւնը կը ներկայացնէ, եւ այսօրուան պատահածը խիստ մերժելի է:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ Կեդրոնական խորհուրդի անդամ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ Դիմադրութիւնը պատրաստ է դիմակայելու ամէն բան:

ՌԻԱՏ կը շեշտէ, թէ Լիբանանի եւ լիբանանցիներու շահերուն չի ծառայեր Հըզպալլայի պատանդները դառնալ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» կը գրէ, թէ Սէուտական Արաբիա որոշած է ուղղակի դիմադրել Հըզպալլային` Լիբանանի եւ շրջանին մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մուսթաքպալ հոսանքի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ երեսփոխան Պահիա Հարիրի պիտի չշարունակէ լուռ մնալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին հարցով:

«ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ Փոսթ» կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական տագնապը կը բարձրացնէ Իսրայէլի հետ պատերազմ մը բռնկեցնելու հաւանականութիւնները:

«ՊԻՆԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան ներքին միասնականութիւնն ու ապահովական կայունութեան պահպանումը սէուտական սպառնալիքներուն պատասխանելու լաւագոյն ազդակներն են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի փոխարէն  Պահաէտտին Հարիրին քաղաքական ղեկավար դարձնելու Սէուտական Արաբիոյ առաջարկը մերժուած է Հարիրի ընտանիքին կողմէ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով մարոնի համայնքի աղբիւրներէն, կը հաստատէ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականը փոփոխութեան ենթարկած է մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա կատարած այցելութեան բնոյթը: Նոյն օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պիտի հրաւիրէ երկխօսութեան նիստի մը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրի:

«ԼԸ ՖԻԿԱՐՕ» օրաթերթին համաձայն, Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները կը փափաքին Սաատ Հարիրիի փոխարէն անոր եղբայրը` Պահաէտտին Հարիրին Լիբանանի վարչապետ տեսնել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքին ղեկավարութիւնը Պահաէտտին Հարիրիին յանձնելու գաղափարը յղացողը եղած է նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի հաստատեց, որ իրենք կը մերժեն իրենց վրայ պարտադրուած ոեւէ ղեկավար:

 

 

Նախորդը

Փեսքով. «Փութինի Եւ Թրամփի Յայտարարութիւնը Չանդրադարձաւ Իրանի Դաշնակիցներուն Սուրիայէն Հեռացման»

Յաջորդը

Զօր. Աուն Եւ Զօր. Պերի Քննարկեցին Հարաւային Լիբանանի Իրավիճակը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?