Մէկ շաբթուան լռութենէ ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Ռիատէն հարցազրոյցով մը ներկայացաւ լիբանանցիներուն եւ ամբողջ աշխարհին` հաստատելով, որ մօտիկ ապագային պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ սահմանադրութեան համաձայն հրաժարի:
Նախքան հարցազրոյցին սփռումը, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն վերահաստատեց, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի յայտարարած եւ յայտարարելիք բոլոր կեցուածքները կասկածելի են:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ շաբաթ օր նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած կեցուածքներուն կառչած կը մնայ:
Նախագահական պալատի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, թէ շաբաթէ մը ի վեր վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին շուրջ տիրող անորոշութիւնը կը շարունակուի եւ անիկա պատճառ կը հանդիսանայ Հարիրիի արտայայտած տեսակէտները նկատի չունենալու` իբրեւ Հարիրիի անկեղծ եւ ազատ կամքով արտայայտուած տեսակէտներ, որովհետեւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ անոր ապրած պայմաններուն շուրջ անյստակութիւն կայ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն կոչ ուղղեց Սէուտական Արաբիոյ յստակացնելու այն պատճառները, որոնք կ՛արգիլեն վարչապետ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը` աւելցնելով, որ ինք կը մերժէ Լիբանանի վարչապետը պահել միջազգային համաձայնագիրներուն հակադրուող պայմաններու մէջ:
Իսկ «Էն. Պի. Էն.», «Մանար» եւ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանները որոշեցին չսփռել վարչապետին հարցազրոյցը, որ պիտի ըլլար ճնշումի տակ եւ անճիշդ տեղեկութիւններ ու կեցուածքներ պիտի պարունակէր:
«Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին յայտարարեց, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հարցազրոյցը պիտի չսփռէ` առ ի զօրակցութիւն հանրապետութեան նախագահին կեցուածքներուն:
Աւելի ուշ, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ նախագահական պալատէն յայտնած են, թէ դիւանագիտական աղբիւրներ նախագահ Աունը իմացուցած են, թէ վարչապետ Հարիրի ազատ չէ:
Նշենք, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը այսօր պիտի մեկնի Սէուտական Արաբիա` ընդառաջելով ստացած իր հրաւէրին:
Կը նախատեսուի, որ Ռայի պատրիարքը հանդիպում մը ունենայ վարչապետ Հարիրիի հետ, ինչպէս իրեն խոստացուած էր սէուտական իշխանութիւններուն կողմէ:
Հարիրի. «Մօտ Օրէն Պիտի Վերադառնամ Լիբանան Եւ
Ըստ Սահմանադրութեան Ներկայացնեմ Հրաժարականս»
Երեկոյեան ժամը 8:30-ին սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին Հարիրի նշեց, որ ինք վարժ է իրականութիւնները անկեղծօրէն ըսելու, եւ իր պարտականութիւնն է իբրեւ վարչապետ պաշտպանել Լիբանանն ու լիբանանցիները:
«Հետեւաբար, ես հրաժարեցայ Լիբանանի շահերուն համար եւ նպատակս դրական ցնցումի յառաջացումն էր», ըսաւ ան:
Հարիրի շեշտեց, որ ինք Հըզպալլայի դէմ չէ, սակայն միաժամանակ չի կրնար համաձայն ըլլալ, որ կուսակցութիւնը իր արտաքին միջամտութիւններով վնաս հասցնէ Լիբանանին:
«Սէուտական Արաբիա կը սիրէ Պէյրութը, սակայն ոչ Ռիատէն աւելի: Իսկ եթէ Լիբանանի մէջ կան կողմեր, որոնք կը փորձեն հարուածել Ծոցի երկիրներուն կայունութիւնը, ապա Ծոցի երկիրները Պէյրութը իրենց երկիրներէն աւելի պիտի չսիրեն», յայտնեց ան` աւելցնելով, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի համար կարեւոր է:
Հարիրի շեշտեց, որ ապահովական կարգ մը միջոցառումներէ ետք, ինք մօտ օրէն պիտի վերադառնայ Լիբանան եւ ըստ սահմանադրութեան հրաժարականը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահին, որ իսկապէս զինք իր զաւակը կը նկատէ: «Պիտի վերադառնամ Լիբանան եւ նախագահ Աունի հետ պահեմ նոյն անկեղծ յարաբերութիւնը, որ տիրական է», շեշտեց ան:
Հարիրի նկատել տուաւ, որ իր անձնական ապահովութիւնը կարեւոր չէ, որովհետեւ ինք միշտ կ՛առաջնորդուի «Նախ Լիբանանը» կարգախօսով: «Հետեւաբար քաղաքական համաձայնութեան պարագային Լիբանանի կողմէ ինքզինք չէզոք պահելու քաղաքականութիւնը չգործադրելը, իմ հրաժարականիս հիմնական պատճառներէն է: Լիբանանէն կը պահանջուի մնալ չէզոք եւ ինքզինք զերծ կացուցել շրջանային հարցերէն», ըսաւ ան:
Հարիրի նշեց նաեւ, որ Սէուտական Արաբիոյ հետ իր յարաբերութիւնները անցեալին եւ ներկայիս շատ լաւ եղած են: Ան ըսաւ, որ իր եւ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալմանի միջեւ իւրայատուկ յարաբերութիւն մը կայ, որ հիմնուած է փոխադարձ յարգանքի վրայ, հակառակ անոր որ բոլոր հարցերուն պարագային իրենք համաձայն չեն:
Ռայի պատրիարքին Սէուտական Արաբիա այցելութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի յայտնեց, որ անիկա պատմական այցելութիւն մը պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ փաստ մը, որ Սէուտական Արաբիա բոլորին նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն կը վարէ:
«Պիտի վերադառնամ Լիբանան եւ ներկայացնեմ հրաժարականս, եւ ապա լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ պիտի սկսիմ Լիբանանը չէզոք պահելու մասին երկխօսութեան մը, դրական երկխօսութեան մը` բոլոր արաբներուն հետ դրական յարաբերութիւններ մշակելու իմաստով», ընդգծեց Հարիրի:
Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որ միշտ ճշմարտութեան զօրակից է` աւելցնելով, որ Լիբանան վերադառնալէ ետք, ինք պիտի այցելէ հանրապետութեան միւֆթիին:
Ան հարցազրոյցը եզրափակեց հաստատելով, որ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան:
Սպիտակ Տունը
Սպիտակ տունը շաբաթավերջին յայտարարեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վստահելի գործընկեր է` կոչ ուղղելով բոլոր երկիրներուն յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնը:
Սպիտակ տունը ընդգծեց նաեւ, որ ամերիկեան իշխանութիւնները կը յարգեն լիբանանեան բանակը` շեշտելով, որ իրենք կը մերժեն, որ զգայուն այս պահուն Լիբանանի մէջ գործող միլիսներն ու օտար պետութիւններ սպառնան Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ կամ Լիբանանը օգտագործեն իբրեւ խարիսխ` այլ երկիրներու սպառնալու նպատակով:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է վերադառնայ Լիբանան եւ հոն ներկայացնէ իր հրաժարականը, որպէսզի անիկա պաշտօնական դառնայ:
Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը
Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպանատունը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշեց, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անճելինօ Ալֆանօ հաստատած է, թէ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանի ազգային միասնականութեան, գերիշխանութեան, անկախութեան եւ քաղաքական ղեկավարութիւններուն, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին` պահպանելու Լիբանանի կայունութիւնը եւ զայն չմխրճելու շրջանային լարուածութեան մէջ:
Հաղորդագրութեան համաձայն, Իտալիա կոչ կ՛ուղղէ անսալու երկրին հանդարտութիւնն ու միասնականութիւնը պահպանելու հանրապետութեան նախագահին կանչերուն:
Բրիտանիա. «Կարելի Չէ Լիբանանը Իբրեւ Միջոց Օգտագործել`
Տագնապներ Լուծելու Համար»
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն շեշտեց, որ կարելի չէ Լիբանանը իբրեւ միջոց օգտագործել` տագնապներ լուծելու համար: Ան մաղթեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի անյապաղ վերադառնայ Պէյրութ` պահպանելու համար լիբանանեան քաղաքական կայունութիւնը:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ Արաբիոյ պահանջով, արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ նիստ մը պիտի գումարուի, կիրակի, 19 նոյեմբերին, Գահիրէի մէջ: