Լիբանանեան

Իբրեւ Զօրակցութիւն Վարչապետ Սաատ Հարիրիի.  Ինքնաշարժներով Երթ Թարիք Ժտիտէէն  Մինչեւ Անոր Կեդրոնական Պէյրութի Բնակարանը

Իբրեւ Զօրակցութիւն Վարչապետ Սաատ Հարիրիի. Ինքնաշարժներով Երթ Թարիք Ժտիտէէն Մինչեւ Անոր Կեդրոնական Պէյրութի Բնակարանը

«Շէյխ Սաատի հաւատարիմներ» անունը կրող խմբակ մը երէկ գիշեր ինքնաշարժներով երթ մը կազմակերպեց Թարիք Ժտիտէէն մինչեւ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանը: Միւս կողմէ, լրատուական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի այսօր երեկոյեան կարճատեւ հանդիպում պիտի ունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Ապա Հարիրի պիտի վերադառնայ Պէյրութ: Ան Փարիզի մէջ երէկ լրատուական աղբիւրներու ճամբով հետեւեցաւ լիբանանեան թէ շրջանային իրադարձութիւններուն: Ըստ «Էլ.Պի.Սի.»-ի,...

Սէուտական Արաբիոյ Նոր Նշանակուած  Դեսպանը Հասաւ Պէյրութ

Սէուտական Արաբիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը Հասաւ Պէյրութ

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ուալիտ Եաաքուպի երէկ հասաւ Պէյրութ` իր հաւատարմագիրները յանձնելու համար լիբանանեան իշխանութեան: Նոր նշանակուած դեսպանին դիմաւորելու եկած էին Լիբանանի մէջ արաբական կարգ մը պետութեանց դեսպանները:

Սեփական Մարզի  Վարժարաններու  Դասադուլ` 28-29 Նոյեմբերին

Սեփական Մարզի Վարժարաններու Դասադուլ` 28-29 Նոյեմբերին

Սեփական մարզի վարժարաններու սենտիքայի գործադիր խորհուրդը երէկ իր գումարած խորհրդակցական նիստերուն որոշեց դասադուլի դիմել երեքշաբթի, 28 եւ չորեքշաբթի, 29 նոյեմբերին: Ըստ ժողովականներու մէկ պատասխանատուին, այս դասադուլը սկզբնական քայլ մըն է, որուն պիտի յաջորդեն աւելի սաստկացած քայլեր, եթէ ընթացք չտրուի իրենց դիմումներուն: Անոնք կը պահանջեն ուսուցչական աստիճաններու եւ յաւելումներու  փետրուար 2012-էն յետադարձ զօրութեամբ կիրարկումը: Նաեւ` անոնք կը պահանջեն խոստացուած վեց աստիճաններու...

Սպասելով Վարչապետ  Սաատ Հարիրիի Վերադարձին`  Սերտ Խորհրդակցութիւններ` Երկրի  Կայունութեան Պահպանման Առաջադրանքով

Սպասելով Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Վերադարձին` Սերտ Խորհրդակցութիւններ` Երկրի Կայունութեան Պահպանման Առաջադրանքով

Տեղական թէ արտաքին շրջանակներու հայեացքները սեւեռած են վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին վրայ, երբ կացութիւնը պիտի չըլլայ այն, ինչ որ էր նախքան անոր երկրէն մեկնումը: Փաստօրէն, վերջին երկու շաբաթներու իրադարձութիւնները անգամ մը եւս եկան հաստատելու, որ Լիբանան, հակառակ իր աշխարհագրական փոքր տարածքին, տակաւին կը «զբաղեցնէ» շրջանային թէ միջազգային որոշումի կեդրոնները եւ կը շարունակէ մաս կազմել մեծ պետութեանց քաղաքական «ճատրակ»-ի խաղին: Արդարեւ,...

Լարուած Մթնոլորտ` Այն Հելուէ  Գաղթակայանին Մէջ

Լարուած Մթնոլորտ` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Երէկ լարուած կացութիւն տիրեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ, երբ դիմակաւոր անծանօթ զինեալ մը ահաբեկեց շրջանի պատասխանատուներէն  Մոհամետ Հուժէյրը: Դէպքը, որուն յաջորդեցին կրակոցներ, վախի ու սարսափի մթնոլորտ ստեղծեց գաղթակայանին մէջ, ուր կարգ մը վաճառատուներ փակուեցան, եւ բնակիչներ պատրաստուեցան գաղթակայանէն մեկնելու: Պաղեստինեան ապահովական միացեալ ուժեր արտակարգ նիստ մը գումարեցին, որոշեցին վերահաստատել ապահովական կայունութիւնը եւ առիթ չտալ բախումներու սաստկացման: Աւելի ուշ անծանօթներ...

Անտրէ Շիտիաք Ընտրուեցաւ Պէյրութի  Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ

Անտրէ Շիտիաք Ընտրուեցաւ Պէյրութի Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ

Երէկ Պէյրութի իրաւաբաններու տան մէջ տեղի ունեցաւ իրաւաբաններու սենտիքայի վարչութեան ընտրութիւն: Ընտրուեցան հետեւեալ իրաւաբանները. Ռանտա Թալհուք, Ֆատի Պարաքաթ, Ուաժիհ Մասաատ, Անտրէ Շիտիաք, Ազիզ Թարապէյ եւ Ասաատ Սահիտ: Ապա քաղաքական անկախ արեւելումով ծանօթ Անտրէ Շիտիաք ընտրուեցաւ սենտիքայի նախագահ 2495 ձայներով: Ան փոխարինեց սենտիքայի նախկին նախագահ Անթոնիօ Հաշեմը: Աւելի ուշ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտարարեց, որ Շիտիաք կապ պահած է իրեն...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Յիշեցնէ.  Արտերկրի Լիբանանցիներու Ընտրական  Արձանագրութիւններու Ժամկէտը  Կ՛աւարտի Այսօր Կէս Գիշերին

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Յիշեցնէ. Արտերկրի Լիբանանցիներու Ընտրական Արձանագրութիւններու Ժամկէտը Կ՛աւարտի Այսօր Կէս Գիշերին

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յիշեցուց, որ արտերկրի լիբանանցիներու ընտրական արձանագրութիւններու ժամկէտը կ՛աւարտի այսօր` երկուշաբթի, 20 նոյեմբերի կէս գիշերին: Հաղորդագրութիւնը արտերկրի լիբանանցիներուն թելադրեց հետեւեալ կայքին www.diasporavote.mfa.gov.lb ընդմէջէն կատարել իրենց ընտրական արձանագրութիւնները:  

Մաքրոն. «Այսօր Կէսօրին Էլիզէի Մէջ  Սաատ Հարիրին Պիտի Ընդունիմ Իբրեւ Վարչապետ»

Մաքրոն. «Այսօր Կէսօրին Էլիզէի Մէջ Սաատ Հարիրին Պիտի Ընդունիմ Իբրեւ Վարչապետ»

Կը նախատեսուէր, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի` ընկերակցութեամբ իր ընտանիքին, երէկ ուշ գիշերին հասնէր Փարիզ` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին: Հարիրիի Փարիզ հասնելէն ժամեր առաջ վարչապետի գրասենեակին տնօրէնը` Նատեր Հարիրի հասաւ Ֆրանսա: Երեկոյեան ժամը 7:30-ին, նոյն ուղղութիւնը առաւ նաեւ ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ անձնական օդանաւով մը մեկնեցաւ Փարիզ: Մինչ վարչապետ Հարիրիի Փարիզի բնակարանին շուրջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան,...

Նախագահական Պալատին Մէջ.   «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին»  Շեշտեց Մաշնուք

Նախագահական Պալատին Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կատարուին» Շեշտեց Մաշնուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ ինչքան ալ ծանր ըլլայ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապը, երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: Մաշնուք նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին լոյսին տակ ստեղծուած իրավիճակն ու անոր յաջորդելիք Ֆրանսա...

«Լիբանան Կրցաւ Հակակշռել Քաղաքական  Ցնցումը, Իսկ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը  Միջազգային Ամպիոններէն Չբացակայեցաւ»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանան Կրցաւ Հակակշռել Քաղաքական Ցնցումը, Իսկ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը Միջազգային Ամպիոններէն Չբացակայեցաւ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ ներկայութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի, «Էմ. Եու. Պի. Էս.» արդի համալսարանի վարչութիւնը երէկ կազմակերպեց «Զբօսաշրջութեան միջազգային տնօրինումը» խորագիրը կրող խորհրդաժողով մը` համալսարանին Ժալ Էլ Տիպի կեդրոնին մէջ: Այս առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յղեց պատգամ մը, որուն մէջ ողջունեց համալսարանին կրթական եւ ակադեմական գործունէութիւնը` յարատեւ յաջողութիւն մաղթելով անոր: Այս առիթով նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ հակառակ երկրին...

լիբանանեան կարճ լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արսլան շեշտեց, որ իրենք կը սպասեն վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձին` իմանալու համար արձանագրուած զարգացումներուն իսկութիւնը: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:...

Վարչապետ Հարիրին Ռիատէն Դուրս Բերելու  Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Յաջող Կը Թուի

Վարչապետ Հարիրին Ռիատէն Դուրս Բերելու Ֆրանսական Նախաձեռնութիւնը Յաջող Կը Թուի

Էլիզէ. «Հարիրի Շաբաթ Օր Փարիզի Մէջ Պիտի Հանդիպի Նախագահ Մաքրոնի» Վարչապետ Սաատ Հարիրին Ռիատէն դուրս բերելու իմաստով լիբանանեան ու ֆրանսական ջանքերը երէկ շարունակուեցան: Կէսօրէ ետք Ռիատի մէջ Հարիրիի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի միջեւ հանդիպումին բերմամբ նշմարուած դրական նշոյլները երեկոյեան հաստատուեցան, երբ Էլիզէի պալատը հաղորդեց, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Հարիրի վաղը` շաբաթ, 18 նոյեմբերին, Փարիզի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահութեան եւ խորհրդարանին միջեւ աշխատանքի բարձր մակարդակի համադրում գոյութիւն ունի: ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի միջազգային հարցերու խորհրդատու Էլիաս Ապու Սաապ շեշտեց, որ վարչապետ...

Նախագահ Աուն. «Հարիրի Առանց Պատճառի  Կալանաւորուած Է, Եւ Ասիկա  Լիբանանի Դէմ Թշնամական Արարք Է»

Նախագահ Աուն. «Հարիրի Առանց Պատճառի Կալանաւորուած Է, Եւ Ասիկա Լիբանանի Դէմ Թշնամական Արարք Է»

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանանէն բացակայութենէն 12 օր ետք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խզեց իր լռութիւնը: Երէկ, առաւօտեան, հանրապետութեան նախագահ Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Տեղեկատուութեան ազգային խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին խորհուրդի անդամներ, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու տնօրէններ, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի տեղեկատուական մարզի եւ հանրային կապերու պատասխանատու Վիգէն Աւագեան: Պատուիրակութեան անդամներուն դիմաց իր արտասանած խօսքին...

Բանակը Ձերբակալեց Մուսթաֆա Հուժէյրին

Բանակը Ձերբակալեց Մուսթաֆա Հուժէյրին

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն ձերբակալեց շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրին, որ ծանօթ է Ապու Թաքիէ կեղծանունով: Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայի ազատագրումէն ի վեր` շուրջ երկու ամիս, բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէր ձերբակալելու համար յանցագործ Ապու Թաքիէն, որ մեղսակցած է ահաբեկիչներուն գործած արարքներուն: Ապու Թաքիէ ձերբակալուած է իր բնակարանին մէջ, երբ բացայայտուած է, թէ ան սենեակին մէջ այլ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանցիները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ամրապնդելու համար Լիբանանի միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ իմաստութեամբ լուծելու իրենց հարցերը: ՍՈՒՐԻՈՅ փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ ընդունեց Սուրիոյ մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Սաատ Զախիան, որմէ ստանձնեց իր լիազօրագիրը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր....

Վարչապետ Սաատ Հարիրի.  «Երկու Օրէն Կը Վերադառնամ Պէյրութ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի. «Երկու Օրէն Կը Վերադառնամ Պէյրութ»

Ռայի Պատրիարքը Կը Բաժնէ Հարիրիի Հրաժարականին Պատճառները Նախագահ Աուն. «Հարիրիի Պէյրութ Վերադարձը Առիթ Պիտի Տայ Քննարկելու Անոր Հրաժարականին Պայմանները»  Վարչապետ Սաատ Հարիրի Պէյրութ վերադարձի արշաւը կը շարունակուի Լիբանանի հանրապետութեան նախագահութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան, Տար Ֆաթուայի, մարոնի համայնքի պատրիարքութեան, շրջանային, միջազգային եւ յատկապէս եւրոպական մակարդակներով: Տասը օրէ ի վեր Լիբանանէն բացակայող վարչապետին վերադարձը պահանջող կոչերուն պատասխանը երէկ տրուեցաւ Սաատ Հարիրիի կողմէ,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնը Լիբանանի համար հզօր ուժ մըն է, որ լիբանանցիներուն կողմէ պէտք է ամրապնդուի: ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ երկրին տագնապը կրցած են դիմագրաւել ազգային միասնականութեամբ եւ հանրապետութեան նախագահին կեցուածքներով: ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մոհամետ Սաֆատի, հանդիպելէ ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, յայտնեց, որ իրենք կառչած կը մնան վարչապետ...

Ռայի Պատրիարքը Պատմական  Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ  Սէուտական Արաբիա

Ռայի Պատրիարքը Պատմական Այցելութեամբ Մը Մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը առաջին մարոնի պատրիարքն է, որ կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա: Երէկ կէսօրէ ետք Ռայի պատրիարքը հասաւ Ռիատ, ուր դիմաւորուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ Ծոցի երկիրներու պետական նախարար Թամեր Սապհանի կողմէ: Սապհանի հետ ունեցած դռնփակ հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը  փոխադրուեցաւ իր կեցութեան վայրը: Ի պատիւ Ռայի պատրիարքին, երեկոյեան Սէուտական Արաբիոյ լիբանանեան դեսպանատան մէջ սարքուեցաւ ընթրիք մը` դեսպան Ապտել Սաթթար...

Պասիլ. «Առաւելագոյնը Չորեքշաբթի Օր  Կ՛ակնկալուի Հարիրիի Վերադարձը Պէյրութ»

Պասիլ. «Առաւելագոյնը Չորեքշաբթի Օր Կ՛ակնկալուի Հարիրիի Վերադարձը Պէյրութ»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ «Սի. Էն. Էն.» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին երէկ յայտարարեց, թէ կը նախատեսուի, որ առաւելագոյնը չորեքշաբթի օր վարչապետ Սաատ Հարիրի վերադառնայ Պէյրութ: Պասիլ նշեց, թէ Հարիրի ի՛նք կ՛որոշէ, թէ վերստին պաշտօնապէս պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը կամ ոչ: «Կ՛ուզենք, որ վարչապետ Հարիրի ազատօրէն վերադառնայ Լիբանան, ուր կրնայ ուզածը յայտարարել», ընդգծեց Պասիլ:

Page 689 of 987 1 … 688 689 690 … 987

Արխիւներ