Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Իմաստութեան Կը Վստահինք,  Իսկ Լիբանանի Գերագոյն  Շահը Անոր Կայունութեան Մէջ Է»  Շեշտեց Մուաուատ

«Նախագահ Աունի Իմաստութեան Կը Վստահինք, Իսկ Լիբանանի Գերագոյն Շահը Անոր Կայունութեան Մէջ Է» Շեշտեց Մուաուատ

Հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռընէ Մուաուատի նահատակութեան 28-րդ տարելիցին առիթով, երէկ Զղարթայի Մար Եուհաննա եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ յիշատակի ձեռնարկ` հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Ռընէ Մուաուատի զաւակը` Անկախութիւն շարժումի նախագահ Միշել Մուաուատ, իր հօր նահատակութեան տարելիցին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի շահը անոր քաղաքական, ապահովական, ելեւմտական եւ ընկերային կայունութեան մէջ է` աւելցնելով, որ...

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու  Ազգային Տօնը Բոլոր Արաբներուն Տօնն Է»   Շեշտեց Մաշնուք

«Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային Տօնը Բոլոր Արաբներուն Տօնն Է» Շեշտեց Մաշնուք

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ ներկայ գտնուեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային տօնին առիթով տեղի ունեցած պաշտօնական ձեռնարկին: Մաշնուք հաստատեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները բարիքի եւ արաբականութեան երկիրն է: «Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ազգային տօնը բոլոր արաբներուն տօնն է», ըսաւ ան: Նաժարի. «Լիբանանին Կայունութիւն Կը Մաղթենք» Միւս կողմէ, Մաշնուք շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Նազիհ Նաժարին,...

Ժուպէյր Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ  Լիբանանեան Դրամատուները  Շահագործելու Յանցանքով

Սարրաֆ. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պէտք Է Պահպանենք Եւ Չարտօնենք, Որ Ոեւէ Մէկը Խզէ Երկրին Անդորրը»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ Մընիարայի մէջ ընդունեց ժողովրդային պատուիրակութիւններ, որոնց հետ քննարկեց երկրին իրավիճակը: Ան շեշտեց, որ ինք հանգիստ կը զգայ ներկայիս տիրող քաղաքական իրավիճակին առումով, նոյնիսկ եթէ կարգ մը քաղաքական ուժերու միջեւ տարակարծութիւններ կ՛արձանագրուին: Սարրաֆ յայտնեց, որ քաղաքական լարուածութեան վերջ տալու դրական կողմերը կը դրսեւորուին երկրին ապահովական կայունութեան ամրապնդումին մէջ: «Այս փուլին կարեւորը այն է, որ կառավարութիւնը վերսկսի իր...

Ժուպէյր Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ  Լիբանանեան Դրամատուները  Շահագործելու Յանցանքով

Ժուպէյր Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ Լիբանանեան Դրամատուները Շահագործելու Յանցանքով

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր անցեալ շաբաթավերջին յայտարարած էր, թէ Լիբանանի մէջ լուծումը կը կայանայ Հըզպալլան ապազինելուն եւ զայն քաղաքական կուսակցութեան վերածելուն մէջ: Այդ շրջագիծին մէջ, ան Հըզպալլան ամբաստանած էր լիբանանեան դրամատուները շահագործելու եւ անոնց ընդմէջէն դրամի լուացում կատարելու յանցանքներով: Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հերքեց Ժուպէյրի կատարած ամբաստանութիւնը` հաստատելով, որ Հըզպալլա լիբանանեան դրամատուները չի շահագործեր նման նպատակներու...

«Ընդհանուր Դատախազութեան  Փոխանցած Ենք Աղբերը Հրկիզող  Քաղաքապետարաններուն Ցանկը»  Ըսաւ Ապու Ֆաուր

Ապու Ֆաուր. «Պահաէտտին Հարիրին Անոր Եղբօր Հետ Փոխարինելու Առաջարկը Անձնական Էր»

Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պահաէտտին Հարիրին անոր եղբօր` վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ փոխարինելու առաջարկը Պահաէտտինի քարտուղար Սաֆի Քալոյի անձնական առաջարկն էր եւ ոչ թէ Սէուտական Արաբիոյ: Ապու Ֆաուր աւելցուց, որ այս առաջարկին մասին Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ ըսած է, թէ Հարիրի ընտանիքին հետ իր յարաբերութիւնները քաղաքականէն աւելի են եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ աշխատանքի նոր ուղղութիւն մը ճշդել եւ երկրին յառաջդիմութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովել: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ սիոնական թշնամին տակաւին պատրաստ չէ պատերազմ մղելու` աւելցնելով, որ անոր պատրաստուածութիւնը խոչընդոտող արգելքները մեծաթիւ են: ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ...

Նախագահ Աուն Աւարտեց Իտալիա Կատարած  Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Հաստատելով,  Որ Վարչապետ Հարիրիի Հրաժարականով  Ստեղծուած Տագնապը Վերջ Գտած Է

Նախագահ Աուն Աւարտեց Իտալիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Հաստատելով, Որ Վարչապետ Հարիրիի Հրաժարականով Ստեղծուած Տագնապը Վերջ Գտած Է

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ չորեքշաբթի օր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Հռոմ, նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները: Զոյգ նախագահները համաձայն գտնուեցան Լիբանանը հեռու պահել Միջին Արեւելքի մէջ տիրող լարուածութիւններէն` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի տագնապին մաս կազմող երկիրները պէտք է լուծումներու յանգին` զօրակցելու համար շրջանին մէջ անդորրութեան...

«Լիբանանցիները Ընտրեցին Երկխօսութիւնը,  Որովհետեւ Անոնք Կը Մերժեն  Քաղաքացիական Նոր Պատերազմ Մը»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Լիբանանցիները Ընտրեցին Երկխօսութիւնը, Որովհետեւ Անոնք Կը Մերժեն Քաղաքացիական Նոր Պատերազմ Մը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն մէջ ան կոչ ուղղեց լիբանանեան պետական բոլոր հաստատութիւններուն եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարաններուն լիբանանեան նոր դրօշներ զետեղելու եւ հրաժարելու պատռուած դրօշակներէն: Միւս կողմէ, «Փարի Մաչ»-ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին վարչապետ Հարիրի վերահաստատեց, որ իր հրաժարականին նպատակն էր Լիբանանի մէջ դրական ցնցում յառաջացնել եւ աշխարհին ապացուցել, թէ Լիբանան այլեւս ի վիճակի...

Սարրաֆ Կիպրացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ  Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Սարրաֆ Կիպրացի Իր Պաշտօնակիցին Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ նախանցեալ օր աւարտելէ ետք Ռումանիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, ուղղուեցաւ Կիպրոս, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Կիպրոսի պաշտպանութեան եւ երկրագործութեան նախարարներուն հետ: Սարրաֆ նախ հանդիպում մը ունեցաւ կիպրացի իր պաշտօնակիցին` Քրիսթոֆորոս Ֆուքայիտեսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Սարրաֆ շնորհակալութիւն յայտնեց Կիպրոսին` Լիբանանի նկատմամբ անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Ֆուքայիտեսի Լիբանան այցելութեան ընթացքին տրուած...

Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Հարիւրաւոր  Տեղահանուածներ Վերադարձան Թուֆայլ

Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Հարիւրաւոր Տեղահանուածներ Վերադարձան Թուֆայլ

Նախանցեալ օր Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ գտնուող Թուֆայլ շրջանը վերադարձան հարիւրաւոր լիբանանցի եւ սուրիացի տեղահանուածներ` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն: Թուֆայլի մէջ տեղահանուածները արժանացան ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան` չորս տարուան բացակայութենէ ետք:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կը յստականայ` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու: ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Հըզպալլա բոլորին հետ կը գործակցի լիբանանեան ներքին համախոհութիւնը ամրապնդուած պահելու եւ...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ ուրբաթ, 1 դեկտեմբեր 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` շաբաթ, 2 դեկտեմբեր 2017-ին:

«Լա Սթամփա».  «Հարիրի Պիտի Մնայ Վարչապետի  Իր Պաշտօնին Վրայ»  Հաստատեց Նախագահ Աուն

«Լա Սթամփա». «Հարիրի Պիտի Մնայ Վարչապետի Իր Պաշտօնին Վրայ» Հաստատեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Շամի Աունի եւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, երէկ կէսօրուան ժամը 12:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) հասաւ Իտալիա: Նախագահ Աուն դիմաւորուեցաւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան արարողակարգային հարցերու պատասխանատու Սթեֆանօ Ցանինի,  Լիբանանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթթիի, Իտալիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Միրա Տահեր-Ֆիուլիտեսի եւ դիւանագիտական անձնաւորութիւններու ու մարոնի պատրիարքութեան անդամ կղերականներու կողմէ: Նախագահ Աուն «Չիամփինօ»-ի օդակայանէն...

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին»

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ լիբանանեան համախոհութիւնը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուի, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը եւ անոր լոյսին տակ Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միջազգային համախոհութիւնը: Պըրրի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին: Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց բանակի հրամանատար...

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով.  Վարչապետ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Բոլորը`  Բարիք Մաղթելով Լիբանանին  Եւ Արաբական Աշխարհին

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով. Վարչապետ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Բոլորը` Բարիք Մաղթելով Լիբանանին Եւ Արաբական Աշխարհին

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց բոլոր լիբանանցիները, յատկապէս իսլամները` բարիք մաղթելով Լիբանանին եւ արաբական աշխարհին: Հարիրի յոյս յայտնեց նաեւ, որ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդուի եւ կարելի ըլլայ ահաբեկչութիւնը վերջնականապէս տապալել` երաշխաւորելով ընկերութեան անվտանգութիւնը: Այս առիթով Հարիրի երեկոյեան ժամը 7:00-ին այցելեց Մոհամետ Ամին մզկիթ եւ ներկայ գտնուեցաւ Մոհամետ Մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով մատուցուած կրօնական արարողութեան: Միւս կողմէ, երէկ...

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Կառչած Մնալու Ինզքինք  Զանց Կացուցելու Քաղաքականութեան»  Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

«Կոչ Կ՛ուղղեմ Կառչած Մնալու Ինզքինք Զանց Կացուցելու Քաղաքականութեան» Շեշտեց Միւֆթի Տըրիան

Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին առիթով հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ ուղղեց պատգամ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Լիբանան 2011-էն ի վեր որոշած է ինքզինք զանց կացուցել շրջանային տագնապներէն: «Կոչ կ՛ուղղեմ կառչած մնալու ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան` յանձնառու մնալով երկրին եւ քաղաքացիներուն անվտանգութեան», ըսաւ ան: Միւֆթի Տըրիան շեշտեց, որ ինչպէս լիբանանցիները համախմբուած էին նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի շուրջ, անոնք...

«Կը Մերժենք Համաձայնութեան Վրայ Հիմնուած  Կառավարութեան Գոյութիւնը»    Շեշտեց Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը

«Կը Մերժենք Համաձայնութեան Վրայ Հիմնուած Կառավարութեան Գոյութիւնը» Շեշտեց Փաղանգաւոր Կուսակցութիւնը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ նախագահեց կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական ներկայ տագնապը վերածելու այնպիսի առիթի մը, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի մէջ իսկական կայունութիւն հաստատել: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ իսկական կայունութեան պարագային միայն կարելի կը դառնայ տեղական եւ շրջանային իւրաքանչիւր անկիւնադարձային փուլի զօրութեամբ դիմագրաւումը: Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ կարելի չէ երկրին...

Քոսթա Ռիքայի Մէջ.  «Լիբանան Խաղաղ Է Եւ Կայուն, Ինչպէս Նաեւ  Տապալած Է Ահաբեկչութիւնը»  Շեշտեց Պասիլ

Քոսթա Ռիքայի Մէջ. «Լիբանան Խաղաղ Է Եւ Կայուն, Ինչպէս Նաեւ Տապալած Է Ահաբեկչութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Կուատելուփէն ուղղուեցաւ Քոսթա Ռիքա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քոսթա Ռիքայի նախագահ Կիյերմօ Սոլիսի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները: Սոլիս ողջունեց Քոսթա Ռիքայի լիբանանեան գաղութին ընթացքը, ինչպէս նաեւ անոր արձանագրած յաջողութիւններն ու նուաճումները: Իր կարգին, Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանան խաղաղ ու կայուն երկիր մըն է եւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ սպասուած լուծումը կը բարելաւէ համաձայնութեան պայմանները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլին ընթացքին կառավարութեան աշխատանքը պիտի աշխուժանայ, իսկ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակերը` 200 լ....

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական  Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Իտալիա

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Իտալիա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կանուխ առաւօտեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իտալիա` ընդառաջելով Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հրաւէրին: Այցելութիւնը կը միտի երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական գործակցութիւնը աշխուժացնել գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ: Նախագահ Աուն հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնիի հետ, ինչպէս նաեւ բացումը պիտի կատարէ «Եւրոպական-միջերկրականեան երկխօսութիւն» խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի...

Page 686 of 987 1 … 685 686 687 … 987

Արխիւներ