Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Աւարտեց Իտալիա Կատարած Իր Պաշտօնական Այցելութիւնը` Հաստատելով, Որ Վարչապետ Հարիրիի Հրաժարականով Ստեղծուած Տագնապը Վերջ Գտած Է

Դեկտեմբեր 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ չորեքշաբթի օր պաշտօնական այցելութեամբ մեկնած էր Հռոմ, նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցաւ Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Զոյգ նախագահները համաձայն գտնուեցան Լիբանանը հեռու պահել Միջին Արեւելքի մէջ տիրող լարուածութիւններէն` աւելցնելով, որ Միջին Արեւելքի տագնապին մաս կազմող երկիրները պէտք է լուծումներու յանգին` զօրակցելու համար շրջանին մէջ անդորրութեան հաստատումին:

Նախագահներ Աունի եւ Մաթարելլայի վեհաժողովին ընթացքին յոյս յայտնուեցաւ, որ Սուրիոյ տագնապին համար կարելի ըլլայ քաղաքական անմիջական լուծում մը ապահովել` հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տը Միսթուրային:

Մաթարելլա շեշտեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ Լիբանան հիմնական դերակատարութիւն ունի` աւելցնելով, որ անիկա օրինակելի եւ պատգամի երկիր է:

Մաթարելլա հաստատեց, որ Իտալիա կը շարունակէ ամէն իմաստով` տնտեսական, կրթական, քաղաքական եւ զինուորական առումով զօրակցիլ Լիբանանին, ինչպէս նաեւ կը շարունակէ մաս կազմել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն:

Մաթարելլա նաեւ շեշտեց, որ Իտալիա մտադրած է կազմակերպել խորհրդաժողով մը` օժանդակելու համար լիբանանեան բանակին:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններուն ամրապնդման` շնորհակալութիւն յայտնելով Իտալիոյ, անոր մատուցած տարբեր օժանդակութիւններուն համար:

Նախագահ Աուն շեշտեց Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` բարձր գնահատելով ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն ծիրին մէջ Լիբանանին ծառայելու իտալական զօրամասին առաքելութիւնը:

Հանդիպումին աւարտին նախագահ Աուն Մաթարելլային յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:

Նախագահ Աուն բացումը կատարեց «Եւրոպական-միջերկրականեան երկխօսութիւն» խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին արտասանեց Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ լիբանանցիներուն երկփեղկումը քաղաքական է եւ այդ երկփեղկումին առաստաղը անոնց ազգային միասնականութիւնն է:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է շրջանցել քաղաքական հսկայ տագնապ մը, որուն իսկական վտանգը շատերուն համար կը մնայ անծանօթ:

«Սակայն կարեւորը այն է, որ Լիբանան կրցաւ խաղաղութեամբ շրջանցել այդ տագնապն ու սադրանքը», ըսաւ նախագահ Աուն` աւելցնելով, որ առաջնահերթութիւնը լիբանանցիին կայունութիւնն ու անվտանգութիւնն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ազատութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան պահպանումը:

Նախագահ Աուն Իտալիա իր այցելութիւնը աւարտեց երէկ` հանդիպում մը ունենալով վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ճենթիլիոնի շեշտեց, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը պիտի կազմակերպէ յատուկ խորհրդաժողով մը` լիբանանեան բանակին զօրակցելու համար, աւելցնելով, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այդ խորհրդաժողովը յաջողցնելու համար:

Ճենթիլիոնի ընդգծեց նաեւ, որ Իտալիոյ կառավարութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն շրջագիծին մէջ Լիբանանի ծառայող իտալական զօրամասին աշխատանքներուն` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը գործադրելու համար:

Իր կարգին, նախագահ Աուն ողջունեց միշտ Լիբանանին նեցուկ կանգնելու Իտալիոյ կառավարութեան յանձնառութիւնը, յատկապէս բանակին օժանդակելու եւ ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին զօրակցելու առումով:

Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութեան մաս կազմելու իտալական ջոկատին դերակատարութիւնը:

Անդրադառնալով Լիբանանի քաղաքական իրավիճակին` նախագահ Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Հարիրիի հրաժարականով ստեղծուած տագնապը վերջ գտած է եւ կ՛ուղղուի դէպի վերջնական լուծում:

Նախագահ Աուն ընդգծեց լիբանանեան ազգային միասնականութեան, ինչպէս նաեւ ապահովական եւ տնտեսական կայունութեան անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին անխուսափելիութիւնը:

Նախագահ Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը երեկոյեան վերադարձան Պէյրութ:

Նախորդը

«Լիբանանցիները Ընտրեցին Երկխօսութիւնը, Որովհետեւ Անոնք Կը Մերժեն Քաղաքացիական Նոր Պատերազմ Մը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

ՀՅԴ Պատուիրակութիւնը Կը Մասնակցի Ընկերվար Միջազգայնականի Խորհուրդի Եւ Կիներու Կազմակերպութեան Ժողովներուն

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?