Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Կը Մեկնի Իտալիա

Նոյեմբեր 29, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կանուխ առաւօտեան եռօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Իտալիա` ընդառաջելով Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հրաւէրին:

Այցելութիւնը կը միտի երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իտալական գործակցութիւնը աշխուժացնել գրեթէ բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ վարչապետ Փաուլօ Ճենթիլիոնիի հետ, ինչպէս նաեւ բացումը պիտի կատարէ «Եւրոպական-միջերկրականեան երկխօսութիւն» խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը:

Նախագահ Աուն հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ Իտալիոյ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:

Երէկ երեկոյեան նախագահ Աուն ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը:

Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք նախագահ Աունին հրաժեշտ տուած է` անոր Հռոմ կատարելիք այցելութեան առիթով, ինչպէս նաեւ անոր ներկայացուցած է Սէուտական Արաբիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ նախագահ Աուն իր իմաստութեամբ եւ հեռատեսութեամբ կրցած է տագնապը շրջանցել եւ երկիրը ուրախ ու դրական մթնոլորտի մէջ պահել:

Ան մաղթեց, որ նախագահ Աունի կատարած խորհրդակցութիւնները յանգին լիբանանցիներուն ակնկալած արդիւնքներուն:

«Նախագահ Աուն ձեռնարկեց լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններու, եւ կը յուսանք, որ այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները ըլլան դրական», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ նախագահ Աուն յայտնած է, թէ Իտալիայէն վերադառնալէ ետք կառավարութիւնը պիտի գումարէ նիստ մը, եւ խորհրդակցութիւնները պիտի ըլլան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին վրայ:

Ռայի պատրիարքը եզրափակեց ըսելով, որ եթէ կարիքը զգացուի, իրենք պատրաստ են հրաւիրելու քրիստոնեայ-իսլամական վեհաժողովի մը, սակայն ներկայիս պիտի սպասեն նախագահ Աունի խորհրդակցութիւններուն, որոնք ըստ երեւոյթին յաջողութեամբ պիտի պսակուին:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն մաղթեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին ներքին լիբանանեան առումով դրական յաւելեալ իրադարձութիւններ արձանագրուին` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը ճիգ չի խնայեր Լիբանանի եւ արաբական ու օտար երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

Նախագահ Աուն իր այցելուներուն ներկայութեան ընդգծեց նաեւ, որ Իսրայէլ ամէնօրեայ դրութեամբ կը խախտէ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւը եւ կ՛անտեսէ զինք այդ բանաձեւին գործադրութեան հրաւիրող կոչերը:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ լիբանանեան ապահովական ուժերը պատրաստ են հետապնդելու ահաբեկչական քնացած  բջիջները եւ ձախողութեան մատնելու Լիբանանի ապահովական անդորրը խախտելու անոնց ծրագիրները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը` ընկերակցութեամբ բրիտանական զինուորական մէկ պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն քննարկեց լիբանանեան-բրիտանական յարաբերութիւնները, յատկապէս զինուորական բնագաւառին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահ Աուն շնորհակալութիւն յայտնեց Բրիտանիոյ` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր օժանդակութիւններուն, յատկապէս լիբանանեան-սուրիական սահմանները հսկելու աշտարակներուն համար` ընդգծելով, որ անոնք մեծ դերակատարութիւն ունեցան բացայայտելու Լիբանան ներխուժել փորձող ահաբեկիչները` նախքան լիբանանեան բանակին կողմէ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան շղթայազերծումը:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Յաջորդը

Պաքու Չէ Ընդունած Ռուսիոյ Նոր Դեսպանին Թեկնածութիւնը` Անոր Հայամէտ Դիրքորոշումին Պատճառով

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?