Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր անցեալ շաբաթավերջին յայտարարած էր, թէ Լիբանանի մէջ լուծումը կը կայանայ Հըզպալլան ապազինելուն եւ զայն քաղաքական կուսակցութեան վերածելուն մէջ:
Այդ շրջագիծին մէջ, ան Հըզպալլան ամբաստանած էր լիբանանեան դրամատուները շահագործելու եւ անոնց ընդմէջէն դրամի լուացում կատարելու յանցանքներով:
Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ հերքեց Ժուպէյրի կատարած ամբաստանութիւնը` հաստատելով, որ Հըզպալլա լիբանանեան դրամատուները չի շահագործեր նման նպատակներու համար:
Իր կարգին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պատասխանեց Ժուպէյրին շեշտելով, որ ինք տարակարծիք է Ժուպէյրի հետ:
«Ես չեմ կարծեր, որ Հըզպալլային պատկանող գումարներ կը փոխանցուին լիբանանեան դրամատուներուն ընդմէջէն», ըսաւ Ժահժահ` աւելցնելով, որ Կեդրոնական դրամատունը մնայուն գործակցութեան մէջ է ամերիկեան պետական գանձարկղին հետ:
Հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ, երէկ անդրադառնալով Ժուպէյրի կատարած յայտարարութեան, շեշտեց, որ այդ արտայայտութիւնը ցոյց կու տայ Ժուպէյրի ատելութիւնն ու յուսալքութիւնը:
Լահուտ կոչ ուղղեց Ժուպէյրին Լիբանանի տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային կայունութիւնը թիրախ դարձնելու սիրոյն յայտարարութիւններ չկատարելու: