Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Մաշնուք շեշտեց, որ երկրին քաղաքական տագնապին լուծումը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կը յստականայ` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու:

ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ շեշտեց, որ Հըզպալլա բոլորին հետ կը գործակցի լիբանանեան ներքին համախոհութիւնը ամրապնդուած պահելու եւ երկրին կայունութիւնը չխախտելու նպատակով:

ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է իրեն սպառնացող քաղաքական տագնապն ու սադրանքները դիմագրաւել համախոհութեամբ եւ փոխըմբռնումով:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ժեմայէլ շեշտեց, որ իրենք կը մաղթեն Լիբանանի չէզոք կեցուածքը տեսնել իբրեւ ճշմարտութիւն եւ ոչ թէ լիբանանցիները խաբող սուտասանութիւն:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին. քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ հանդիպումը երէկ նիստ մը գումարեց` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի: Հանդիպումը կոչ ուղղեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին տուն տուող պատճառներուն գերիշխանական լուծումներ տրամադրելու:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ հաստատեց, որ Լիբանան պէտք չէ մեղսակից դառնայ շրջանային հարցերուն:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Լիբանանը շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան վերադարձը, հակառակ անոր որ այդ քաղաքականութիւնը երկարատեւ քննադատութեան արժանացաւ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Լիբանանի բոլոր բնագաւառներուն մէջ աւազակութիւնը առկայ է` աւելցնելով, որ լաւագոյնը փտածութեան դէմ պայքարն է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ Արեւմուտքին համար յստակ է, թէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան փուլ գալուն պարագային, ապա Արեւմուտքը ինքզինք պիտի գտնէ մէկ միլիոն տեղահանուածի դէմ յանդիման:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի նշեց, որ իրենք իրենց ուզածը ուղղակի կ՛ըսեն` աւելցնելով, որ վարչապետ Սաատ Հարիրին կը ներկայացնէ զիրենք:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Սալհապ ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ նախարարներու փոփոխութիւնը նախատեսուած չէ` աւելցնելով, որ երկրին քաղաքական տագնապը յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի ունենայ գաղտնի եւ կախարդական լուծում մը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի հաստատեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը, որուն հիման վրայ ան ստացած է խորհրդարանի վստահութեան քուէն, կարելի չէ բարեփոխումի ենթարկել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Հասան Մնայմնէ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան գործադրութիւնը կը նշանակէ վերջնականապէս Հըզպալլայի տունդարձը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շանթալ Սարգիս հաստատեց, որ Լիբանանեան ուժերը կ՛որոշեն կառավարութեան մաս կազմելը, թէ անկէ հրաժարիլը:

 

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանը Որդեգրեց Սէուտական Արաբիոյ Զէնքի Մատակարարումը Արգիլելու Կոչ Ուղղող Բանաձեւ Մը

Յաջորդը

Լիբանանցի Եւ Սուրիացի Հարիւրաւոր Տեղահանուածներ Վերադարձան Թուֆայլ

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.