Լիբանանեան

Պըրրի Ողջունեց Կառավարութեան Նիստին  Վաւերացուցած Հաղորդագրութիւնը

Պըրրի Ողջունեց Կառավարութեան Նիստին Վաւերացուցած Հաղորդագրութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ողջունեց կառավարութեան արտակարգ նիստին ընթացքին վաւերացուած հաղորդագրութիւնը, որ դրական քայլ մըն էր` վերաշխուժացնելու կառավարութեան կազմին աշխատանքը եւ լուծելու երկրին համար կենսական նկատուող հարցեր: Պըրրի նշեց, որ Լիբանանի կենսական խնդիրներէն է նաւթի թղթածրարը` հաստատելով այդ ուղղութեամբ գործելու կարեւորութիւնը: Պըրրի զգուշացուց Իսրայէլի կողմէ բնական կազը լիբանանեան ջուրերէն...

Թուրքիա Մտահոգուած Է  Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Ահաբեկչութեան Հովանաւորներու  Դէմ Օրէնքի Որդեգրումով

Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Ողջունեց Լիբանանի Մէջ Քաղաքական Անորոշութեան Վիճակի Փարատումը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Թուրքիա կ՛ողջունէ Լիբանանի մէջ քաղաքական անորոշութեան վիճակի փարատումը, ինչպէս նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարականին յետս կոչումը: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, թէ Թուրքիա կը փափաքի, որ Լիբանան իր անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը վայելէ` հիմնուելով երկրին ազգային միասնականութեան վրայ, ինչպէս նաեւ կը մաղթէ, որ Լիբանան մնայ ապահով, կայուն եւ բարգաւաճ:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Եմէնի դեսպան Ապտալլա Ապտել Քերիմ Տաայսը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակը յուզող զարգացումները` Լիբանանի եւ շրջանին մէջ, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան ճշդած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 200 լ. ոսկիով: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական...

Վարչապետ Հարիրի Պաշտօնապէս  Յետս Կոչեց Իր Հրաժարականը

Վարչապետ Հարիրի Պաշտօնապէս Յետս Կոչեց Իր Հրաժարականը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Պաապտայէն պաշտօնապէս յայտարարեց, թէ ինք յետս կը կոչէ իր հրաժարականը` հաստատելով, որ կառավարութիւնը կազմող բոլոր ուժերը յանձնառու կը մնան Լիբանանը տագնապներէ, բախումներէ, պատերազմներէ եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան, որպէսզի կարենան Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները ապահովել արաբական երկիրներուն հետ: Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը, որմէ առաջ տեղի ունեցաւ...

«Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան  Հաղորդագրութեան  Եւ Կ՛ողջունէ Հարիրիի Վերադարձը»  Ընդգծեց Քանաան

«Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան Հաղորդագրութեան Եւ Կ՛ողջունէ Հարիրիի Վերադարձը» Ընդգծեց Քանաան

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Ժըպրան Պասիլի: Նիստէն ետք համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ համախմբումը կը զօրակցի կառավարութեան հաղորդագրութեան, կ՛ողջունէ վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը եւ կոչ կ՛ուղղէ միասնականութեան եւ զօրութեան պահը օգտագործելու` նուաճումներու իրականացման համար: Քանաան դրուատեց կառավարութեան աշխատանքի վերադարձը` հաստատելով, որ նախարարաց խորհուրդը հետզհետէ պիտի վերագտնէ...

Մինչեւ Ե՛րբ Քարկոծել Եզակի Այս Կառոյցը (Լիբանանեան Բանակի 70-Ամեակ)

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Անդամ Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ ահաբեկչական ցանցերուն դէմ իր շղթայազերծած հետապնդումներուն շրջագիծին մէջ, ձերբակալած է սուրիացի քաղաքացի Հուսամ Ֆաուազ Հսէյքին, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամ է եւ մասնակցած Արսալի մէջ լիբանանեան բանակին դէմ մղուած 2 օգոստոս 2014-ի բախումներուն: Հսէյքի մեղսակցած է նաեւ բանակայիններու առեւանգումի գործողութեան եւ գրաւած բանակին պատկանող զէնք, զինամթերք եւ զրահապատներ: Միւս կողմէ, Պետական անվտանգութեան ուժերը Զահլէի մէջ ձերբակալեցին...

«Երկրին Քաղաքական Իշխանութիւնները  Պաշտօնազրկած Են Դատաւորները Եւ Սկսած Են  Քաղաքական Շահագործումի Ենթարկել  Դատական Իշխանութիւնները»    Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

«Երկրին Քաղաքական Իշխանութիւնները Պաշտօնազրկած Են Դատաւորները Եւ Սկսած Են Քաղաքական Շահագործումի Ենթարկել Դատական Իշխանութիւնները» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շեշտեց, որ անցնող ամսուան ընթացքին լիբանանցիներուն նկատմամբ իշխանութիւններուն ցուցաբերած վարուելակերպը մեղք մըն է: Ան հաստատեց, որ կառավարութիւնը եկած է լիբանանցիին յայտնելու, թէ լարուածութիւնը վերջ գտած է` ընդգծելով, որ անցեալ տարուան աշխատանքային ծրագիրին նկատմամբ իրենք պիտի շարունակեն յանձնառու մնալ: «Մեղք է երկրին դիմագրաւած հարցերուն իսկական լուծումներու չյանգելու մօտեցումը եւ նախկին...

Ժոմպլաթ. «Հեզասահ Տնօրինումն Ու Լիբանանի  Միջազգային Վարկը Արտօնեցին  Շրջանցելու Վտանգաւոր Տագնապը»

Ժոմպլաթ. «Հեզասահ Տնօրինումն Ու Լիբանանի Միջազգային Վարկը Արտօնեցին Շրջանցելու Վտանգաւոր Տագնապը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Թուիթըր» ընկերային ցանցին մէջ կատարած իր գրառումով շեշտեց, որ իշխանութեան երեք պետերուն` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցաբերած հեզասահ տնօրինումը արտօնած է շրջանցելու երկրին սպառնացող վտանգաւոր տագնապը: Ժոմպլաթ աւելցուց նաեւ, որ Լիբանանի վայելած միջազգային վարկը այլ գործօն մըն է, որ իր կարգին արտօնած է միջազգային...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ Լիբանանի ներքին հարցերուն լուծումներն ու կարգաւորման եղանակները լիբանանեան գերիշխանութեան պատասխանատուութիւնն են: ԽՄԲԱԳԻՐՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աուն շեշտեց, որ Երուսաղէմը Պաղեստինեան պետութեան յաւերժական մայրաքաղաքն է: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ հաստատեց, որ իրենց յաղթանակը Իրանի հովանաւորութիւնը վայելող Դիմադրութեան առանցքին շնորհիւ է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ շեշտեց, որ իրենք...

Նախագահ Աուն. «Երկրին Քաղաքական  Կայունութիւնը Պէտք Է Ըլլայ  Առաջնահերթութիւն»

Նախագահ Աուն. «Երկրին Քաղաքական Կայունութիւնը Պէտք Է Ըլլայ Առաջնահերթութիւն»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Ալի Քանսոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով երկրին քաղաքական վերջին զարգացումները: Հանդիպումէն ետք Քանսօ նշեց, որ նախագահ Աունը շնորհաւորած է վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրաժարումին պատճառով ստեղծուած քաղաքական տագնապը իմաստուն կերպով լուծելուն համար: Ան շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատած է, որ երկրին...

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Արտակարգ Նիստ Մը

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Արտակարգ Նիստ Մը

Երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին, վարչապետ Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը հրաւիրեց արտակարգ նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, նախագահական պալատին մէջ: Վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ հանդիպումէն ետք շեշտեց, թէ Հարիրիի հետ քննարկած է քաղաքական տագնապին վերաբերող շարք մը հարցեր եւ զանոնք լուծելու իմաստով առկայ խորհրդակցութիւնները: Ապու Ֆաուր նշեց,...

Նախարար Կիտանեան Այթանիի Եւ Քանաանի Հետ  Կ՛որոշէ Կազմակերպել Զբօսաշրջական  Միօրեայ Դռնփակ Հանդիպում Մը

Նախարար Կիտանեան Այթանիի Եւ Քանաանի Հետ Կ՛որոշէ Կազմակերպել Զբօսաշրջական Միօրեայ Դռնփակ Հանդիպում Մը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Իտալի ընդհանուր տնօրէն Նեպիլ Այթանին եւ Լիբանանի մէջ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի ընդհանուր քարտուղար Ուատիհ Քանաանը: Հանդիպումին ընթացքին շարունակուեցաւ կրօնական զբօսաշրջութեան տարեկան ծրագիրի մշակումը, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ կազմակերպել միօրեայ դռնփակ հանդիպում մը, որուն հիմնական նպատակն է նպաստել զբօսաշրջութեան մարզին` ընդհանրապէս, իսկ կրօնական զբօսաշրջութեան` յատկապէս: Հանդիպումէն ետք Քանաան շեշտեց, որ հանդիպումին նպատակն է...

Բանակը Պաալպեքի Մէջ Գտած Է Սարք Մը

Բանակը Պաալպեքի Մէջ Գտած Է Սարք Մը

Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ առաւօտեան յայտարարեց, թէ Պաալպեքի Ամաշքէ շրջանին մէջ գտած է սարք մը, որ կրնայ լրտեսական գործիք մը ըլլալ: Բանակի սակրաւորները ստուգեցին սարքը, որուն մասին վերջնական ճշդում մը չկատարեցին: Միւս կողմէ, բանակը Հերմելի բարձունքներուն վրայ սկսաւ ներխուժումներու լայն արշաւի մը, որուն ընթացքին կատարեց ձերբակալութիւններ, ինչպէս նաեւ գրաւեց մեծ քանակով զէնք եւ թմրեցուցիչ:

Ղաթթաս Խուրի. «Լիբանանի Դիմագրաւած  Տագնապը Վերջ Գտած Է»

Ղաթթաս Խուրի. «Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապը Վերջ Գտած Է»

Մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացակայութեան Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը վերջ գտած է` շնորհիւ լիբանանցիներուն եւ անոնց գիտակցութեան, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ անոր քաջ կեցուածքին, ինչպէս նաեւ միջազգային ընտանիքին կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան: Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով միջազգային հովանաւորութիւն գոյութիւն ունեցած է` աւելցնելով, որ երկրին պետական հաստատութիւնները...

Այսօր Լիբանան Կը Հասնի Ցուրտի Ալիք Մը

Այսօր Լիբանան Կը Հասնի Ցուրտի Ալիք Մը

Պէյրութի միջազգային օդակայանի օդերեւութաբանական գրասենեակը հաղորդեց, որ Լիբանան այսօր պիտի դիմաւորէ ցուրտի ալիք մը, որուն ուժգնութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ հինգշաբթի: Ըստ օդերեւութաբանական գրասենեակին, վաղը երեկոյեան առատ անձրեւներ պիտի տեղան, իսկ ծովու մակերեսէն 1700 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ: Չորեքշաբթի օրուան նախատեսումներուն համաձայն, 1300 մեթր բարձրութեան վրայ պիտի ձիւնէ: Ապահովութեան ուժերը քաղաքացիներէն պահանջեցին, որ լեռնային շրջաններուն մէջ ձիւնելէ ետք, անոնք հետեւին...

Օրդ. Միշել Քերթեշեան Նշանակուեցաւ Առողջապահական Քննիչ

Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ հրապարակած հրամանագիրով մը օրդ. Միշել Յակոբ Քեթեշեանը նշանակեց մեթնի շրջանի համար առողջապահական քննիչ: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հանդիպում մը ունեցաւ առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Պըրրի շաբաթավերջին շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ դրական մթնոլորտ կը տիրէ: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած քաղաքական վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, պէտք է անպայման քաղաքական կեցուածք մը հրապարակել` հակակշիռի տակ առնելու համար Լիբանանի մէջ տիրող իրարանցումը: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ...

Կառավարութիւնը Իր Արտակարգ Նիստը  Պիտի Գումարէ Վաղը Կամ Հինգշաբթի

Կառավարութիւնը Իր Արտակարգ Նիստը Պիտի Գումարէ Վաղը Կամ Հինգշաբթի

Լիբանանի մէջ քաղաքական համախոհութիւնը կը յամենայ: Լիբանանեան քաղաքական ուժերուն հետ հանրապետութեան նախագահին կատարած խորհրդակցութիւններուն եւ ապա իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ քննարկումներուն լոյսին տակ պատրաստուող պաշտօնական հաղորդագրութեան բանաձեւումը արդէն իսկ կը գտնուի իր աւարտական փուլին մէջ: Ըստ վստահելի աղբիւրներու, երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապին լուծումը բնորոշող այդ հաղորդագրութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի կողմէ ինքզինք շրջանային տագնապներէն զանց կացուցելու քաղաքականութեան մասին հակիրճ գրութիւն մը,...

Նախագահ Աուն Կառավարութեան Մաս Կազմող  Քաղաքական Ուժերու Ղեկավարները  Հրաւիրեց Խորհրդակցական Հանդիպումի

Նախագահ Աուն. «Աստուածամօր Հասցէին Վարկաբեկիչ Արարքներ Գործած Յանցագործին Պատիժը Կը Ճշդեն Դատական Իշխանութիւնները»

Նախագահական պալատի տեղեկատու գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն համոզուած է, որ Աստուածամօր հասցէին վարկաբեկիչ արարքներ գործած յանցագործին պատիժը կը ճշդեն դատական իշխանութիւնները: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ վճիռները պիտի արձակուին դատական իշխանութիւններուն կողմէ` օրէնքին համաձայն, յատկապէս սրբութիւններուն դէմ գործուած արարքներուն պարագային:

«Զբօսաշրջիկներուն Կողմէ Նոր Տարուան  Շրջանին Լիբանանի Մէջ Կատարուած  Ապահովումները Ի Զօրու Են»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Զբօսաշրջիկներուն Կողմէ Նոր Տարուան Շրջանին Լիբանանի Մէջ Կատարուած Ապահովումները Ի Զօրու Են» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խոսէ Մարիա տի Լափենիայի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս տնտեսական եւ զբօսաշրջական բնագաւառներուն վերաբերող: Նախարար Կիտանեան Սպանիոյ դեսպանին հետ քննարկեց յառաջիկայ յունուարի աւարտին Սպանիոյ մէջ տեղի ունենալիք զբօսաշրջական ցուցահանդէսին Լիբանանի մասնակցութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի մէջ Սպանիոյ նախաձեռնութեամբ Օմայեատներու սրահ մը հիմնելու ծրագիրին վարաբերող հարցեր: Միւս...

Page 685 of 987 1 … 684 685 686 … 987

Արխիւներ