Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Պիտի Կատարուին Ճշդուած Թուականին»

Նոյեմբեր 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ լիբանանեան համախոհութիւնը իր լաւագոյն վիճակին մէջ կը գտնուի, յատկապէս նկատի ունենալով երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը եւ անոր լոյսին տակ Լիբանանին զօրակցելու եւ անոր ապահովական կայունութիւնը պահպանելու միջազգային համախոհութիւնը:

Պըրրի ընդգծեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին ճշդուած թուականին:

Նշենք, որ Պըրրի ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որ Պըրրիին յանձնեց բանակին նոր տարազը` շնորհակալական իբրեւ շարժոյթ (ժեսթ):

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնած խորհրդակցութիւնները դրական մթնոլորտի մէջ ընթացած են` աւելցնելով սակայն, որ ինք կը փափաքի այդ խորհրդակցութիւններուն արդիւնքները չբացայայտել:

Պատասխանելով կառավարութեան կազմը փոփոխութեան ենթարկելու հաւանականութեան մասին հարցումի մը` Պըրրի հերքեց լուրը եւ ըսաւ. «Հազիւ կրցած են կառավարութեան մէջ մէկ ձմեռուկ գրկել»:

Պըրրի հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին կառավարութիւնը գումարէ իր նիստը:

Կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութեան ակնարկելով` Պըրրի նշեց, որ ատիկա կարիքը ունի ընդհանուրին համաձայնութեան` աւելցնելով, որ ինք ոչ մէկ հարց ունի` ի՛նչ ալ ըլլայ ընտրութիւններուն իմաստով տրուելիք որոշումը:

Երկրին տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակին անդրադառնալով` Պըրրի յայտնեց, որ ըստ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական կացութիւնը կայուն է եւ երբեք մտահոգիչ:

 

Նախորդը

Մոհամետ Մարգարէի Ծննդեան Տօնին Առիթով. Վարչապետ Հարիրի Կը Շնորհաւորէ Բոլորը` Բարիք Մաղթելով Լիբանանին Եւ Արաբական Աշխարհին

Յաջորդը

«Լա Սթամփա». «Հարիրի Պիտի Մնայ Վարչապետի Իր Պաշտօնին Վրայ» Հաստատեց Նախագահ Աուն

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանան Նուրբ Փուլէ Կ՛անցնի, Շրջանային  Շրջադարձի Մը Պայմաններուն Մէջ,  Որոնց Լուսանցքին Վրայ Չի Կրնար Մնալ»
Լիբանանեան

Պատասխանելով Հըզպալլայի Բաց Նամակին` Սալամ. «Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Որոշումը Վերապահուած Է Պետութեան, Եւ Ոչ Ոք Այդ Որոշումը Տալու Իրաւասութիւն Ունի»

Նոյեմբեր 8, 2025
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց  Նախարարութիւնն Ու Եուրոփոլը Կը Նշեն.  «Հըզպալլան Տակաւին Վտանգաւոր  Կազմակերպութիւն Մըն Է, Որ Մտադիր Է  Արտասահմանի Մէջ  Իր Ներկայութիւնը Պահպանել»
Լիբանանեան

Ուաշինկթըն. «Այսուհետեւ Իրանին Եւ Հըզպալլային Կարելի Չէ Արտօնել Լիբանանը Գերի Պահել»

Նոյեմբեր 8, 2025
Թեհրան. «Կը Զօրակցինք Պաղեստինցիներուն Որդեգրած Որեւէ Որոշումի, Որ Ցեղասպանութեան Դադրեցման Եւ Իսրայէլեան Ուժերու Կազայէն Հեռացման Կը Յանգեցնէ»
Լիբանանեան

Թեհրան. «Կը Դատապարտենք Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Վայրագ Օդային Յարձակումները»

Նոյեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?