Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի նախաձեռնած խորհրդակցութիւններուն լոյսին տակ կարելի ըլլայ աշխատանքի նոր ուղղութիւն մը ճշդել եւ երկրին յառաջդիմութիւնն ու բարգաւաճումը ապահովել:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ սիոնական թշնամին տակաւին պատրաստ չէ պատերազմ մղելու` աւելցնելով, որ անոր պատրաստուածութիւնը խոչընդոտող արգելքները մեծաթիւ են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ կառավարութեան անդամ նախարարները փոխելու մասին ցարդ ոչ մէկ լուրջ առաջարկ ներկայացուած է: Ան նշեց, որ նախարարաց խորհուրդի կազմը փոխելու մասին խօսքերը պարզապէս ենթադրութիւններ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ իրենց յարաբերութիւնները փուլ չեն գար, որովհետեւ անոնք հիմնուած են գերիշխանական սկզբունքներու վրայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմին մէջ փոփոխութիւններ պիտի չըլլան` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները վերջերս ցնցումի ենթարկուած են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Պեզզի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կարելի եղած է դիմագրաւել լուրջ տագնապ մը` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ ազգային միասնականութիւնը առաջնահերթութիւն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ իրենք կը սպասեն կառավարութեան աշխատանքի վերսկսումին` աւելցնելով, որ Լիբանանի դէմ նախապատրաստուած սադրանքները վերջ գտած են:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ շահերը կ՛ենթադրեն արաբական աշխարհին բացուելու անցքեր եւ ապահով սահմաններ գտնել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Իպրահիմ Նաժժար շեշտեց, որ կառավարութեան նիստերը վերստին գումարել կը նշանակէ վարչապետին հրաժարականը յետս կոչել:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անհրաժեշտ կը նկատէ կառավարութեան կողմէ Սէուտական Արաբիոյ մտահոգութիւնները փարատող հաղորդագրութեան մը հրապարակումը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ուաշինկթըն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին խոստացած է Լիբանանին տրամադրել տարեկան մէկ միլիառ տոլարի օժանդակութիւն, որմէ 500 միլիոն տոլարը կը յատկացուի լիբանանեան բանակին, իսկ մնացեալը` երկրին քաղաքական կայունութեան երաշխաւորումին:

 

Նախորդը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Կը Հերքեն. Եմէնէն Թեւաւոր Հրթիռ Մը Արձակուած Է Ապու Տապիի Հիւլէական Կայանի Վայրին Դէմ

Յաջորդը

Ապու Ֆաուր. «Պահաէտտին Հարիրին Անոր Եղբօր Հետ Փոխարինելու Առաջարկը Անձնական Էր»

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.