Նախանցեալ օր Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջանին վրայ գտնուող Թուֆայլ շրջանը վերադարձան հարիւրաւոր լիբանանցի եւ սուրիացի տեղահանուածներ` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն:
Թուֆայլի մէջ տեղահանուածները արժանացան ժողովրդային ջերմ ընդունելութեան` չորս տարուան բացակայութենէ ետք: