Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի հաստատեց, որ սպասուած լուծումը կը բարելաւէ համաձայնութեան պայմանները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ փուլին ընթացքին կառավարութեան աշխատանքը պիտի աշխուժանայ, իսկ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական կանխահաս ընտրութիւններ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի սակացոյցին համաձայն, 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 100 լ. ոսկիով, իսկ 95 օքթան պենզինի եւ մազութի թիթեղին սակերը` 200 լ. ոսկիով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հեզասահ են ու բացառիկ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող մթնոլորտը դրական է եւ կ՛ուղղուի դէպի լուծում:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով միջազգային, շրջանային եւ տեղական յանձնառութիւն կայ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ ընդգծեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի` իր հրաժարականը կասեցնելու որոշումը դուռ կը բանայ նոր փուլի մը, որուն ընթացքին յաւելեալ յստակութիւն պիտի տիրէ:

ՔԱԹԱՐԻ արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման ընդգծեց, որ Սէուտական Արաբիոյ գործադրած յարձակողական արշաւին վերջին նպատակը Լիբանանն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար անհրաժեշտ նկատեց քաղաքական բոլոր ուժերուն գործակցութիւնը` երկիրը շրջանային տագնապներէն փրկելու համար:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիթանի գետին ապականումը Լիբանանի մէջ բոլորին վնաս կը հասցնէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ շեշտեց, որ երկրին մէջ այսօր քննարկուող քաղաքական հարցը շրջանային տագնապներէն Լիբանանը զանց կացուցելն է եւ ոչ թէ Դիմադրութեան զէնքի հարցին լուծումը:

«ՇԱՐՔ Աուսաթ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը պատրաստ են գործակցելու, որպէսզի ներկայ տագնապը կարելի ըլլայ լուծել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխաններէն պահանջած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան երեսփոխաններուն հասցէին յարձակողական կեցուածքներ չարտայայտել:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու բանբեր Ռունին Մանլիս յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ հաւանական նոր պատերազմի մը պարագային Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա թիրախ կը նկատուի: Մանլիս աւելցուց սակայն, որ իսրայէլեան ուժերը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն նուազեցնելու համար Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը բռնկեցնելու հաւանականութիւնը:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Փիթըր Ժըրմանոս դերասան Զիատ Այթանին ամբաստանեց Իսրայէլի հաշուոյն գործակալութիւն կատարելու եւ թմրեցուցիչ պահելու յանցանքներով:

 

 

Նախորդը

Լա Հէյի Դատարանին Մէջ Վճիռի Հրապարակումէն Ետք Դատապարտեալը Թոյն Խմած Է

Յաջորդը

Քոսթա Ռիքայի Մէջ. «Լիբանան Խաղաղ Է Եւ Կայուն, Ինչպէս Նաեւ Տապալած Է Ահաբեկչութիւնը» Շեշտեց Պասիլ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ  Տնտեսական Եւ Առեւտրական  Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Պատրաստ Է Իրանի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւններու Ամրապնդման»

January 10, 2026
Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Աուն-Ֆոն Տեր Լեյեն-Քոսթա Բանակցութիւններ

January 10, 2026
Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման  Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը
Լիբանանեան

Ֆրանսա Կ՛ողջունէ Զէնքի Մենաշնորհման Ծրագիրի Առաջին Փուլի Իրագործումը

January 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.