Լիբանանեան

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց  Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Վարչապետ Հարիրի Նախագահեց Մուսթաքպալ Պլոքի Նիստին

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի ընթացիկ նիստին: Նիստէն ետք երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը կ՛ընդգծէ արաբական միացեալ շահերուն յանձնառութիւնը` առ ի յարգանք արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու նախանձախնդրութեան: Հուրի նշեց, որ Մուսթաքպալ պլոքը խստիւ դատապարտած է Սինայի Արիշ շրջանի Ռաուտա մզկիթին մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը, որ խլած էր հարիւրաւոր զոհեր:...

«Լիբանան Կարողութիւնը Ունի Մնալու  Շրջանի Զբօսաշրջութեան  Հիմնական Ուղղութիւնը»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանան Կարողութիւնը Ունի Մնալու Շրջանի Զբօսաշրջութեան Հիմնական Ուղղութիւնը» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Հովանաւորութեամբ զբօսաշրջութեան նախարարութեան եւ ներկայութեամբ նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրի եւ ցուցահանդէսներու ու խորհրդաժողովներու միութեան նախագահ Էլի Ռըզքի, «Մայս Լեպանոն» ընկերութեան վարչութիւնը կատարեց «Էքսփլօ» ցուցահանդէսին մեկնարկը: Այս առիթով տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին նախարար Կիտանեան ըսաւ, որ երկրին դիմագրաւած քաղաքական տագնապը շրջանցելէ ետք ինք կը շարունակէ գործադրել զբօսաշրջութեան մարզը աշխուժացնելու նպատակով մշակուած...

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու  Սենտիքան Կը Պահանջէ  Թիւ 46 Օրէնքի Գործադրութիւնը

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կը Պահանջէ Թիւ 46 Օրէնքի Գործադրութիւնը

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ ուսուցիչները այսուհետեւ պիտի չբաւարարուին զգուշացումի դասադուլ կատարելով, այլեւ մագլցողական քայլերու պիտի դիմեն` պահանջելով աշխատավարձի յաւելման վերաբերող թիւ 46 օրէնքի գործադրութիւնը: Ապպուտ շեշտեց, որ սենտիքան ամէն ջանք ի գործ կը դնէ դատական հայց ներկայացնելու այն դպրոցներուն դէմ, որոնք կը զլանան ուսուցիչներուն իրաւունքները յարգել, այլ խօսքով` անոնց աշխատավարձի յաւելումները տրամադրել: Ապպուտ նշեց, որ...

Ֆատլալլա. «Յանձնախումբին Ատենագրութիւնը  Յանձնեցինք Ելեւմտական Հարցերու  Ընդհանուր Դատախազութեան»

Ֆատլալլա. «Յանձնախումբին Ատենագրութիւնը Յանձնեցինք Ելեւմտական Հարցերու Ընդհանուր Դատախազութեան»

Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշին: Նիստէն ետք Ֆատլալլա յայտնեց, որ յանձնախումբը իր երկու շաբաթ առաջուան նիստին ատենագրութիւնը յանձնած է ելեւմտական հարցերու ընդհանուր դատախազութեան: Ան նշեց, որ ատենագրութիւնը կը վերաբերի բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւններու ցանցերուն եւ անոնց յատկացուելիք 200 միլիոն տոլարի գումարին: Ֆատլալլա նշեց...

Մաշնուք. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը  Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Կազմակերպելու Ընթացքին Մէջ Է»

Մաշնուք. «Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Ընթացքին Մէջ Է»

Ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Լիբանանի քաղաքական եւ ապահովական կացութեան վերաբերող զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու ընթացքին մէջ է` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ է` ապահովական կառոյցներուն մնայուն ճիգերուն եւ ջանքերուն շնորհիւ:  

Կուատելուփի Մէջ.  «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները  Կազմակերպելու Գումակային  Աշխատանքներուն Սկսած Ենք»  Շեշտեց Պասիլ

Կուատելուփի Մէջ. «Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Կազմակերպելու Գումակային Աշխատանքներուն Սկսած Ենք» Շեշտեց Պասիլ

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Կուատելուփի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ Ժաք Պանկուի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող զարգացումները: Պասիլ շեշտեց, որ Լիբանան պաշտօնապէս սկսած է երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպելու գումակային աշխատանքներուն` աւելցնելով, որ ատիկա քաղաքական պատգամ մըն է Լիբանանի եւ արտաքին աշխարհին համար: Պասիլ ընդգծեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց միացեալ նիստի մը, որ պիտի գումարուի երեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքներուն վերադառնալու իմաստով ամէն ջանք ի գործ կը դրուի: ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ Լիբանան յանձնառու է Ծոցի երկիրներուն հետ իր լաւ յարաբերութիւնները պահպանելու: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ...

Քաղաքական Խորհրդակցութիւնները Դրական  Դուրս Եկան. Քաղաքական Ուժերը Կ՛ընդգծեն  Քաղաքական Ու Ապահովական Կայունութիւնը  Պահպանելու Կարեւորութիւնը

Քաղաքական Խորհրդակցութիւնները Դրական Դուրս Եկան. Քաղաքական Ուժերը Կ՛ընդգծեն Քաղաքական Ու Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Կարեւորութիւնը

Հարիրի. «Կ՛ուզեմ Վարչապետ Մնալ, Իսկ Հըզպալլա Պէտք Է Չէզոք Մնայ» Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին ընդունեց կառավարութիւնը կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարները, որոնց կողքին նաեւ` Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավարը: Իր կատարած խորհրդակցութիւններէն ետք, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն ներկայացուց իր կատարած խորհրդակցութիւններուն արդիւնքը: Իշխանութեան Ա. եւ Գ. պետերուն հանդիպումէն կարճ ժամանակ ետք անոնց...

«Կը Զօրակցինք Նախագահ  Աունի Նախաձեռնութեան»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կը Զօրակցինք Նախագահ Աունի Նախաձեռնութեան» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւիրած քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջագիծին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց նախագահական պալատ: Նախագահ Աունի հետ հանդիպելէ ետք, Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը զօրակցի նախագահ Աունի նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է երկրին քաղաքական աշխատանքը հունի մէջ դնել: «Մաղթեցինք, որ նախագահ Աուն այդ նախաձեռնութեան կառչած մնայ` մինչեւ տագնապին լուծումը»,...

Պըրրի Նամակներ Կը Ստանայ Սիսիէն  Եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Նախագահէն

Պըրրի Նամակներ Կը Ստանայ Սիսիէն Եւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի Նախագահէն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին զարգացումները: Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ Պըրրիի յանձնեց Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահէն նամակ մը, որուն մէջ ան շնորհաւորեց Լիբանանի անկախութեան տօնը` մաղթելով, որ Պըրրի ընդառաջէ Ֆրանսա այցելութեան իր հրաւէրին: Պըրրի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն, որուն հետ քննարկեց երկրին ելեւմտական...

Վարչապետ Հարիրի Արսլանի Հետ  Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Հարիրի Արսլանի Հետ Քննարկեց Երկրին Իրադարձութիւնները

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, գաղթականներու հարցերու նախարար Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Արսլան յայտնեց, որ ինք շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին` անոր հրաժարականին կասեցումին առիթով: «Վարչապետ Հարիրիի կողմէ իր հրաժարականը կասեցնելու որոշումը զարմացուցած է շատերը, սակայն ոչ զիս` նկատի ունենալով, որ ես լաւ կը ճանչնամ վարչապետը», ըսաւ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Ժապալ Մըհսենի մէջ ձերբակալեց Օ. Ր. անուան սկզբնատառերով քաղաքացի մը, որ նախապէս լիբանանեան բանակի անցարգելներէն մէկուն վրայ ձեռնառումբ նետած էր: ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին շեշտեց, որ քաղաքական կայունութիւնը բոլոր ներդրումներուն համար հիւրընկալ միջավայր մը կը նկատուի: ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա պատրաստ է իր դրական ներդրումը ունենալու եւ...

Նախագահ Աուն Յայտարարեց Խորհրդարանի  Պաշտօնավարութեան Երկարաձգման Նուիրուած  Օրէնսդիր Մարմինի Նիստին Մէկ Ամիսով Յետաձգումը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Սկսի Քաղաքական Խորհրդակցութիւններու

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր պիտի սկսի քաղաքական խորհրդակցութիւններու, որոնք պիտի կեդրոնանան հիմնական երկու կէտերու վրայ, որոնք են` լիբանանեան ներքին հարցերուն արտաքին միջամտութիւններու մերժումը եւ Լիբանանը շրջանային հարցերէ չէզոք պահելու, այլ խօսքով` զերծ կացուցելու կարեւորութիւնը: Նախագահ Աունի հանդիպումները պիտի կատարուին կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն, ինչպէս նաեւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան հետ: Կը նախատեսուի, որ քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ նախագահ Աունի...

Նախագահական Պալատը  Նարնջագոյնով Կը Լուսաւորուի

Նախագահական Պալատը Նարնջագոյնով Կը Լուսաւորուի

Կիներու դէմ բռնութեան կասեցման միջազգային օրուան առիթով շաբաթ, 25 նոյեմբերի երեկոյեան նախագահական պալատը լուսաւորուեցաւ նարնջագոյնով` համաձայն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի թիւ 54.834 որոշումին: Լիբանանի մէջ այս առիթով սկսաւ նաեւ արշաւ մը, որ պիտի տեւէ մինչեւ 10 դեկտեմբեր, որ կը զուգադիպի Մարդկային իրաւունքներու միջազգային օրուան: Արշաւին նպատակը պիտի ըլլայ լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ աշխուժութիւն յառաջացնել` կիներուն եւ իգական սեռին դէմ բռնութիւնը կասեցնելու...

Վարչապետ Հարիրի Շնորհակալութիւն  Կը Յայտնէ Մաքրոնին

Վարչապետ Հարիրի Շնորհակալութիւն Կը Յայտնէ Մաքրոնին

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի տեղակատուական գրասենեակը շաբաթավերջին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Առաջին տիկին Պրիժիթ շաբաթ, 25 նոյեմբերին, Էլիզէի պալատին մէջ ընդունած են Սաատ Հարիրիի կինը` Լարա Հարիրին եւ անոր զաւակները` Լուլուան, եւ Ապտել Ազիզը, որոնք կ՛այցելէին Փարիզ: Վարչապետ Հարիրի «Թուիթըր»-ի ընդմէջէն շնորհակալութիւն յայտնեց Մաքրոնին եւ Առաջին տիկին Պրիժիթին, որոնք իր ընտանիքը հրաւիրած էին...

Խալիլ. «Անցնող Քանի Մը Շաբաթները  Փաստեցին, Որ Ազգային Միասնականութիւնը  Պահպանած Է Լիբանանի Կայունութիւնը»

Խալիլ. «Անցնող Քանի Մը Շաբաթները Փաստեցին, Որ Ազգային Միասնականութիւնը Պահպանած Է Լիբանանի Կայունութիւնը»

Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ Սուրի մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան եւ ազգային արժէքներու պահպանումին համար պայքարելու իրենց ուխտը կը վերանորոգեն` հաստատելով, որ պատգամ երկիր Լիբանանի միակ թշնամին Իսրայէլն է: Խալիլ ընդգծեց, որ Լիբանան խաղաղութեամբ եւ ազգային համերաշխութեամբ կ՛ապրի` պահպանելով իր արժանապատուութիւնը: «Թշնամիներուն դէմ մեր արձանագրած յաղթանակը նոյն յաղթանակն է, որ արձանագրուեցաւ Լիբանանի կայունութեան եւ գերիշխանութեան սպառնացողներուն դէմ:...

Սալիպա. «Այթանիի Ձերբակալութիւնը  Գործակալները Հետապնդելու  Քայլերուն Մաս Կը Կազմէ»

Սալիպա. «Այթանիի Ձերբակալութիւնը Գործակալները Հետապնդելու Քայլերուն Մաս Կը Կազմէ»

Զիատ Այթանի Պետական անվտանգութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա շեշտեց, որ Պետական անվտանգութեան ուժերը ազգային անվտանգութեան հսկող ուժեր են, որոնք երկրին ու քաղաքացիին ապահովութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կայունութեան յանձնառու կը մնան: Սալիպա ընդգծեց, որ Պետական անվտանգութեան ուժերուն հիմնական պարտականութիւնն է Իսրայէլի գործակալները հետապնդել եւ պետական հաստատութիւններն ու քաղաքացիները փտածութենէ եւ փտածներէ պաշտպանել: «Զիատ Այթանիի ձերբակալութիւնը Իսրայէլի գործակալները հետապնդելու քայլերուն...

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու  Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ  Մասնակցելու Դասադուլին

Սեփական Դպրոցներու Ուսուցիչներու Սենտիքան Կոչ Կ՛ուղղէ Մասնակցելու Դասադուլին

Սեփական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ յայտնեց, որ սեփական դպրոցներուն մէջ 28 եւ 29 նոյեմբերի դասադուլը ի զօրու է, եւ կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն մասնակցելու այդ դասադուլին: Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի բոլոր նահանգներուն մէջ սենտիքային կեդրոնները երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ բաց պիտի ըլլան, իսկ Թանգարանի կեդրոնին մէջ կէսօրուան ժամը 12:00-ին պիտի կատարուի հաւաք մը: Ապպուտ յայտնեց, որ չորեքշաբթի,...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Ռումանիա, ուր պիտի ստորագրէ զինուորական գործակցութեան վերաբերող համաձայնագիր մը, ինչպէս նաեւ հանդիպում մը պիտի ունենայ ռումանացի իր պաշտօնակիցին եւ պետական այլ պաշտօնատարներու հետ: ԱՍՈՒՆ - ՏԸՆՆԻԷ շրջանին մէջ կրակ բացողը եւ անոր եղբայրը անձնատուր եղան բանակի գաղտնի սպասարկութեան: Անոնք շաբաթավերջին իրենց գնդացիրներով գնդակոծած էին սրճարան մը յաճախող քաղաքայիններ եւ վիրաւորած 12...

Լաւատես Եւ Խոստմնալից  Մթնոլորտի Մէջ.  Երկրին Ղեկավարները Կը Շեշտեն Ապահովական  Թէ Քաղաքական Կայունութեան Առաջնահերթութիւնը

Լաւատես Եւ Խոստմնալից Մթնոլորտի Մէջ. Երկրին Ղեկավարները Կը Շեշտեն Ապահովական Թէ Քաղաքական Կայունութեան Առաջնահերթութիւնը

Անկախութեան 74-րդ տարեդարձին առիթով պարզուած քաղաքական տեսարանը, յատկապէս` լիբանանեան պաշտօնական մակարդակին վրայ, երկրին մէջ ստեղծեց լաւատեսութեան մթնոլորտ, որ իր դրական արձագանգները ունեցաւ մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Փաստօրէն, վարչապետ Հարիրիի ցուցաբերած «համբերատար» կեցուածքը վայրկեանին ծնունդը չէր, այլ անիկա արգասիքն էր տեղական թէ արտաքին քուլիսային հաղորդակցութիւններու` Փարիզէն մինչեւ Ուաշինկթըն եւ Գահիրէ, անցնելով Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ու Կիպրոսէն: Խորհրդակցութիւնները շարունակուեցան եւ հաստատուեցան նաեւ...

Page 687 of 987 1 … 686 687 688 … 987

Արխիւներ