Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ Սայֆիի մէջ նախագահեց կուսակցութեան ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին շեշտեց անհրաժեշտութիւնը Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական ներկայ տագնապը վերածելու այնպիսի առիթի մը, որուն ընթացքին կարելի կ՛ըլլայ Լիբանանի մէջ իսկական կայունութիւն հաստատել:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ իսկական կայունութեան պարագային միայն կարելի կը դառնայ տեղական եւ շրջանային իւրաքանչիւր անկիւնադարձային փուլի զօրութեամբ դիմագրաւումը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ընդգծեց, որ կարելի չէ երկրին եւ լիբանանցիներուն ճակատագիրը կասեցման ընթացքի մէջ պահել, այլ` պէտք է խնդիրները լուծել եւ Լիբանանի ու անոր ժողովուրդին ճակատագիրը պահպանել:
«Կը մերժենք համաձայնութեան վրայ հիմնուած կառավարութեան գոյութիւնը, ինչպէս նաեւ տիրական ներկայութիւն եղող փտածութիւնը եւ երկրին բոլոր հարցերը անհաւասարակշիռ կերպով տնօրինելու ոճը: Կը պահանջենք Լիբանանը ամբողջապէս չէզոք պահել շրջանային տագնապներէն», շեշտուեցաւ նիստէն բխած հաղորդագրութեան մէջ:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը դիտել տուաւ նաեւ, որ չէզոք այդ կեցուածքին պայմանը Լիբանանի պետութեան գերիշխանութեան պահպանումն է, ինչպէս նաեւ զէնքի ուժը միայն պետութեան հակակշիռին տակ պահելու կարեւորութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը հաստատեց, որ Լիբանանը պէտք է հեռու պահել բախումներու մէջ գտնուող առանցքներէն` պահպանելու համար անոր ապահովական կայունութիւնը: