Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ դատախազ Նիքոլա Մանսուր երէկ մերժեց ընդունիլ պատկերասփիւռի հաղորդավար Մարսել Ղանեմի իրաւաբան երեսփոխան Պութրոս Հարպի ներկայացուցչութիւնը եւ բերման գիր հրապարակեց Ղանեմի դէմ: Ղանեմի դէմ նիստի թուական որոշուած է 4 յունուար 2018-ն: Հարպ այս գծով մամլոյ ասուլիս պիտի տայ այսօր:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ հարաւի Մաժտելիուն շրջանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սայտայի Ապրա շրջանի դէպքերուն գծով արգելափակեալներու ընտանեկան պարագաներէն պատուիրակութիւն մը: Երեսփոխան Հարիրի հանգստացուց այցելուները, թէ վարչապետ Սաատ Հարիրի մեծ կարեւորութիւն կու տայ կարգ մը արգելափակեալներու ներում շնորհելու կարելիութեան` ընդգծելով, որ ներման որեւէ որոշում պիտի ընդգրկէ նաեւ իրենց զաւակներուն անունները:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ միջազգային օդակայանի ժամանումի բաժանմունքի մէկ լուացարանին մէջ գտնուած է թմրեցուցիչ պարունակող պայուսակ մը: Պատկերասփիւռի «Մանար» կայանին համաձայն, պայուսակը կը կշռէ 13,7 քիլոկրամ թմրեցուցիչ:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ատեանի դատախազ Ռիատ Ապու Ղիտա երէկ աւելի քան երեք ժամ տեւողութեամբ  հարցաքննեց Իսրայէլի հետ գործակցութեան մեղսակցութեամբ մեղադրուած բեմադրիչ Զիատ Իթանին: Իթանի հերքեց նախապէս իր կատարած խոստովանութիւններուն մէկ մասը: Անոր հարցաքննութեան նիստը յետաձգուեցաւ` սպասելով վկաներու հարցաքննութեան: Ըստ լիբանանեան «Էմ.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին, Իթանիի հարցաքննութեան յաջորդ նիստը կը նախատեսուի յառաջիկայ տարեսկիզբի առաջին երկու-երեք շաբաթներուն ընթացքին:

ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ դեսպանատան պաշտօնեայի սպանութենէն ետք երէկ իմացուեցաւ, թէ 1951-ի ծնունդ լիբանանցի ոսկերիչ Ժոզեֆ Ժորժ Ուարտ անյայտացած է նոյն վայրին մէջ, երբ ան  շաբաթավերջին կը փորձէր իր ոսկեգոյն «Թոյոթա» տիպի ինքնաշարժով վերադառնալ իր տունը` Մեթնի Պահրսաֆ շրջանին մէջ:

ԱՔՔԱՐԻ Պէյթ Եունես աւանի բնակիչ մը` Խ. Ա. Ա., ընտանեկան վէճի պատճառով Մշմիշ աւանին մէջ ատրճանակով կրակած է իր կնոջ ու զոքանչին ուղղութեամբ, որոնք փոխադրուած են մօտակայ  «Հապթուր» հիւանդանոցը: Զոքանչը մահացած է, իսկ կինը կը գտնուի ծանր վիճակի մէջ: Ապահովական պատկան ուժեր քննութիւն բացած են դէպքին շուրջ: Աւելի ուշ, ապահովական պատկան ուժեր յաջողած են ձերբակալել յանցագործ ամուսինը:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Պաղեստինեան Երուսաղէմի Ճանաչման Թրքական Նախաձեռնութիւնը

Յաջորդը

Բաց Գործադուլ` Զանազան Մարզերու Մէջ

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական  Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Ընդունեց Արաբական Լիկայի Ընդհանուր Քարտուղարը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց  Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով
Լիբանանեան

Խորհրդարանը Նիստ Չգումարեց Օրինաթիւի Չգոյացման Պատճառով

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?