Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօնական Օրերու Նախօրեակին Երկրին Իշխանութիւնները Լծուած Են Տարեկան Հաշուեփակի Եւ Խոստմնալից Նոր Էջ Բանալու

Դեկտեմբեր 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տօնական օրերու նախօրեակին երկրին իշխանութիւնները լծուած են փակելու միամեայ գործունէութեան էջը եւ նոր եռանդով դիմաւորելու խոստմնալից ծրագիրներու սկզբնաւորումը` քաղաքական, ընտրական, զբօսաշրջային, տնտեսական եւ այլ կենսական բնագաւառներու մէջ:

Բնականաբար շրջանային քաղաքական թէ ապահովական արագընթաց դրական թէ ժխտական զարգացումներն ու անոնց հետեւող  փոփոխութիւնները իրենց համապատասխան արձագանգները կ՛ունենան նաեւ լիբանանեան հրապարակին վրայ: Այս առումով երէկ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ յատուկ հաւաքներ եւ բողոքի ելոյթներ կազմակերպուեցան` դատապարտելով Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու նախագահին որոշումը: Այս առիթով արտասանուեցան մէկէ աւելի խօսքեր, ուր դրսեւորուած կեցուածքները դատապարտեցին բոլոր այն երկիրներն ու կողմերը, ներառեալ արաբական երկիրները, որոնք զօրակցած կամ լռած են նախագահ Թրամփի նշեալ որոշումին գծով: Այս առնչութեամբ ուշագրաւ էին նախագահ Միշել Աունի` Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան Պոլսոյ վեհաժողովին արտասանած խօսքէն ետք նաեւ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կեցուածքները, որոնք դատապարտեցին Երուսաղէմին վերաբերող ամերիկեան որոշումը` զօրակցութիւն յայտնելով պաղեստինցի ժողովուրդի պահանջներուն: «Միջին Արեւելքի մէջ չկայ խաղաղութիւն առանց Երուսաղէմի հարցի լուծման», յայտնեց Ռայի պատրիարքը հարաւային Ռմէյշ, ապա Այն Ըպըլ կատարած իր հովուական այցելութեան ընթացքին արտասանած իր խօսքերուն մէջ: Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ամրագրելու Երուսաղէմի` երեք կրօններուն համար խաղաղութեան խորհրդանիշ ըլլալուն հանգամանքը:

Քաղաքական Եւ Ընտրական Առումով

Միւս կողմէ, հայեացքները կեդրոնացած են վաղը` երեքշաբթի նախատեսուող նախարարաց խորհուրդի նիստին վրայ, որուն ընթացքին խորհրդակցութեանց օրակարգի առանցքները պիտի կազմեն ընտրական եւ քարիւղի արդիւնաբերութեան բնագաւառներու իրագործման նախապատրաստական քայլերը:

Արդարեւ, քաղաքական յառաջիկայ ներքին խճապատկերը կազմելու կոչուած` 6 մայիս 2018-ին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութեանց նախապատրաստութեանց ծիրին մէջ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ  շաբաթավերջին նախ հարաւային Լիբանանի, ապա հիւսիսային Լիբանանի շրջանները այցելեց: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կեդրոն մը բանալով նախարար Պասիլ յայտարարեց, թէ հոսանքը տարածուած է գրեթէ ամէնուրեք եւ այսուհետեւ ոչ մէկ շրջան զերծ պիտի մնայ հոսանքի ներկայացուցչութենէն:  Ան խոստմնալից դրական գործունէութեան ու համերաշխութեան մաղթանքներ փոխանցեց նշեալ վայրերու պատասխանատուներուն:

Իր կարգին, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ վերահաստատեց հոսանքին եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ յարաբերութեանց շարունակումը` ընդգծելով, որ օրին յայտարարուած «մտադրութիւնները» յաւերժական են: Քանաան անհաւանական չնկատեց, որ այս յարաբերութիւնները տարբեր առիթով վերածուին համերաշխութեան եւ ինչու չէ` ընտրական դաշինքի:

Իսկ Մուսթաքպալ-Լիբանանեան ուժեր յարաբերութեանց ծիրին մէջ եւ ըստ «Հայաթ» թերթին, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ, տեղեկատուութեան նախարար Մլհեմ Ռիաշիի եւ վարչապետ Հարիրիի խորհրդականներէն մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի միջեւ քուլիսային կապերը կը շարունակուին: Այս առումով նախարար Ղաթթաս Խուրի շաբաթավերջին հերքեց իր Մաարապ այցելութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպումին մասին տեղեկութիւնները: Իսկ պատկերասփիւռի կայանի մը հաղորդած տեղեկութեանց համաձայն, Սաատ Հարիրի-Սամիր Ժահժահ մօտալուտ հանդիպում մը կը նախատեսուի:

Տնտեսական Մարզին Մէջ

Նախարարաց խորհուրդի գլխաւոր հարցերէն է նաեւ` Լիբանանի քարիւղի արտադրութեան աշխարհ մուտքը, որ նկատառելի իրագործում է լիբանանեան ծովափի ջուրերուն մէջ քարիւղի պեղումի գծով կառավարութեան տուած որոշումին ընդմէջէն: Այս քայլը խիստ խոստմնալից կը թուի տնտեսական, ընկերային թէ բարգաւաճման առումներով, երբ հարիւրաւոր աշխատանքի առիթներ պիտի ստեղծուին լիբանանցի մասնագէտներու համար:

Այս իմաստով նոյնքան խոստմնալից էր շաբաթավերջին երկրագործութեան նախարար Ղազի Զաայթերի Իրաք կատարած այցելութիւնն ու Պաղտատէն կատարած յայտարարութիւնները` տնտեսական եւ  երկկողմանի յարաբերութեանց զարգացման առումով: Նախարար Զաայթեր խիստ դրական ու խոստմնալից նկատեց Իրաք-Սուրիա գլխաւոր անցքի վերաբացումը, որ իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ եւ զարկ պիտի տայ նաեւ տնտեսական ու առեւտրական գործակցութեան բարգաւաճումին:

Նաեւ` Զբօսաշրջութեան Մարզին Մէջ

Շաբաթավերջին ուշագրաւ էր առաջին տիկին Նատիա Շամի-Աունի կողմէ գլխաւորուած` «Ս. Ծննդեան աւան»-ի մեկնարկը Պաապտայի պալատէն ետք նաեւ «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մէջ` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, երեսփոխաններու եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու եւ համակիրներու:

Նոյն ծիրին մէջ նախարար Կիտանեան շաբաթավերջին` ընկերակցութեամբ գործարար Ժորժ Պուշիքեանի եւ Այնճարի փոխքաղաքապետ իրաւաբան Նազարէթ Անտեքեանի, այցելեց Զահլէ, ուր շրջեցաւ մայրուղիի առեւտրական, յատկապէս` հայերու շուկան եւ հայկական վաճառատուները: Նախարար Կիտանեան մօտէն հետեւեցաւ Զահլէի հայութեան եւ լսեց վաճառականներու հարցերն ու առաջարկները: Տօնական օրերու առիթով Կիտանեան  շնորհաւորեց վաճառականներն ու հոն գտնուող համակիրները:

Նմանապէս Եւ Ընկերային Պահանջները

Հակառակ բոլոր դրական նշոյլներուն եւ խոստմնալից նախաձեռնութեանց, քաղաքացիներու առաջնակարգ մտահոգութիւնը իրենց ընկերային ու տնտեսական բարօրութեան դասաւորումն է: Այս իմաստով տակաւին կան բնագաւառներ, ուր պաշտօնեաներու թէ աշխատաւորներու զգալի մէկ  համեմատութիւնը տակաւին դժգոհ է եւ կը պահանջէ իր աշխատավարձերու հատուցումը: Այս ծիրին մէջ այսօր` երկուշաբթի, բաց գործադուլ կը նախատեսուի պետական վարչամեքենայի կարգ մը մարզերուն մէջ: Ու հակառակ այն իրողութեան, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերջերս ստորագրեց աշխատավարձերու յաւելման հատուցման որոշումը, այսուհանդերձ կրթական, ելեկտրական եւ այլ պետական բնագաւառներու պաշտօնեաներ կը պահանջեն անյապաղ սրբագրել ու հատուցել իրենց իրաւունքները:

Նախորդը

Փաքիստանի Մէջ Յարձակում` Եկեղեցիի Մը Դէմ

Յաջորդը

Ռէալ Մատրիտ` Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութեան Եռակի Ախոյեան

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?