Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խորհրդարանական Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական Հանդիպումին Պըրրի. «Առկախ Հարցերուն Լուծումը Կը Թողում Նախագահի Հայեցողութեան»

December 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Հակառակ սպաներու հարցի կարեւորութեան, այդ հարցին գծով ոչինչ կ՛ուզեմ աւելցնել եւ անոր լուծումը կը թողում նախագահ Աունի հայեցողութեան», յայտարարեց երեսփոխան Ալի Պեզզի երէկ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերագրելով իր խօսքերը: Արդարեւ, չորեքշաբթի օրուան հերթական խորհրդարանական հանդիպումին ներկայ գտնուած երեսփոխաններուն հետ խորհրդակցելով` Պըրրի քննարկած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը, վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ:

Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Ալի Ամմար խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած է Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն  ոչ նախանձելի վիճակը` յատկապէս ենթակառոյցներու եւ ապրուստի տարրական պէտքերու` ջուրի եւ ելեկտրական հոսանքի յաճախակի ընդհատման թէ խանգարման գծով: Խորհրդարանի նախագահը փութով ընդառաջած եւ անհրաժեշտ դասաւորումներն ու ցուցմունքները կատարած է այս հարցերու լուծման վերաբերեալ:

Այս առիթով դարձեալ, խորհրդարանի նախագահը դրուատած է Եւրոպական Միութեան Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան կեցուածքն ու յատկապէս Երուսաղէմի հարցին գծով անոր ի նպաստ պաղեստինցիներու յայտարարութիւնը:

Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահը տօնական օրերու շնորհաւորական եւ զօրակցական նամակներ ստացած է երէկ Քանատայի  եւ Պիելոռուսիոյ ծերակոյտներու նախագահներէն:

Իսկ Կիպրոսի իր պաշտօնակիցէն Պըրրի ստացած է Կիպրոս այցելութեան հրաւէր մը:

 

Նախորդը

Ընկերային-Տնտեսական Պահանջները Կը Շարունակուին

Յաջորդը

Հետզհետէ Շեշտուող Արտաքին Զօրակցութեամբ Ամրապնդուած. Լիբանան Կը Ջանայ Ամրագրել Ներքին Ճակատի Կայունութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.