Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիւանագիտական Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Լիբանան Կը Փորձէ Ամրագրել Իր Դիրքը Բոլոր Ճակատներուն Վրայ

Դեկտեմբեր 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հետզհետէ դէպի կայունութիւն ընթացող շրջանային իրադրութեան լոյսին տակ, լիբանանեան իշխանութիւնները կը փորձեն ճիգ չխնայել իրենց միամեայ գործունէութեան էջը յաջողութեամբ պսակելու եւ ամրագրելու գերիշխանութեան եւ բարգաւաճման լիբանանեան սկզբունքներն ու ճիգերը:

Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի անզիջող կեցուածքը իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն նկատմամբ: Նախագահ Աուն բուռն կերպով դատապարտեց հարաւային Լիբանանի Կապոյտ գիծի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերուն Իսրայէլի կողմէ բաժանման պատ բարձրացնելու ենթակառոյցի նախապատրաստական քայլերը:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի նոր նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչ Պեռնիլ Տալեր Քարտիլին ուշադրութեան յանձնած իր կեցուածքին մէջ նախագահ Աուն շեշտեց, որ նշեալ Կապոյտ գիծը ինքնին անընդունելի է իբրեւ սահմանագիծ եւ պահանջեց, որ Իսրայէլ յետս կոչէ իր այդ քայլը: ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչը ծանօթացման իր այս հանդիպումով եկած էր վերահաստատելու միջազգային ընտանիքին զօրակցութիւնը Լիբանանին:

Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանի Այցելութիւնը

Նախագահ Միշել Աուն երէկ ընդունեց նաեւ Հայաստանի մէջ Լիբանանի նոր նշանակուած դեսպան Մայա Տաղերը` ծանօթացման հանդիպումով:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն այսօր կ՛ընդունի Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ ապահովական հարցերու ընդհանուր համակարգող Ֆետերիքա Մոկերինին: Եւրոպացի պատասխանատուն, որ այս տարի երկրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Լիբանան, հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի իշխանութեանց երեք պետերուն եւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ:

Երեկոյեան Մոկերինի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տայ վարչապետի կեդրոնական Պէյրութի տան մէջ:

Լիբանանի զօրակցութեան դիւանագիտական հաղորդակցութիւններուն եւ ճիգերուն ծիրին մէջ, Լիբանանի զօրակցութեան Փարիզի ժողովի նախապատրաստութիւնները համակարգող, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներէն դեսպան  Փիեռ Տոքազն երէկ երեկոյ այցելեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի` անոր կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ: Ֆրանսացի պատուիրակին կ՛ընկերանար Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան  Պրիւնօ Ֆուշիէ: Տոքազն այս առիթով վերահաստատեց Ֆրանսայի նախագահին տուած հաւաստիքները` Լիբանանի տնտեսութեան թէ բարգաւաճման ու ներդրումներու նախաձեռնութեանց զօրակցութեան առնչութեամբ: Ան յայտնեց, որ եկած է մօտէն տեղեկանալու  այս իմաստով Լիբանանի կարիքներուն:

Իսկ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ երէկ այցելութիւններ տուաւ երկրի քաղաքական թէ հոգեւոր կարգ մը վարիչներուն` վերահաստատելով իր երկրի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ու բարօրութեան: Այս ծիրին մէջ Ռիչըրտ տեսակցեցաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի եւ ապա մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ

Արտաքին զօրակցութեան զուգահեռ, Լիբանան երէկ շարունակեց իր ճիգերը ներքին կայունութեան ամրապնդման եւ առկախ ծրագիրներու ամբողջացման քայլերուն վերաբերեալ:

Այս ծիրին մէջ այսօր նախարարաց խորհուրդը հրաժեշտ պիտի տայ ընթացիկ տարուան իր գործունէութեան` գումարելով նախարարական նիստ մը, որ շատ հաւանաբար կրնայ վերջինը ըլլալ այս տարուան համար: Կառավարութեան այս նիստին օրակարգի գլխաւոր հարցերն են ընտրականի կողքին նաեւ կենսոլորտային եւ հաղորդակցութեան, յատկապէս` բջիջային «Ալֆա» եւ «Թաչ» ընկերութիւններու գործունէութեանց ժամկէտի նորոգման առումով:

Ընտրութիւններու համակարգող խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Նետիմ Ապտել Մալաք հաղորդագրութեամբ մը նշեց, որ պատկան մարմինը հերթական նիստեր գումարելով գրեթէ ամբողջացուցած է ընտրական նախապատրաստական հիմնական քայլերը:

Ապահովական իմաստով ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ Ռաուշէի ժայռին վրայ Կաղանդի տօնածառի տնկումին եւ մոմավառութեան արարողութեան հովանաւորելով վերահաստատեց, որ երկիրը լաւ վիճակի մէջ է: Վկայաբերելով վերջին օրերուն գործուած ոճիրներու յանցագործները զգալի արագութեամբ բացայայտելու ապահովական ուժերու աշխուժութիւնը` նախարար Մաշնուք ընդգծեց, որ պատկան պատասխանատուներ եւ համապատասխան ապահովական ուժեր աչալուրջ կը հսկեն երկրի անդորրութեան, եւ ապահովական վիճակը խիստ հակակշիռի տակ է: Մաշնուք անգամ մը եւս շեշտեց, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճշդուած թուականին` 6 մայիս 2018-ին:

Նոյն ծիրին մէջ, Լեռնալիբանանի առեւտուրի պալատի նախագահ Մոհամետ Շուքէյր երէկ իր կարգին հաստատեց, որ Լիբանան ապահովական կայուն վիճակի մէջ է` նշելով, որ արտաքին, յատկապէս շրջանային կողմեր վճռած են լիբանանեան ճակատը կայուն պահել:

 

 

Նախորդը

Դատապարտումի Խոր Ալիք Յառաջացուցած Ոճիրին Շարժառիթները Քաղաքական Չեն. Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Հազարապետ- Զօրավար Օսմանի

Յաջորդը

Տորթմունտ Երկարաձգեց Օպամեյանկի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?