Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Հեզասահ Տնօրինումն Ու Լիբանանի  Միջազգային Վարկը Արտօնեցին  Շրջանցելու Վտանգաւոր Տագնապը»

Ժոմպլաթ. «Շրջանաւարտ Սպաներու Թղթածրարին Շուրջ Անհամաձայնութիւնը Պիտի Բարդացնէ Հարցերը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին վերաբերող օրէնքին շուրջ անհամաձայնութիւնը պիտի բարդացնէ հարցերը: Ժոմպլաթ ըսաւ, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի տունդարձին եւ անոր հրաժարականին յետս կոչումով յառաջացած լաւատեսութիւնը կրնայ յօդս ցնդիլ, եթէ համախոհութիւնը ինքզինք չպարտադրէ: Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց անմիջապէս լուծելու այդ տարակարծութիւնները, նախքան երկիրը հարուածելիք աւելի մեծ եւ լուրջ հաւանական տագնապներու ի յայտ գալը:  

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներու թղթածրարին հարցը գաւաթ մը ջուրի մէջ փոթորիկ է: Ան մաղթեց, որ 2018-ը բարեբեր տարի մը ըլլայ բոլորին համար: ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ զինուորականներու աստիճաններուն բարձրացման վերաբերող որոշումը պիտի ստորագրէ` անոր մէջ չներառելով 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն պարագան: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ ելեւմուտքի նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն...

Շրջանաւարտ Սպաներուն Թղթածրարը Կը Մնայ  Անլոյծ, Պաապտայի Եւ Այն Թինէի Միջեւ  Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ

Շրջանաւարտ Սպաներուն Թղթածրարը Կը Մնայ Անլոյծ, Պաապտայի Եւ Այն Թինէի Միջեւ Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարին հարցով, ինք կը բաւարարուի օր մը առաջ կատարած իր յայտարարութիւններով` աւելցնելով, որ այդ մասին կան մանրամասնութիւններ, որոնց չի փափաքիր անդրադառնալ: Պըրրի շեշտեց, որ այսօր ամէնէն կարեւորը  բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններն են` շեշտելով, որ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ պաղեստինցի ժողովուրդին ինթիֆատան կարիքը ունի իսկական...

Նախագահ Աուն. «Պիտի Աշխատիմ Լիբանանեան  Բոլոր Շրջաններէն Վերացնել Զրկանքը»

Նախագահ Աուն. «Պիտի Աշխատիմ Լիբանանեան Բոլոր Շրջաններէն Վերացնել Զրկանքը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանեան նահանգներու խորհրդակցական համախմբումը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող իրավիճակը: Նախագահ Աուն կոչ ուղղեց համախմբումին լիբանանեան մակարդակով անցնելու արդիւնաբերական տնտեսութեան փուլ` աւելցնելով, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ լիբանանեան բոլոր շրջաններէն վերացնելու զրկանքը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ինք Լիբանանը մէկ շրջան կը տեսնէ եւ չի...

Մոհամետ Շաթահի Սպանութեան Դ. Տարելից .  «Երկխօսութիւնը Կը Մնայ Լուծման Միակ Միջոցը`  Ինչ Ալ Ըլլան Քաղաքական Մեր Տարակարծութիւնները»  Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Մոհամետ Շաթահի Սպանութեան Դ. Տարելից . «Երկխօսութիւնը Կը Մնայ Լուծման Միակ Միջոցը` Ինչ Ալ Ըլլան Քաղաքական Մեր Տարակարծութիւնները» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով, երէկ «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Շաթահի կորուստով իրենց կեանքին մէջ ստեղծուած բացը մեծ է, եւ տարուէ տարի աւելի եւս կը զգան անոր բացակայութիւնը, իմաստութիւնը, սկզբունքներուն նկատմամբ կառչածութիւնը: Հարիրի շեշտեց, որ Շաթահի կարիքը ամէնէն աւելի այս տարի զգացած է` իր կեանքին մեծագոյն տագնապներէն...

Զօր. Աուն Այցելեց Սարրաֆի Եւ Ռիհանիէի  Զինուորական Ոստիկանութեան Կեդրոնը

Զօր. Աուն Այցելեց Սարրաֆի Եւ Ռիհանիէի Զինուորական Ոստիկանութեան Կեդրոնը

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական կայունութեան վերաբերող հարցերը: Հանդիպումին ընթացքին զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակը իր պատասխանատուութիւնները պիտի ստանձնէ եւ երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիին անվտանգութիւնը պիտի պահպանէ: Զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակի հրամանատարութիւնը ճիգ պիտի չխնայէ բանակին օժանդակութիւններ ապահովելու իմաստով: Իր կարգին, Սարրաֆ ընդգծեց, որ...

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Ապահովական  Կայունութեան Իմաստով Մտահոգութիւններ Չկան»

Ապպաս Իպրահիմ. «Լիբանանի Ապահովական Կայունութեան Իմաստով Մտահոգութիւններ Չկան»

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ ընդունեց «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի ընդհանուր տնօրէն Ղասսան Պըն Ժըտտոն, որուն ընկերակցեցաւ կայանի պատասխանատուներուն մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին «Մայատին»-ի պատուիրակութիւնը տօնական օրերուն առիթով իր բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Ապպաս Իպրահիմին: Իպրահիմ իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովակայն կայունութեան իմաստով մտահոգութիւններ չկան` աւելցնելով, որ երկրին ապահովական կայունութիւնը հակակշիռի տակ կը գտնուի: Անդրադառնալով պաղեստինեան գաղթակայաններուն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ ընկերային ցանցերուն վրայ տեղադրած իր գրառումին մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը որակեց իբրեւ մեծագոյն ահաբեկիչ եւ մեծ խաբեբայ մը` հաստատելով, որ Էրտողան բոլոր սուրիացիներուն վնաս հասցուցած է ահաբեկիչներուն ու զէնքի Սուրիա մուտքը արտօնելով: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանը, որ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ս. Ծննդեան...

Փեթերսպուրկի Մէջ Ականի Մը Պայթումը  Տասը Վիրաւորներ Պատճառեց

Փեթերսպուրկի Մէջ Ականի Մը Պայթումը Տասը Վիրաւորներ Պատճառեց

Առնուազն տասը անձեր վիրաւորուեցան, երբ երէկ Ռուսիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Ս. Փեթերսպուրկի մէկ հանրախանութին մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ: Ռուսիոյ Հետաքննական յանձնախումբը յայտնեց, որ 200 կրամ պայթուցիկներ պարունակող սարք մը պայթած է յաճախորդներու պայուսակներու պահման բաժինին մէջ: Ոչ ոք ստանձնեց «Փերեքրեսթոք» հանրախանութի պայթումին պատասխանատուութիւնը:

Պքերքէի Մէջ .  Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը

Պքերքէի Մէջ . Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Լիբանանցիները` Հաստատելով Դատական Իշխանութիւններուն Հանդէպ Յարգանքի Կարեւորութիւնը

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով անցեալ կիրակի առաւօտեան Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Աունի, նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Սեզար Ապի Խալիլ եւ Մըլեմ Ռիաշի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ: Նախքան Ս. պատարագի մատուցումը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի...

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով .  Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները

Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով . Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները: Հարիրի երէկ կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները: Միւս կողմէ, 25 դեկտեմբերին, վարչապետ Հարիրիի հովանաւորութեամբ «Քիտզ մոնտօ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն մը, որուն հրաւիրուեցան  տարբեր որբանոցներ յաճախող որբեր: Հաճելի ժամանցէ ետք, երեխաները վարչապետէն ստացան նուէրներ, ինչպէս նաեւ լուսանկարուեցան անոր հետ:

«Սէուտական Արաբիայէն Լիբանան Այցելող  Զբօսաշրջիկներուն Համեմատութիւնը  106 Առ Հարիւրով Բարձրացած Է»  Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«2018-ը Լիբանանի Զբօսաշրջութեան Համար Խոստմնալից Տարի Մը Պիտի Ըլլայ» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին հաստատեց, որ 2018 տարին Լիբանանի զբօսաշրջութեան համար խոստմնալից տարի մը պիտի ըլլայ` նկատի ունենալով համաշխարհային այն ընկերութիւնները, որոնք Քանատայի փոխարէն Լիբանանը նախընտրեցին իրենց խորհրդաժողովները գումարելու: Նախարար Կիտանեան նշեց, որ այդ ընկերութիւններուն ներկայացուցիչները յառաջիկայ տարեսկիզբին պիտի այցելեն Լիբանան` կատարելու համար այդ խորհրդաժողովները կազմակերպելու նպատակով նախապատրաստութիւնները: Անդրադառնալով տօնական օրերուն ընթացքին տիրող աշխատանքային մթնոլորտին` Ա....

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ եւ Ս. Ծննդեան ու Նոր տարուան առիթով անոր փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները: Շէյխ Հասան մաղթեց, որ Լիբանանի նախագահական նստաշրջանը հեզասահութեամբ ընթանայ` ամրապնդելով լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով սահմանադրական հաստատութիւնները, բազմազանութիւնը, ազատութիւններն ու ժողովրդավարութիւնը: ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, լիբանանցիները շնորհաւորեց...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Կաթողիկէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ երկուշաբթի, 25 եւ երեքշաբթի, 26  դեկտեմբեր 2017-ին: Մեր յաջորդ թիւը` չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբերին:

Ժողովուրդներու Ազգային Ինքնորոշման  Իրաւունքն Ու Երկրի Անդորրութեան  Ամրապնդումը` Կարմիր Գիծ

Ժողովուրդներու Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքն Ու Երկրի Անդորրութեան Ամրապնդումը` Կարմիր Գիծ

Ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան եւ ի սպաս անոր բարգաւաճման շարունակուող միջազգային ճիգերու մթնոլորտին մէջ, երկրին վարիչները երէկ վերահաստատեցին իրենց վճռականութիւնը` իրաւազրկուած ժողովուրդներու պաշտպանութեան եւ երկրին ներքին անդորրութեան պահպանման գծով` զանոնք նկատելով անշրջանցելի կարմիր գիծեր: Այս իմաստով, նախագահ Աուն վերահաստատեց Երուսաղէմի զօրակցութեան Լիբանանի կեցուածքը` դրուատելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին 128 երկիրներու (ներառեալ` Լիբանանի) ի նպաստ Երուսաղէմի քուէարկութիւնը, որ  նախագահ Թրամփէն կը...

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց  Բրիտանիոյ Դեսպանը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրը: Անոնք միասնաբար քննեցին շրջանային ու տեղական վերջին զարգացումները: Այս առիթով Բրիտանիոյ դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան իշխանութիւններուն եւ լիբանանցի բարեկամ ժողովուրդին` դեսպանատան անձնակազմէն Ռեպեքա Տայքսի սպանութեան առիթով իրենց զօրակցութեան համար: Դեսպան Շորթըր նաեւ դրուատեց լիբանանեան պատկան ուժերու հրամանատարութիւնը, որ ճիգ չխնայեց ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին քողազերծելու Տայքսի...

Քարտիլ Այցելեց Ժոմպլաթի

Քարտիլ Այցելեց Ժոմպլաթի

Երկրի ղեկավարներուն տուած ծանօթացման իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր համակարգող Պերնիլ Տահլըր Քարտիլ հինգշաբթի այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` անոր Քլեմանսոյի բնակարանին մէջ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին շրջանային ու տեղական վերջին իրադարձութիւնները: Միւս կողմէ, երեսփոխան Ժոմպլաթ հեռագիր մը յղեց Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրին` ցաւակցութիւն յայտնելով դեսպանատան անձնակազմէն Ռեպեքա Տայքսի սպանութեան համար:

Սլէյման Ֆրենժիէ Ընդունեց Քարտիլը

Սլէյման Ֆրենժիէ Ընդունեց Քարտիլը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող, նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Պերնիլա Տայլըր Քարտիլը` ներկայութեամբ դոկտ. Ժան Պութրոսի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային եւ տեղական նորագոյն իրադրութեանց վրայ:  

Ելեկտրական Հոսանքի Ընդհատումը Կը Սպառնայ  Անբաղձալի Եւ Աւերիչ Հետեւանքներու Յանգիլ

Ելեկտրական Հոսանքի Ընդհատումը Կը Սպառնայ Անբաղձալի Եւ Աւերիչ Հետեւանքներու Յանգիլ

Ելեկտրական ընկերութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը ցաւ յայտնեց, որ տօնական օրերու ընթացքին կարելի պիտի չըլլայ օրական աւելի քան չորս ժամ ելեկտրական յաւելեալ հոսանք հայթայթել քաղաքացիներուն: Հաղորդագրութիւնը իր այս որոշումը վերագրեց ելեկտրականութեան ընկերութեան պաշտօնեաներու եւ աշխատաւորներու շարունակուող բաց գործադուլի որոշումին: Արդարեւ, ելեկտրական ընկերութեան պաշտօնեաներու սենտիքան երէկ յայտարարեց, թէ ընկերութեան պաշտօնեաներուն եւ աշխատաւորներու յայտարարած բաց գործադուլը պիտի շարունակեն, այնքան ատեն որ չեն հատուցուած...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԵՐԵՔ դիմակաւոր անձեր երէկ կողոպտած են «Ֆրանսապանք» դրամատան Մանսուրիէի մասնաճիւղը` իւրացնելով մեծ քանակութեամբ գումարներ: Անոնք խոյս տուած են դուրսը զիրենք սպասող ինքնաշարժով մը: Անոնք նաեւ իրենց հետ տարած են դրամատան տնօրէնուհիին ձեռքի պայուսակը` անոր վրայ յարձակում գործելէ ետք: Աւելի ուշ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը դրամատունը հերքեց, թէ տնօրէնուհին յարձակման ենթարկուած է: ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՑԻ 80-ամեայ կին մը երէկ ձերբակալուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ,...

Page 681 of 987 1 … 680 681 682 … 987

Արխիւներ