Լիբանան երէկ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անդամ երկիրներէն 14-ին ի նպաստ Երուսաղէմի քուէարկութիւնը, որ սակայն մերժուեցաւ ամերիկեան վեթոյին պատճառով:
Իր կարգին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ի նպաստ Երուսաղէմի որոշումի եզրայանգումին ձախողութեան համար:
Արդարեւ, արաբական երկիրները ներկայացնող Եգիպտոսի ներկայացուցիչին եւ այլ անդամ երկիրներու ներկայութեան Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող ամերիկեան որոշումը բեկանելու ճիգերը ձախողեցան երէկ, երբ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը գործածեց վեթոյի իր իրաւունքը` յատուկ այս գծով գումարուած ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին: