Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ հետապնդումներէ ետք յաջողած է ձերբակալել Հիւսնի Զայիմ անունով ծանօթ ահաբեկիչը, որ գլխաւոր պատասխանատուներէն էր 2014-ին լիբանանեան բանակին դէմ գործուած արիւնալի յարձակումներուն: Խիստ խուզարկումներէ ետք բանակը յաջողած է յայտնաբերել անոր թաքստոցը, ուր ան պահուըտած էր առանձնասենեակի մը մէջ:
Բանակը նախանցեալ օր նաեւ ձերբակալեց Ապտել Պասեթ Ամմուն անունով փախստական յանցագործ մը, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու պայթումին գլխաւոր հեղինակներէն է:
Նոյն ծիրին մէջ բանակային ուժեր խուզարկութիւններ եւ հետապնդումներ կատարեցին հիւսիսային Լիբանանի Պապ էլ Ռամլ շրջանին մէջ` ձերբակալելով բազմաթիւ յանցագործներ, որոնք կը զբաղէին թմրեցուցիչներու գործածութեամբ եւ այլ ապօրինի արարքներով: