Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՕՆԱԿԱՆ օրերու սեմին, երէկ արտակարգ խճողում տիրեց մայրաքաղաքի թաղամասերուն, յատկապէս` գլխաւոր մայրուղիներու մուտքերուն:

ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ դատախազ Ֆատի Սաուան երէկ հարցաքննեց Ապու Թաքիէ անունով ծանօթ Մուսթաֆա Ահմետ Հուժէյրին: Ան կը մեղադրուի երիտասարդները ահաբեկչական խումբերու անդամակցութեան մղելու, ահաբեկիչները ֆինանսաւորելու եւ ահաբեկիչներու անձնաթուղթերու զեղծարարման ու ապօրինի զէնք կրելու յանցանքներով: Դատախազ Սաուան ձերբակալման հրամանագիր արձակեց Ապու Թաքիէի դէմ:

ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց բոլորին` այսուհետեւ նկատի ունենալու հարցաքննութեան եւ հաշուետուութեան առկայութիւնը, մերժելով դատական մարզին դէմ ուղղուած որեւէ յարձակողական կամ ժխտական կեցուածք: Նոյն ծիրին մէջ, լրագրողներ բողոքի խաղաղ ցոյց մը կազմակերպեցին լրագրող-հաղորդավար Մարսել Ղանեմի իբրեւ զօրակցութիւն:

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ առաւօտէն ի վեր անյայտացած 17-ամեայ ուսանող Ժան Փոլ Պուլոս Սֆէյր  երէկ վերադարձաւ իր ծնողքին: Դէպքին մանրամասնութիւններն ու ծալքերը ցարդ յստակ չեն:

«ԼԻԲԱՆԱՆ տարածութեամբ փոքր երկիր է, սակայն հարուստ է իր մարդոցմով, մեծ է իր առաքելութեամբ եւ արժէքներով եւ ոչ ոք կրնայ  փոխարինել մեր սկզբունքները, որքան ալ մեծ ըլլան անոնց հատուցելիք գումարները», արձանագրած է երէկ արտաքին գործոց նախարար «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ Պաքքար թաղամասի բնակիչները երէկ փակեցին նշեալ թաղամասի ճամբան, բողոքելով երեք օրերէ ի վեր ելեկտրական հոսանքի ընդհատումին դէմ:

ՊԵՏԱԿԱՆ Շուրայի խորհուրդը երէկ յայտարարեց, թէ երկու ամիսով կ՛առկախէ Ժալ Էլ Տիպի կամուրջին վերահաստատման սկզբնաւորման աշխատանքը: Նախագահ Աունի ճարտարապետական հարցերու խորհրդական Անթուն Սուէյտ իր կարգին յայտարարեց, որ Վերակառուցման եւ բարգաւաճման խորհուրդին բան չէ փոխանցուած այս առնչութեամբ:

Նախորդը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Որդեգրեց Երուսաղէմի Վերաբերեալ Թրամփի Որոշումը Դատապարտող Որոշումը

Յաջորդը

Բանակին Դէմ Արիւնալի Ոճիրներ Գործած Հիւսնի Զայիմ Կալանաւորուեցաւ

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.