Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետզհետէ Շեշտուող Արտաքին Զօրակցութեամբ Ամրապնդուած. Լիբանան Կը Ջանայ Ամրագրել Ներքին Ճակատի Կայունութիւնը

December 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ձեր արձակելիք վճիռներուն սկզբունքները թող ըլլան օրէնքը, արդարութիւնն ու ձեր խիղճը», յայտարարեց նախագահ Միշել Աուն երէկ` ընդունելով դատական պատուիրակութիւն մը: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լրատուական ազատութեան գերագոյն չափանիշը պէտք է ըլլայ նոյնինքն ազատութիւնը: Օրէնք, արդարութիւն, ազատութիւն. բառեր, որոնց լիիրաւ գործադրման ու որդեգրման համար Լիբանան ցարդ շատ սուղ գին վճարած է: Ու այսօր այս քանի մը բառերը իրենց մէջ կը խտացնեն Աունի իշխանութեան ամբողջ տեւողութեան կարգախօսը: Այս խօսքերը կը զուգադիպին այնպիսի պահու, երբ Լիբանան իր բոլոր խմբաւորումներով կը պատրաստուի սահմանադրական կարեւորագոյն ժամկէտներէն մէկուն` երեսփոխանական ընտրութեանց իրականացման:

Նաեւ այս խօսքերը կը զուգադիպին արտաքին, յատկապէս` շրջանային տագնապներու լուծման  եւ սաստկացման հաւանականութեան միջեւ մակընթացութեան փուլին: Նաեւ այս պահուն կը զուգադիպին հարաւային ճակատին վրայ, սահմանային Կապոյտ գիծին ուղղութեամբ  իսրայէլեան բաժանման նոր պատի մը կառուցման նախաքայլերը: Նոր պատ` նկատի ունենալով հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի կողմէ նմանօրինակ փորձ մը 2012-ին, եւ այլ պատ մը` Եգիպտոսի եւ Իսրայէլի սահմանագիծին ուղղութեամբ: Իսրայէլ իր այս քայլերը կը փորձէ արդարացնել պատրուակելով ապահովական վտանգներու դէմ իր ինքնապաշտպանութեան քայլերը:

Այս բոլորին զուգահեռ, վերջին շրջանին յատկապէս հետզհետէ կը շեշտուի արտաքին շրջանային թէ միջազգային, ամերիկեան ու եւրոպական կողմերու ընդգծումը` Լիբանանի ապահովութեան ու կայունութեան ամրապնդման: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նորագոյն յայտարարութիւնը այս գծով ցայտուն ցուցանիշ է, թէ միջազգային ընտանիքը վճռած է կայուն պահել լիբանանեան ճակատը, հակառակ արտաքին բոլոր հաւանականութիւններուն:

Տողերու միջեւ ընթերցումով կարելի է նշմարել,  թէ ինչ որ նոր դասաւորում կը «մշակուի» «որոշումի քաղաքներուն» միջեւ, ուր իսրայէլեան «ինքնապաշտպանութեան» ցանկապատերն ու արձանագրուած թէ ապօրինի մօտ երկու միլիոն սուրիացի գաղթականներու իրողութիւնը հաւանական սպառնալիքներ են, որոնք արտաքին ճիգերու ձախողութեան պատճառով կրնան «բռնկիլ» Լիբանանի մէջ, եւ գաղթականներու այդ հոսքը կրնայ լուրջ «գլխացաւ» պատճառել  արտաքին կողմերուն: Երուսաղէմի հարցով վերջին օրերուն լիբանանեան ճակատին վրայ պարզուած պատկերը նախաճաշակ մըն  էր Լիբանան ապաստանած սուրիացի թէ պաղեստինցի  գաղթականներու տրամադրութիւններուն եւ պատրաստակամութեան գծով: Հոսկէ` Լիբանանի  կայունութեան ամրապնդման գծով շեշտուող կոչերը եւ անոր իրականացման նպաստելու կոչուած` Լիբանանի զօրակցութեան Փարիզի, Հռոմի թէ Պրիւքսելի ժողովներու նախապատրաստութիւնները:

Նաեւ` Ներքին Ճակատի Վրայ

Արտաքին քաղաքական այս տրամադրութիւններու մթնոլորտէն հեռու չէ նաեւ լիբանանեան իշխանութիւնը` իր բոլոր ճիւղաւորումներով: Այլ ձեւով կարելի չէ մեկնաբանել վեց ամիս ետք նախատեսուող ընտրութեանց առնչութեամբ կայացող նախապատրաստական քայլերն ու խորհրդակցութիւնները: Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, Մարատա հոսանքի ղեկավար երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէի այցելութիւններէն ետք  երէկ երեկոյ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հանդիպումը վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ որոշ նախապատկեր մը կը ներկայացնեն ընտրական յառաջիկայ դաշինքներուն գծով:

Նմանապէս Եարզէի մէջ ապահովական յատուկ նիստի գումարումը տօնական օրերու նախօրեակին խոստմնալից քայլ է ապահովական պատկան ուժերու աչալրջութեան` երկրի անդորրութեան պահպանման առնչութեամբ: Աւելի՛ն. տակաւին երէկ երեկոյ Արսալի թէ այլ շրջաններու մէջ դեռ եւս փախստական ապօրինի յանցագործներու ձերբակալումը լիբանանեան պատկան ուժերուն կողմէ` յաւելեալ երաշխիք է վստահութեան ու հանգստութեան մթնոլորտի ամրապնդման:

Այս քայլերուն արգասիքը թուացող զբօսաշրջութեան մարզը նոյնքան խոստմնալից ու վարդագոյն կը թուի: Ասոր վերջին բացայայտումը երէկ զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէկ պատասխանատուի այն յայտարարութիւնն էր, թէ տօնական օրերուն առիթով աւելի քան 150 հազար զբօսաշրջիկ Լիբանան պիտի այցելէ: Իսկ 2018-ին կը նախատեսուի երկու միլիոն զբօսաշրջիկի այցելութիւնը:

 

 

Նախորդը

Խորհրդարանական Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական Հանդիպումին Պըրրի. «Առկախ Հարցերուն Լուծումը Կը Թողում Նախագահի Հայեցողութեան»

Յաջորդը

«Էն.Պի.Էյ .». Լեպրոն Ճէյմս Նշանակեց 39 Կէտ, Բայց Քաւալիրզ Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.