Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դատապարտումի Խոր Ալիք Յառաջացուցած Ոճիրին Շարժառիթները Քաղաքական Չեն. Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Հազարապետ- Զօրավար Օսմանի

December 19, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Օսմանի: Այս առիթով Բրիտանիոյ դեսպանը բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական ուժերու աշխուժ գործունէութիւնը, որ կրցաւ ամէնէն կարճ ժամանակին քողազերծել եւ յայտնաբերել  շաբաթավերջին սպաննուած բրիտանացի երեսնամեայ պաշտօնեայ Ռեպեքա Տայքսի ոճրագործը:

Դեսպան Շորթըր  շնորհակալութիւն յայտնեց հազարապետ-զօրավար Օսմանին` ներքին ապահովութեան ուժերու արագ գործելաձեւին համար: Ըստ լրատուական աղբիւրներու, ոճրագործը երթեւեկի «Իւպեր» թաքսիի ընկերութեան 1988-ի ծնունդ Թարեք Սին. Հուսի անունով պաշտօնեան է: Անոր հասցէին ապահովական աղբիւրներու տոմարին մէջ քրէական մէկէ աւելի յանցանքներ արձանագրուած են: Նոյն աղբիւրներուն համաձայն եւ յատկապէս ապահովական պատկան մարմնի հարցաքննութիւններէն պարզուած է, թէ ոճիրին շարժառիթները քաղաքական չեն:

Նոյն ծիրին մէջ, նշեալ երթեւեկի սպասարկութեան «Իւպեր» ընկերութեան գործունէութիւնը արգիլուած է մէկէ աւելի եւրոպական երկիրներու մէջ: Լիբանանի մէջ եւս անոր գործունէութիւնը արգիլուած է, սակայն անիկա շարունակած է գործել ապօրինի ձեւով: Սակայն ընկերութիւնը ամբողջական գործակցութիւն ցուցաբերած է ապահովական ուժերուն հետ:

Արդարեւ, անցնող ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին բրիտանական դեսպանատան պաշտօնեաներէն Ռեպեքա Տայքս Ժմմէյզէի մէջ երեկոյթէ մը ետք իր վերադարձի ընթացքին դիմած է թաքսիի նշեալ պաշտօնեային, որ սակայն ճամբու ընթացքին բռնաբարած ու ապա սպաննած է երեսնամեայ կին դիւանագէտը եւ անոր դիակը նետած Նահր Մոթի մայրուղիի եզրին:

Դեսպանատան մէկ բանբերը դեսպանին եւ անձնակազմին խոր ցնցումը յայտնեց այս քստմնելի ոճիրին առնչութեամբ` միաժամանակ դրուատելով լիբանանեան պատկան ուժերու աշխուժ եւ արագ քայլերը` ոճրագործի յայտնաբերման եւ ձերբակալման գծով:

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Դատապարտէ

Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին բուռն կերպով դատապարտեց բրիտանացի կին դիւանագէտին սպանութեան ոճիրը: Հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով նախարարութիւնը իր խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց զոհի ընտանեկան պարագաներուն եւ բրիտանացի բարեկամ ժողովուրդին: Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ նախարարութիւնը մօտէն կը հետեւի յանցագործին հետ կայացող հետաքննութեան զարգացումներուն` բացայայտելու համար ոճիրին ծալքերը:

 

 

Նախորդը

Հակառակ Ամերիկեան Վեթոյին. Լիբանան Ողջունեց 14 Երկիրներու Ի Նպաստ Երուսաղէմին Քուէարկութիւնը

Յաջորդը

Դիւանագիտական Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Լիբանան Կը Փորձէ Ամրագրել Իր Դիրքը Բոլոր Ճակատներուն Վրայ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.