Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շրջանաւարտ Սպաներուն Թղթածրարը Կը Մնայ Անլոյծ, Պաապտայի Եւ Այն Թինէի Միջեւ Տարակարծութիւնը Կը Յամենայ

December 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին յայտնեց, թէ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարին հարցով, ինք կը բաւարարուի օր մը առաջ կատարած իր յայտարարութիւններով` աւելցնելով, որ այդ մասին կան մանրամասնութիւններ, որոնց չի փափաքիր անդրադառնալ:

Պըրրի շեշտեց, որ այսօր ամէնէն կարեւորը  բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւններն են` շեշտելով, որ իսրայէլեան բռնագրաւումին դէմ պաղեստինցի ժողովուրդին ինթիֆատան կարիքը ունի իսկական զօրակցութեան:

Մինչ հանդիպումին ներկայ Հըզպալլայի երեսփոխանները նախընտրեցին լուռ մնալ, հանդիպումէն ետք Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Պեզզի յայտնեց, որ շրջանաւարտ սպաներուն հարցով Պըրրի կառչած կը մնայ իր համոզումներուն` ըլլան անոնք օրինական թէ սահմանադրական:

Պեզզի հաստատեց, որ սպաներուն հարցով տագնապը անկարելի է ներկայացնել իբրեւ քրիստոնեաներու դէմ գործուած անիրաւութիւն` ընդգծելով, որ այդ մասին շրջանառութեան մէջ դրուած բոլոր յայտարարութիւնները անճիշդ են:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք շեշտեց, որ շրջանաւարտ սպաներու ծառայութեան տարիներու վաստակին իբրեւ արդիւնք աստիճանի բարձրացման արտօնութիւնը ելեւմուտքի նախարարին ստորագրութեամբ է, որ կը տրուի` աւելցնելով, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն պարագային իր ստորագրութեամբ է, որ աստիճանի բարձրացումները կը կատարուին:

Խալիլ շեշտեց, որ 1994-ի շրջանաւարտ սպաներուն մասին շրջաբերականը իրեն չէ ներկայացուած, որպէսզի ստորագրէ զայն` աւելցնելով, որ այդ շրջանաւարտներուն մասին հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետին ստորագրած շրջաբերականին իմաստով ինք հարցեր նշմարած է եւ այդ գծով պաշտպանութեան նախարարութենէն պարզաբանումներ պահանջած:

Այս բոլորը նկատի ունենալով կարելի է հաստատել, որ շրջանաւարտ սպաներուն թղթածրարը ցարդ կը մնայ անլոյծ, իսկ Պաապտայի եւ Այն Թինէի միջեւ տարակարծութիւնը կը յամենայ:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Պիտի Աշխատիմ Լիբանանեան Բոլոր Շրջաններէն Վերացնել Զրկանքը»

Յաջորդը

Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Հայկական Եկեղեցին Դարձեալ Վնասուած Է

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական  Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական  12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել
Լիբանանեան

Կառավարութիւնը Որոշեց Ոչ Զինուորական Հանգստեան Կոչուածներուն Ամսական 12 Միլիոն Ոսկիի Դրամաշնորհ Տրամադրել

January 14, 2026
Լիբանան Ճերմակ Հագաւ
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանան Ճերմակ Հագաւ

January 14, 2026
Եգիպտոսի Մէջ.  Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ
Լիբանանեան

Եգիպտոսի Մէջ. Պայրագտարեան Հանդիպում Ունեցաւ Եգիպտոսի Եւ Յորդանանի Իր Պաշտօնակիցներուն Հետ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.