Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժողովուրդներու Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքն Ու Երկրի Անդորրութեան Ամրապնդումը` Կարմիր Գիծ

December 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան եւ ի սպաս անոր բարգաւաճման շարունակուող միջազգային ճիգերու մթնոլորտին մէջ, երկրին վարիչները երէկ վերահաստատեցին իրենց վճռականութիւնը` իրաւազրկուած ժողովուրդներու պաշտպանութեան եւ երկրին ներքին անդորրութեան պահպանման գծով` զանոնք նկատելով անշրջանցելի կարմիր գիծեր:

Այս իմաստով, նախագահ Աուն վերահաստատեց Երուսաղէմի զօրակցութեան Լիբանանի կեցուածքը` դրուատելով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին 128 երկիրներու (ներառեալ` Լիբանանի) ի նպաստ Երուսաղէմի քուէարկութիւնը, որ  նախագահ Թրամփէն կը պահանջէր յետս կոչել Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող ամերիկեան որոշումը: Նախագահ Աուն շեշտեց ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը` այս քայլը նկատելով իրաւունքի յաղթանակը եւ Երուսաղէմի հարցին ի նպաստ վկայութիւն մը, ինչպէս նաեւ մերժողական կտրուկ կեցուածք` միաստուածեան երեք կրօններու բնօրրանը նկատուող այս քաղաքի ժողովրդագրական կառոյցին թէ դիմագիծին փոփոխութեան վերաբերեալ: Աւելի՛ն, Լիբանանի զանազան շրջաններուն, յատկապէս` հարաւային Լիբանանի մէջ կազմակերպուեցան Երուսաղէմի զօրակցութեան յատուկ հաւաքներ:

Նմանապէս, նախագահ Միշել Աուն երէկ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու նախկին հրամանատար զօրավար Քլաուտիօ Կրացիանոն` ընկերակցութեամբ Իտալիոյ դեսպան Մասիմօ Մարոթիի: Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Իտալիոյ` Լիբանանի զօրակցութեան կեցուածքը, որ օրուան ծնունդը չէ եւ անիկա Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ երկկողմանի յարաբերութեանց պատմութեան մէջ կ՛երթայ մինչեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումը, որուն գործադրութեան առումով Իտալիա ճիգ չխնայեց:

Իր կարգին, իտալացի զօրավարը բարձր գնահատեց Լիբանանի կեցուածքը  եւ վերահաստատեց իր երկրի զօրակցութիւնը յատկապէս հարաւային Լիբանանի անդորրութեան գծով: Ան այս առիթով նշեց, որ նախագահ Աունի վերջերս Իտալիա կատարած այցելութիւնը մեծապէս արդիւնաւէտ էր այդ ճիգերու աշխուժացման առումով: Այս ծիրին մէջ, կը նախատեսուի, որ փետրուար 2018-ին Հռոմի մէջ կայանայ լիբանանեան բանակի զօրակցութեան յատուկ համագումարը, որուն առնչութեամբ նախապատրաստական համակարգումի ճիգերը ընթացք առած են Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ:

Նոյն առումով, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ հարաւի մէջ վերահաստատեց Լիբանանի նախանձախնդրութիւնը ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի կիրարկման վերաբերեալ: Զօրավար Կրացիանօ այս առիթով յատուկ շքանշանով պատուեց զօրավար Իպրահիմը:

Իսկ երկրի ներքին ապահովութեան ու անդորրութեան ամրապնդման ծիրին մէջ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աուն շեշտեց, որ այսուհետեւ ոչ մէկ առիթ կայ խախտելու երկրին ապահովական անդորրութիւնը: Անակնկալ այցելութիւն մը տալով Աքքարի, Ռաս Պաալպեքի եւ Արսալի մէջ դիրքաւորուած լիբանանեան բանակի ջոկատներուն, զօրավար Աուն վերահաստատեց, որ բանակը կազմ ու պատրաստ է դիմակալելու որեւէ վտանգ:

Նոյն ծիրին մէջ դարձեալ, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ յայտարարեց, որ շուրջ 25 հազար ոստիկան զօրաշարժի մատնուած են հսկելու համար տօնական օրերու երկրի անդորրութեան, յատկապէս` հոգեւոր սրբավայրերուն շուրջը, որոնց թիւը մօտ 1200 է:

Նման կեցուածքներ ու անոնց զուգահեռ` օրը-օրին բացայայտուող ու քողազերծուող յանցագործներու կալանաւորումը գոհունակութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման խոստմնալից դրական մթնոլորտ կը ստեղծէ քաղաքացիներուն մօտ:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Ընդունեց Բրիտանիոյ Դեսպանը

Յաջորդը

Մոսկուա. «Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Միջնորդական Օժանդակութիւն Ցուցաբերել Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին»

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան  Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին
Գլխաւոր լուրեր

Փարիզի Մէջ Բանակի Աջակցութեան Խորհրդաժողովը` 5 Մարտին

January 15, 2026
Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի  Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու
Լիբանանեան

Լիբանանի Պետական Պատկերասփիւռի Արխիւը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Աշխարհի Յիշողութեան Ցուցակի Թեկնածու

January 15, 2026
Ընդունելով Լը Տրիանը`  Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ  Իր Յարձակումները Շարունակէ»
Լիբանանեան

Ընդունելով Լը Տրիանը` Պըրրի. «Իսրայէլ Պէտք Չէ Լիբանանի Դէմ Իր Յարձակումները Շարունակէ»

January 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.