
Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշհիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ համակարգող, նոր նշանակուած ներկայացուցիչ Պերնիլա Տայլըր Քարտիլը` ներկայութեամբ դոկտ. Ժան Պութրոսի:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան շրջանային եւ տեղական նորագոյն իրադրութեանց վրայ: