Երկրի ղեկավարներուն տուած ծանօթացման իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր համակարգող Պերնիլ Տահլըր Քարտիլ հինգշաբթի այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի` անոր Քլեմանսոյի բնակարանին մէջ: Անոնք միասնաբար քննարկեցին շրջանային ու տեղական վերջին իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Ժոմպլաթ հեռագիր մը յղեց Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրին` ցաւակցութիւն յայտնելով դեսպանատան անձնակազմէն Ռեպեքա Տայքսի սպանութեան համար: