Նախկին նախարար Մոհամետ Շաթահի նահատակութեան Դ. տարելիցին առիթով, երէկ «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ կազմակերպուեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ Շաթահի կորուստով իրենց կեանքին մէջ ստեղծուած բացը մեծ է, եւ տարուէ տարի աւելի եւս կը զգան անոր բացակայութիւնը, իմաստութիւնը, սկզբունքներուն նկատմամբ կառչածութիւնը:
Հարիրի շեշտեց, որ Շաթահի կարիքը ամէնէն աւելի այս տարի զգացած է` իր կեանքին մեծագոյն տագնապներէն մէկը դիմագրաւելու ընթացքին:
Հարիրի շեշտեց, որ Շաթահ ինկած է այդ ճամբուն վրայ, ուր ինկած է իր հայրը` Ռաֆիք Հարիրի, որովհետեւ ան եղած է չափաւորականութեան եւ պետութեան հիմնումի ռահվիրաներէն:
«Շաթահ նահատակուեցաւ լիբանանեան պետութեան դերակատարութիւնը պաշտպանելու ընթացքին», ըսաւ Հարիրի:
Ան նշեց, որ Շաթահ չափաւորականութեան իշխանն էր եւ կը ջանար Լիբանանը պաշտպանել ներքին իմաստով զէնք օգտագործելու խենթութենէն: «Մոհամետ Շաթահ, որ երկար ատեն գործեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի հետ, «Նախ Լիբանանը» կարգախօսին տիտաններէն է, եւ այսօր կարելի է հաստատել, որ ան կը մնայ երկխօսութեան խորհրդանիշը», ընդգծեց Հարիրի:
Վարչապետը յայտնեց, որ Լիբանան կը գոյատեւէ միայն երկխօսութեան շնորհիւ: «Երկխօսութիւնը կը մնայ լուծման միակ միջոցը` ինչ ալ ըլլան քաղաքական մեր տարակարծութիւնները», ըսաւ Հարիրի: