Ս. Ծննդեան տօնին առիթով` վարչապետ Սաատ Հարիրի շնորհաւորեց լիբանանցիները:
Հարիրի երէկ կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ, որուն փոխանցեց իր բարեմաղթութիւնները:
Միւս կողմէ, 25 դեկտեմբերին, վարչապետ Հարիրիի հովանաւորութեամբ «Քիտզ մոնտօ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ծննդեան տօնակատարութիւն մը, որուն հրաւիրուեցան տարբեր որբանոցներ յաճախող որբեր:
Հաճելի ժամանցէ ետք, երեխաները վարչապետէն ստացան նուէրներ, ինչպէս նաեւ լուսանկարուեցան անոր հետ: