Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

December 23, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՐԵՔ դիմակաւոր անձեր երէկ կողոպտած են «Ֆրանսապանք» դրամատան Մանսուրիէի մասնաճիւղը` իւրացնելով մեծ քանակութեամբ գումարներ: Անոնք խոյս տուած են դուրսը զիրենք սպասող ինքնաշարժով մը: Անոնք նաեւ իրենց հետ տարած են դրամատան տնօրէնուհիին ձեռքի պայուսակը` անոր վրայ յարձակում գործելէ ետք: Աւելի ուշ հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը դրամատունը հերքեց, թէ տնօրէնուհին յարձակման ենթարկուած է:

ՎԵՆԵԶՈՒԵԼԱՑԻ 80-ամեայ կին մը երէկ ձերբակալուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, երբ ան Փարիզի ճամբով Վենեզուելայէն Պէյրութ կու գար իրեն հետ կրելով երեսուն քիլոկրամ քոքային: Այս առիթով ապահովական պատկան ուժեր ձերբակալեցին նաեւ կնոջ ընկերացող լիբանանցի սպայ մը եւ զինուոր մը:

ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ պատկան մարմին մը երէկ հերքեց, թէ Ռումիէի բանտին մէջ ծագած խռովութիւններուն պատճառով դաշունահարուած է իսլամական քարոզիչ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք: Նոյն աղբիւրը աւելցուց, որ սահմանափակ տարողութեամբ վէճ մը ծագած ու վերջ գտած է: Իսկ այլ աղբիւրներ երէկ յետմիջօրէին յայտնեցին, որ ծանր խռովութիւններ ծագած են Ռումիէի բանտին «Պէ» շէնքին մէջ: Այդ խռովութիւններուն պատճառով դաշունահարուած են Օմար Պաքրի Ֆըսթոք եւ Մուսթաֆա Հուժէյրի:

ՊԵՔԱԱՅԻ Մարժ աւանի սուրիական մէկ գաղթակայանին մէջ ծագած է հրդեհ մը, որուն պատճառով շնչահեղձութեան պարագաներ արձանագրուած են: Դէպքին շարժառիթները կամ պատճառները ցարդ յստակ չեն:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութեան մամլոյ գրասենեակը երէկ երեկոյ հերքեց այն տեղեկութիւնները, ըստ որոնց, սէուտցի իշխան մը կալանաւորուած է Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ` թմրեցուցիչ կրելու յանցանքով: Ըստ նոյն աղբիւրին, սէուտցի նշեալ իշխանը սովորական խուզարկութեան ենթարկուած է եւ ոչինչ գտնուելով անոր հետ` շարունակած է իր ճամբան:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Շառաչուն Երկրորդ Ապտակը

Յաջորդը

Ելեկտրական Հոսանքի Ընդհատումը Կը Սպառնայ Անբաղձալի Եւ Աւերիչ Հետեւանքներու Յանգիլ

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.