Առնուազն տասը անձեր վիրաւորուեցան, երբ երէկ Ռուսիոյ երկրորդ մեծագոյն քաղաք Ս. Փեթերսպուրկի մէկ հանրախանութին մէջ պայթում մը տեղի ունեցաւ:
Ռուսիոյ Հետաքննական յանձնախումբը յայտնեց, որ 200 կրամ պայթուցիկներ պարունակող սարք մը պայթած է յաճախորդներու պայուսակներու պահման բաժինին մէջ:
Ոչ ոք ստանձնեց «Փերեքրեսթոք» հանրախանութի պայթումին պատասխանատուութիւնը: