Ս. Ծննդեան տօնին առիթով անցեալ կիրակի առաւօտեան Պքերքէի մէջ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը մատուցեց Ս. պատարագ, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն` ընկերակցութեամբ Առաջին տիկին Նատիա Աունի, նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Սեզար Ապի Խալիլ եւ Մըլեմ Ռիաշի, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով երեսփոխաններ, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ եւ պետական անձնաւորութիւններ:
Նախքան Ս. պատարագի մատուցումը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Ռայի պատրիարքին հետ` ներկայութեամբ մարոնի համայնքի նախկին պատրիարքին` Նասրալլա Սֆէյրի:
Հանդիպումէն ետք Պքերքէէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանցիները` անոնց փոխանցելով իր բարեմաղթութիւնները:
Անդրադառնալով երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան հարցին` նախագահ Աուն նշեց, որ այդ թղթածրարը կը լուծուի կառավարութեան մէջ, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարներուն կողմէ` նախարարական համապատասխան յանձնախումբին գործադրելիք աշխատանքներուն ընդմէջէն:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն յայտնեց, որ սպաներու պաշտօնավարութեան տարիներու վաստակը իրաւունք է եւ պէտք է յարգուի անոր էութիւնը` աւելցնելով, որ այդ մասին հարցեր ունեցողը թող դիմէ դատական իշխանութիւններուն:
Նախագահ Աուն ըսաւ, որ օրին սպաները աւարտած են իրենց ուսումնական շրջանը, սակայն քաղաքական հաշիւներու պատճառով անոնց ծառայութիւնը երկու տարի ուշ սկսած է: «Հետեւաբար, իմ եւ վարչապետին կողմէ անոնց շնորհուած մէկ տարուան երիցութեան առաւելութիւնը իրաւունք է եւ միայն մեր ստորագրութեան կարիք ունի», շեշտեց ան:
Ապա ան ներկայ գտնուեցաւ մատուցուած Ս. պատարագին եւ շնորհաւորութիւններ ընդունելէ ետք մեկնեցաւ Պաապտա:
Պատարագին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ իրենք փառք կու տան Աստուծոյ` նախագահ Աունի իմաստութեան շնորհիւ իրականացած նուաճումներուն համար: Ան աւելցուց, որ լիբանանցիները իրենց հայեացքները հանրապետութեան նախագահին կ՛ուղղեն` ներքին լիբանանեան միասնականութիւնը ամրապնդելու առումով:
Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ մեծ թիւով քաղաքական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններէ, որոնց շարքին` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
Պըրրի Կը Պատասխանէ Նախագահին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ ինք զարմացած է, թէ նախագահ Աուն այդ հարցին մասին լրատուամիջոցներուն յայտարարութիւն կատարած է` աւելցնելով, որ անցեալ չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին ընթացքին ինք երեսփոխաններուն յայտնած է, թէ հինէն շրջանաւարտ եղող սպաներու թղթածրարին լուծման հարցը կը վստահի նախագահ Աունին, որ քաղաքական կեանքին մէջ Ա. դատախազն է:
Պըրրի նշեց, որ ինք նախագահ Աունի յայտարարութեան մասին ունի հիմնական դիտողութիւն մը` աւելցնելով, որ եթէ շրջաբերականները միայն հանրապետութեան նախագահն ու վարչապետը պիտի ստորագրեն, ապա Աստուած Թաէֆի համաձայնագիրին, սահմանադրութեան, Ազգային ուխտին, կառավարութեան եւ նախարարներուն հոգին լուսաւորէ:
Պըրրի աւելցուց նաեւ, որ այդ օրէնքին վաւերացումը մերժուած է խորհրդարանին կողմէ եւ յղուած խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն: «Մերժումէն ետք այդ օրէնքը ոչ իսկ նախարարաց խորհուրդին ներկայացուած է, այլեւ վաւերացուած` նախագահին եւ վարչապետին կողմէ: Արդեօք այսպէ՞ս կը գործակցին պետական հաստատութիւնները», հարց տուաւ Պըրրի:
Անդրադառնալով նախագահ Աունի այն յայտարարութեան, թէ այդ օրէնքը պետական գանձարկղին վրայ յաւելեալ նիւթական բեռ չ՛ենթադրեր, Պըրրի յայտնեց, որ այդ իմաստով նախագահ Աունի տեղեկութիւնները անճիշդ են:
Զրոյցին աւարտին Պըրրի վերահաստատեց, որ այդ հարցին լուծումը կը վստահի նախագահ Աունի իմաստութեան` աւելցնելով, որ տկարը դատական իշխանութեան կը դիմէ, մանաւանդ երբ արդարութեան նախարարութիւնը որոշ ուժի կը պատկանի:
Ժրայսաթի Պըրրիին Կ՛ըսէ. «Իրաւատէրը Արքայ Է Եւ Ոչ Թէ Տկար»
Արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի երէկ երեկոյեան պատասխանեց Պըրրիին` հաստատելով, որ արդարութեան նախարարութիւնը ամբողջ Լիբանանին կը պատկանի, եւ աւելցնելով, որ իրաւատէրը արքայ է եւ ոչ թէ տկար:
ՅԱՅՏՆԵՆՔ, որ նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ստորագրած շրջաբերականը կը վերաբերի այն սպաներուն, որոնք 1992-ին աւարտած են, սակայն երկու տարի ետք` 1994-ին սկսած են գործել` իբրեւ սպայ:
Նկատի ունենալով, որ իբրեւ այդպիսին 1992-ին աւարտող սպային աստիճանը բարձրացնելու հոլովոյթը (որ վեց տարին անգամ մը կը կատարուի) կ՛ուշանայ, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի իրենց շրջաբերականով աւարտական թուականը վերածած են 1993-ի` մէկ տարիով նուազեցուցած են, որպէսզի իրենց ծառայութեան տարիներու վաստակի իրաւունքը պահպանուի եւ տարի մը առաջ աշխատանքի սկսելու իբրեւ արդիւնք, տարի մը առաջ աստիճանի բարձրացում ստանալու իրաւունք ունենան:
Ըստ նախագահ Աունի, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի ստորագրութեան կարիք չկայ, որովհետեւ այդ շրջաբերականով հաստատուելիք օրէնքը ծախսեր չ՛ենթադրեր, եւ նախապէս նախընթաց ստեղծուած է եւ նման 6 պարագաներու վերաբերող օրէնքներ հաստատուած են: Եւ հետեւաբար ան բաւարար կը գտնէ, որ օրէնքը ստորագրուած ըլլայ իր, վարչապետին եւ պաշտպանութեան նախարարին կողմէ:
Պըրրիի համաձայն, այդ շրջաբերականը կ՛ենթադրէ ելեւմուտքի նախարարին ստորագրութիւնը:
Նկատի ունենալով հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն տեսակէտներուն տարբերութիւնը` վարչապետ Հարիրի ցարդ առկախած է պետական պաշտօնաթերթին մէջ այդ օրէնքին հրապարակումը: