Նախագահ Աուն Ստանձնեց Նոր Նշանակուած Դեսպաններու Լիազօրագիրները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան նիստին: Միւս կողմէ, երէկ նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ նոր դեսպան Ուալիտ Եաագուպը, Ֆիլիփեան կղզիներու դեսպան Պեռնարտիթա Քաթալան, Քորէայի դեսպան Միկել Փորթօ Փարկան, Մեքսիքոյի դեսպան Խոսէ Ինիասիօ Մատրազոն եւ Ֆիճիի դեսպան Մոսեսէ Թիկոյթոկան: Անոնք նախագահ Աունին յանձնեցին իրենց լիազօրագիրները: Լիազօրագիրներու եւ հաւատարմագիրներու ստանձնումի արարողութեան...




















