Ժոմպլաթ. «Լիբանանի Աբրահամեան Համաձայնութիւններուն Միանալուն Շուրջ Հանրաքուէի Գաղափարին Կը Զօրակցիմ»
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը նկատեց մեծ յաղթանակ մը: «Ատիկա չէի նախատեսեր, եւ այս է բոլոր բռնատէրներուն ճակատագիրը», ըսաւ Ժոմպլաթ: Ժոմպլաթ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին հարց տուաւ. «Իսրայէլեան դարաշրջան մուտք գործեցինք, սակայն ասիկա Իսրայէլի բոլոր պայմաններուն անձնատուութիւն եւ հիմնական պահանջ եղող երկու պետութիւններ լուծումէն հրաժարիլ կը նշանակէ՞»: Անոր համաձայն, Այսրյորդանանի ճակատագիրը Կազայի...



















