Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատի տապալումը նկատեց մեծ յաղթանակ մը: «Ատիկա չէի նախատեսեր, եւ այս է բոլոր բռնատէրներուն ճակատագիրը», ըսաւ Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ «Էմ.Թի.Վի.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին հարց տուաւ. «Իսրայէլեան դարաշրջան մուտք գործեցինք, սակայն ասիկա Իսրայէլի բոլոր պայմաններուն անձնատուութիւն եւ հիմնական պահանջ եղող երկու պետութիւններ լուծումէն հրաժարիլ կը նշանակէ՞»: Անոր համաձայն, Այսրյորդանանի ճակատագիրը Կազայի ճակատագիրին նման է, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջադրած ամէն պատրաստ լուծում անիրագործելի է:
Ան ըսաւ, որ Լիբանանը իր ճակատագիրը «երկու պետութիւններ» լուծումին չկապեց, սակայն կը գտնուի Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ, որ կը կարծէ, թէ եթէ Լիբանանի ճամբով պատգամ յղէ, կրնայ Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութիւն կատարել:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավարը ըսաւ, որ յստակ է, թէ 1949-ին մշակուած զինադադարի համաձայնութիւնը Լիբանան-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն հիմքն է, «ուստի զայն կը շրջանցե՞նք, եւ Իսրայէլի մօտ խաղաղութիւնը իմաստ ունի՞»:
«Լիբանանի` Աբրահամեան համաձայնութիւններուն միանալուն շուրջ հանրաքուէի գաղափարին կը զօրակցիմ», յայտարարեց Ժոմպլաթ:
Ժոմպլաթ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը հարաւային Լիբանանի մէջ ռազմավարական զէնքը գրաւելով հսկայական գործ կը կատարէ, «եւ կը մաղթեմ, որ բանակի հրամանատարը Ամերիկայի մէջ չընդունելու արարողակարգային խնդիրի հարցը չշարունակուի: Նաեւ կը մաղթեմ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմը հասկնայ, թէ Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը չի կրնար Լիբանանը կամ լիբանանցի շիիներու մէկ մասը օգտագործել իրանեան հիւլէական ծրագիրի կամ այլ բանի համար բանակցային դիրքը բարելաւելու համար»:


