ՖԻՆԻՒԼ-ը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, թէ չորեքշաբթի օր Կապոյտ գիծի երկայնքին պարեկութիւն կատարող խաղաղապահներ Սարտէ շրջանին մօտ իսրայէլեան «Մերքաւա» տիպի հրասայլի մը կողմէ կրակոցի ենթարկուած են. գնդացիրէ արձակուած 10 փամփուշտ զինուորներուն վրայէն անցած է, ապա անոնց մօտ արձակուած են 10-ական փամփուշտներով չորս այլ կրակոցներ:
«Խաղաղապահները ՖԻՆԻՒԼ-ի հաղորդակցութեան խողովակներով իսրայէլեան բանակէն պահանջեցին կրակոցը դադրեցնել», նշեց հաղորդագրութիւնը:
«Թէ՛ խաղաղապահները, թէ՛ իսրայէլեան հրասայլը այդ պահուն լիբանանեան հողերու վրայ էին, եւ բարեբախտաբար ոչ ոք վնասուեցաւ», շեշտեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:
ՖԻՆԻՒԼ նաեւ նշեց, որ իսրայէլեան բանակը նախապէս տեղեակ պահուած է պարեկութեան դիրքէն ու ժամկէտէն, ըստ Կապոյտ գիծին վրայ զգայուն նկատուող շրջաններու մէջ պարեկութեան ընթացքին որդեգրուած քայլերու:
«Խաղաղապահներուն վրայ կամ անոնց մօտ յարձակում գործելը Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի վտանգաւոր խախտում կը նկատուի: Ներկայ շատ զգայուն պայմաններուն մէջ, իսրայէլան բանակին կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու թշնամական վարմունքը եւ Կապոյտ գիծի երկայնքին կայունութեան վերականգնման համար գործող խաղաղապահ ուժերուն վրայ կամ անոնց մօտ յարձակումները», յայտարարեց ՖԻՆԻՒԼ-ը:


