. «ՏԻԱՐ» օրաթերթ. «Լը Տրիան պիտի մասնակցի «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի 19 դեկտեմբերի ժողովին եւ պիտի առաջարկէ կազմութիւնը «Մեքանիզմ»-էն բխած ամերիկեան կամ ֆրանսական նախագահութեամբ զինուորական յանձնախումբի մը, որուն պարտականութիւնը լիբանանեան բանակին կատարած գործողութիւնները հաստատելն է»:
. ՀԵՂԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆ մը «Անպա» օրաթերթին. «Միացեալ Նահանգները եռանդուն կերպով կը գործեն զսպելու համար Նեթանիահուն, որ ծարաւ է պատերազմի` փորձելով փախուստ տալ իր ներքին տագնապներէն, դատավարութենէն, եւ կը փորձէ օգտուիլ յաւելեալ ուժէն, որուն վրայ գրաւ կը դնէ երեք ճակատներուն վրայ, ուր կը փորձէ պատերազմ յառաջացնել»:
. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի Իսրայէլի զինուորական գործողութեան պատրաստուելու մասին արաբական ու միջազգային զգուշացումներուն մասին յայտարարածը տեղեկութիւն էր, եւ ոչ թէ` անձնական կարծիք կամ վերլուծում»:
. ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթի բացառիկ տեղեկութեան համաձայն, ամերիկեան կողմը խոստացած է Լիբանանին օգնել ուրբաթ, 19 դեկտեմբերին գումարուելիք ժողովի ընթացքին «Մեքանիզմ»-ի յանձնախումբի բանակցութիւնները յառաջ մղելու:
. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եգիպտոսի վարչապետի հինգշաբթի օր Պէյրութ այցելութիւնը պատերազմը ուշացնելու եւ Լիբանանը զինուորական բախումէ մը զերծ պահելու եգիպտական նոր փորձ մըն է»:
. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Տիար» օրաթերթին. «Պէյրութի լիբանանեան թղթածրարին մէջ օմանեան դերակատարութեան վրայ գրաւը տեղին է, որովհետեւ սուլթանութիւնը կարող է պատգամներ փոխանցել եւ Թեհրանի ու անոր հակառակորդներուն միջեւ անուղղակի հաղորդակցութեան կապեր հաստատել»:
. ԲԱՐԳԱՒԱՃՈՒՄ եւ ազատագրում երեսփոխանական պլոքէն աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հարուածի մօտենալուն մասին խօսակցութեան շատնալուն լոյսին տակ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ժրաջան աշխատանք կը տանի բախումներու, պատերազմի եւ տեղահանութեան ուրուականը հեռացնելու համար, որովհետեւ կացութիւնը կապուած է շրջանի իրադարձութեան, ուստի արձանագրուող զարգացումները կարելի չէ անտեսել»:
. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Բանակը Լիթանի գետի հարաւին մէջ իրեն վստահուած առաքելութեան վերջին փուլին հասաւ, եւ իր պարտականութիւնը կը կատարէ ամբողջական կերպով թշնամական արարքներու դադրեցման համաձայնութեան հիմամբ եւ բոլոր կողմերուն վկայութեամբ»:
. «ԱՍԱՍ». «Հազարապետ-զօրավար Շքէյր առնչակիցները դրաւ մթնոլորտին մէջ Իրաքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն, որոնց շարքին` Սուտանիի, հետախուզութեան պետին հետ: Այդ հանդիպումներուն ընթացքին հերքուեցաւ Իրաքը Հըզպալլային աջակցելէ զգուշացնող Պարրաքի խօսքը»:
. ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի նախկին խորհրդականներէն մէկը «Տիար» օրաթերթին. «Դատարկութիւնը շարքերը որբ ձգեց եւ տասնեակներով փոքր խմբաւորումներուն առիթ ընծայեց հրապարակ մուտք գործելու»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիի մթնոլորտը հոսանքի երթի շարունակումը կը հաստատէ, եւ ան կը գիտակցի, թէ այդ ժողովրդականութիւնը եւ Սաատ Հարիրիի նկատմամբ հաւատարմութիւնը տակաւին կանգուն են, հակառակ փոփոխութիւններուն»:
. «ՄՈՒՏՈՒՆ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, «հաստատուած է «Ժուտ» անուան տակ ելեւմտական նոր հաստատութիւն մը, որ առեւտրական աշխատանքի օրէնքին ենթակայ է եւ կը զբաղի ոսկիի մասնավճարով առուծախով, եւ «Քարտ Հասան»-ի փակումէն ետք զայն պիտի փոխարինէ` շարունակելու համար Հըզպալլայի ելեւմտական երթը»:


